30 Յունուարին Հոլանտայի մէջ Ատրպէյճանի դեսպանատունը Ատրպէյճանի արտաքին գործոց փոխնախարարին հանդիպելու հարցով դիմած է Հոլանտայի խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու հարցերու յանձնաժողովին, սակայն յանձնաժողովը մերժած է դիմումը:
Յանձնաժողովին հրապարակած փաստաթուղթին մէջ ըսուած է, որ միայն խորհրդարանի DENK խմբակցութիւնը կողմ եղած է առաջարկին, CDA խմբակցութիւնը յայտնած է, որ չի կրնար մասնակցիլ գործընթացին, այլ խմբակցութիւններէն ոչ մէկ արձագանգ եղած է։

Յանձնաժողովէն յայտնած են, որ հանդիպումին համար մեծամասնութիւն չէ ապահովուած, եւ ոչ մէկ հանդիպում կը նախատեսուի Ատրպէյճանի արտաքին գործոց փոխնախարար Էլնուր Մամետովի հետ եւ այդ մասին պիտի տեղեկացուի Ատրպէյճանի դեսպանատունը: