Երեքշաբթի, 31 Յունուարը,
Արցախի կառավարութեան տեղեկագիրին համաձայն, շրջափակման 51-րդ օրն է։

_Կարմիր Խաչի միջնորդութեամբ 19 մարդիկ Արցախէն տեղափոխուած են Հայաստան՝ իրենց ընտանիքներուն վերամիանալու համար։

Արցախէն Հայաստան հիւանդներու եւ շրջափակման պատճառով ընտանիքներէն բաժնուած անձերու տեղափոխումը կը շարունակուի բացառապէս Կարմիր Խաչ Միջազգային Կոմիտէի միջնորդութեամբ եւ ուղեկցութեամբ։

_Արցախի պետական նախարար, գործնական շտապի պետ Ռուբէն Վարդանեան Ստեփանակերտի տարբեր թաղամասերու մէջ հանդիպումներ ունեցած է բնակչութեան հետ:

Անցեալ շաբթուան ընթացքին համայնքներու, Ստեփանակերտի մէջ հանրային հանդիպումներու ընթացքին Ռուբէն Վարդանեան խօսած է այն մարտահրաւէրներուն եւ հարցերուն մասին, զորս կը դիմագրաւեն պետութիւնն ու հասարակութիւնը ատրպէյճանական շրջափակման հետեւանքով:

Հանդիպումներուն մասնակիցները վստահեցուցած են, որ ոչ մէկ շրջափակում կրնայ կոտրել հայրենի հողին վրայ իրենց արժանապատիւ կեանքը շարունակելու հաստատակամութիւնը: