«Արմէնփրէս»._ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի նստավայրին մէջ երէկ տեղի ունեցած է Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Եգիպտոսի Արաբական Հանրապետութեան նախագահներ Վահագն Խաչատուրեանի եւ Ապտուլ Ֆաթթահ Աս-Սիսիի առանձնազրոյցը, որուն յաջորդած է երկու երկիրներու պատուիրակութիւններուն հանդիպումը ընդլայնուած կազմով: Երկու երկիրներու նախագահներուն մասնակցութեամբ ստորագրուած են «Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան եւ Եգիպտոսի Արաբական Հանրապետութեան կառավարութեան միջեւ գիտական եւ ճարտարագիտական գործակցութեան մասին», «Ներդրումներու Աջակցման Կեդրոն» հիմնադրամի եւ «Եգիպտոսի Արաբական Հանրապետութեան ներդրումներու եւ ազատ առեւտուրի գօտիներու տնօրինութեան», «Հայաստանի Հանրապետութեան Կրթութեան, Գիտութեան, Մշակոյթի եւ Մարմնակրթութեան Նախարարութեան եւ Եգիպտոսի Արաբական Հանրապետութեան Երիտասարդութեան եւ Մարմնակրթութեան Նախարարութեան միջեւ ֆիզիքական մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան ոլորտի մէջ գործակցութեան մասին» փոխըմբռնումի յուշագրեր:
Աղբիւրին համաձայն, ՀՀ նախագահ Խաչատուրեան ողջունած է Ապտուլ Ֆաթթահ Աս-Սիսիի գլխաւորած պատուիրակութեան պաշտօնական այցելութիւնը Հայաստանի Հանրապետութիւն եւ յայտնած է, որ անիկա պատմական է։ Նախագահի խօսքին համաձայն, երկու երկիրներու ժողովուրդներուն բարեկամութիւնը կու գայ դարերու խորքէն, որ կը շարունակէ ամրապնդուիլ Հայաստանի եւ Եգիպտոսի կայուն յարաբերութիւններով: Ողջունելով պաշտօնակիցը, նախագահ Խաչատուրեան յայտնած է նաեւ, որ Եգիպտոսի բարեկամ ժողովուրդը առաջիններէն էր, որ ապաստան տուաւ Օսմանեան կայսրութեան մէջ Ցեղասպանութեան վայրագութիւններէն փրկուած հազարաւոր հայերու եւ աշխարհասփիւռ հայ ժողովուրդը երբեք պիտի չմոռնայ այն հիւրընկալութիւնը, որ մեր հայրենակիցներուն ցուցաբերուեցաւ: Նախագահի խօսքին համաձայն, եգիպտահայ համայնքը դարձած է բարեկամ երկիրները իրար կապող կարեւորագոյն կամուրջներէն մէկը։

Նշուած է, որ, ընդլայնուած կազմով հանդիպումին ընթացքին նախագահ Վահագն Խաչատուրեան ողջունելով Ապտուլ Ֆաթթահ Աս-Սիսին եւ պատուիրակութեան անդամները, յատկապէս ըսած է. «Ուրախ ենք ձեզ հիւրընկալելու Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ: Անձամբ ես ուրախ եմ ձեզ հիւրընկալելու Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի նստավայրին մէջ: Սա պատմական իրադարձութիւն է. Եգիպտոսի նախագահը առաջին անգամ պաշտօնական այցելութեամբ ժամանած է Հայաստան: Շնորհակալութիւն:
Մենք հպարտ ենք, որ Դուք այստեղ էք: Մեր առանձնազրոյցի ընթացքին իրարու ներկայացուցինք նաեւ մեր անհանգստութիւնները: Պարոն նախագահը ներկայացուց Եգիպտոսի եւ տարածաշրջանային որոշ հարցեր: Ես ներկայացուցի մեր տարածաշրջանային եւ Հայաստանի Հանրապետութեան հարցերը:
Գաղտնիք չէ, որ Եգիպտոսը իր տարածաշրջանին մէջ գերտէրութիւն է եւ յայտնի է նաեւ, որ միջնորդական առաքելութեան մեծ փորձ ունի եւ, որ ամենակարեւորն է՝ խաղաղութեան գաղափարախօսութիւն իրականացնող, հարեւաններու հետ խաղաղ ապրելու, խաղաղ գոյակցելու գաղափարախօս երկիր է: Այս առումով մենք շատ նման ենք իրարու, որովհետու Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքականութիւն է այդպիսին՝ հասնելու տարածաշրջանի մէջ խաղաղութեան, հարեւաններու հետ ապրելու խաղաղ, բարեկեցիկ կեանքով: Համոզուած եմ, որ մենք եւս Եգիպտոսի փորձի կարիքը ունինք»:

Անգամ մը եւս շնորհակալութիւն այցելութեան համար: Վստահ եմ, որ այսօրուան մեր հանդիպումները արդիւնաւէտ պիտի ըլլան եւ պիտի նպաստեն մեր երկու երկիրներու յարաբերութիւններու զարգացման»:

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկացումով, նախագահ Խաչատուրեան կարեւոր համարած է հայ-եգիպտական առեւտրատնտեսական կապերու զարգացման ներուժի ամբողջական օգտագործումը՝ գիւղատնտեսութեան, բարձր ճարտարագիտութեան եւ զբօսաշրջութեան ոլորտներուն մէջ։

Եգիպտոսի նախագահ Ապտուլ Ֆաթթահ Աս-Սիսին իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնած է ջերմ ընդունելութեան համար եւ կարեւոր համարած է հայ-եգիպտական բազմաշերտ գործակցութիւնը յառաջ մղելու անհրաժեշտութիւնը՝ առեւտրատնտեսական, դիւանագիտական յարաբերութիւններու զարգացման ուղղութեամբ: Իր խօսքին մէջ Եգիպտոսի նախագահը դիտել տուած է, որ Եգիպտոս նոյնպէս առնչուած է տարածաշրջանային հակամարտութիւններուն եւ իր կարգին պատրաստակամ է մատչելի ջանքերը ներդնելու հայ-ատրպէյճանական հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման համար: