ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի Կեդրոնական գրասենեակի յատուկ ծրագիրներու պատասխանատու Գէորգ Ղուկասեան 19 Յունուարին հանդիպած է Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Ղազարեանին եւ անոր փոխանցած է Հայ Դատի Ամերիկայի յանձնախումբի Փասատինայի տեղական ենթայանձնախումբի կողմէն ուղարկուած Փասատինայի քաղաքապետ Վիքթոր Կորտոյի Արցախի ժողովուրդին եւ անոր պայքարի զորակցութեան յայտարարութիւնը։ 22 Դեկտեմբեր 2022_ի յայտարարութեամբ քաղաքապետը կ’անդրադառնայ 2020_ի Սեպտեմբերին Արցախի Հանրապետութեան նկատմամբ սանձազերծուած պատերազմին, Արցախի Հանրապետութեան շրջափակումին, հասունցող մարդկային ճգնաժամին, ինչպէս նաեւ Փասատինայի հայ համայնքին՝ Ցեղասպանութեան զոհերու սերունդները ըլլալու հանգամանքին։

Քանատա

ՀՅԴ Հայ Դատի Քանատայի յանձնախումբի տևեւական աշխատանքներուն հետեւանքով 25 Յունուարին Քանատայի Համայնքներու պալատի արտաքին յարաբերութիւններու եւ միջազգային զարգացման մշտական յանձնաժողովը գումարած է երկու առանձին նիտեր։

Նիստերը գումարուած են համաձայն յանձնաժողովի կողմէն նախորդ շաբաթ միաձայնութեամբ ընդունուած որոշումը, որուն նախագիծը ներկայացուած էր «Քուեպեքի պլոկ» խմբակցութեան անդամ Սթեֆան Պերկերոյի կողմէն, որ պահանջած էր նուազագոյնը երեք հանդիպում, որոնց ընթացքին յանձնաժողովի անդամները կարելիութիւն կ’ունենան լսելու Արցախի Հանրապետութիւնը ներկայացնող անձերը, ինչպէս նաեւ փորձագէտները եւ քանատահայ համայնքի ներկայացուցիչները։

Քանատական խորհրդարանին մէջ տեղւոյն ու նիստերու բացառիկ բնոյթն ու պատմականութիւնն է, որ առաջին անգամ Արցախի Հանրապետութեան պետական ներկայացուցիչները հանդէս եկան քանատական խորհրդարանին առջեւ եւ ներկայացուցին Արցախի բնակչութեան պայքարը յանուն արժանապատիւ կեանքի։ Առաջին հանդիպումին մասնակցած են ՀՅԴ Հայ Դատի Քանատայի յանձնախումբի համանախագահ Շահէն Միրաքեան, դոկտոր Թալին Փափազեան, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Քանատայի Արցախի Հանրապետութեան ներկայացուցիչ Ռոպերթ Աւետիսեան եւ Արցախի մարդու իրաւունքներու պաշտպան Գեղամ Ստեփանեան։ Երկրորդ հանդիպումին մասնակցած են «Միջազգային ճգնաժամային խումբի» Հարաւային Կովկասի հարցերու ավագ վերլուծաբան Օլեսիա Վարդանեան եւ Վինտսորի համալսարանի իրաւունքի պմփրոֆեսոր Քրիսթոֆըր Ուոտըրս։

Հրաւիրեալները, իւրաքանչիւրը իր բաժինով, հանգամանօրէն անդրադարձած են ստեղծուած իրավիճակին։ Կարեւոր համարուած է Քանատայի կողմէն Ատրպէյճանի վրայ միջազգային ճնշումի իրականացումը, որպէսզի վերջ տայ իր ցեղասպան քաղաքականութեան։

Արցախի Հանրապետութեան ներկայացուցիչները յանձնաժողովի անդամներուն ներկայացուցած են իրական փաստեր՝ առնչուած մարդասիրական ծանր հետեւանքներուն եւ Ատրպէյճանի ցեղասպանական յարձակումի հետեւանքներուն հետ, ինչպէս նաեւ Արցախի Հանրապետութեան առաջնահերթութիւններն ու ազատ ու անկախ կեանքի տեսլականը։

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ

ԱՄՆ ծերակուտականներ Պոպ Մենենտես եւ Ճեք Ռիտ՝ համապատասխանաբար Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու զինուորական հարցերու յանձնաժողովներու նախագահները, 13 Յունուարին կոչ ուղղած են Պայտընի վարչակազմին հրատապ օգնութիւն ուղարկելու Արցախ եւ ուժեղացնել ճնշումը Ատրպէյճանին վրայ՝ վերացնելու իրենց հայրենիքին մէջ 120․000 հայերու շրջափակումը։

ԱՄՆ Քոնկրեսի հայկական խումբի համանախագահներ Ֆրանք Պալոն, Կուս Պիլիրաքիս, Ատամ Շիֆ, Դաւիթ Ուալաթաօն եւ ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու պալատի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի աւագ անդամ Պրետ Շերման 28 Յունուարին շրջանառութեան մէջ դրած են երկկուսակցական բանաձեւի նախագիծ՝ նպատակ ունենալով վերջ տալ Ատրպէյճանի կողմէն Արցախի շրջափակման։ Բացի Ատրպէյճանի գործողութիւնները խստօրէն դատապարտելէ, բանաձեւին նախագիծը նաեւ կը նախանշէ որոշակի գործողութիւններու շրջանակ, որոնք Միացեալ Նահանգները կրնայ ձեռնարկել՝ ստեղծուած իրավիճակը հանգուցալուծելու համար։

Հայ Դատի Ամերիկայի յանձնախումբին առաջնորդութեամբ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն մէջ ձեւաւորուած է “Save Karabakh” դաշնութիւն։Այս նախաձեռնութեան յաջորդած է ԱՄՆ Քոնկրեսին մէջ Արցախի շրջափակման ատրպէյճանական քաղաքականութիւնը դատապարտող երկկուսակցական բանաձեւի շրջանառութեան մէջ դնելը: Յիշեալ դաշնութեան մասին յայտարարութիւնը կատարուած է 27 Յունուարին Քափիթոլիումի բարձունքին վրայ տեղի ունեցած ասուլիսի ընթացքին։ Ասուլիսին մասնակցած են ԱՄՆ կրօնական ազատութեան հարցերու նախկին դեսպան, ծերակուտական Սեմ Պրաունպեք, ԱՄՆ-ի Արցախի ներկայացուցիչ Ռոպերթ Աւետիսեան, Հայ Դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչներ։ Մասնակցած են նաեւ դաշնային կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ` յատկապէս «Միջազգային եւ կառավարական հարցերու անգլիական գրասենեակէն», Պարոնուհի Քերոլայն Քոքսի կողմէն հիմնադրուած «ՀԱՐԹ կազմապերպութենէն», «Խոցելի ժողովուրդներոի նախագիծէն», “Genocide watch”-էն, «Յունա-ամերիկեան առաջնորդութեան խորհուրդէն», «Ի պաշտպանութիւն քրիստոնեաներու» եւ այլ կազմակերպութենէն։ Դաշնութեան միացած կազմակերպութիւններուն ընդհանուր թիւը քսան է։

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի արագ արձագանգումի համակարգին միջոցով նախագահ Պայտընին, փոխնախագահ Քամալա Հարիսին, USAID-ի ղեկավար Սամանթա Պաուերին, եւ ԱՄՆ Ծերակոյտի եւ Ներկայացուցիչներու պալատի երկկուսակցական ղեկավարութեան ուղարկուած է աւելի քան 250 000 հաղորդագրութիւն, որոնցմէ պահանջուած է ԱՄՆ-ի աջակցութիւնը Արցախի շրջափակման յաղթահարման համար:

Հարաւային Ամերիկա

ՀՅԴ Հայ Դատի Հարաւային Ամերիկայի յանձնախումբը 26 Յունուարին հանդիպում ունեցած է Արժանթինի արտաքին գործոց նախարար Սանտթիակօ Քաֆիերոյի հետ եւ ներկայացուցած է ատրպէյճանական յանցագործ քաղաքականութեան հետեւանքով Արցախի մէջ ստեղծուած մարդկային իրավիճակը։ ՀՅԴ Հայ Դատի յանձնախումբի պատասխանատուները արժանթինական կառավարութենէն զօրակցութիւն եւ ճանապարհի ապաշրջափակման պահանջ կ’ակնկալեն։ Հանդիպումին արժանթինական կողմէն նաեւ մասնակցած են արտաքին քաղաքականութեան փոխքարտուղար, դեսպան Քլաուտիօ Ռոզենցվայկ եւ եւրոպական հարցերու նախարար Փապլօ Փինեյրօն։

Եւրոպա

16 Յունուարի երեկոյեան գումարուած է ՀՅԴ Հայ Դատի Եւրոպայի յանձնախումբերու առցանց խորհրդակցական ժողով, որուն ընթացքին քննարկուած է Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներու ու Մեծ Բրիտանիոյ մէջ Հայ Դատի յանձնախումբերու աշխատանքներուն ներկայ փուլը՝ պայմանաւորուած Ատրպէյճանի կողմէն Արցախին պարտադրուած ամբողջական շրջափակումով։ Հանդիպումի ընթացքին քննարկուած են յանձնախումբերուն աշխատանքը Արցախի մէջ ստեղծուած մարդկային իրավիճակին եւ Ատրպէյճանի ցեզային զտումներ հետապնդող քաղաքականութեան մասին իրազեկուածութեան բարձրացման համար։ Կարեւոր համարուած են Արցախի համար միջազգային զօրակցութեան ապահովման ու Ատրպէյճանին նկատմամբ միջազգային ճնշումներու ուժեղացման միտուած աշխատանքները։
19 Յունուար 2023-ին Եւրոպական Խորհրդարանը իր լիագումար նիստին ընդունած է «Լեռնային Ղարաբաղի մէջ շրջափակման մարդկային հետեւանքները» բանաձեւ, որով խորհրդարանը արձանագրած է շրջափակման հետեւանքով Արցախի մէջ ստեղծքւած մարդկային հետեւանքները։ Եւրոպական Խորհրդարանը Ատրպէյճանին յորդորած է յարգել եւ իրականացնել 9 Նոյեմբեր 2020_ի եռակողմ յայտարարութեամբ ստանձնած պարտաւորութիւնները եւ անյապաղօրէն վերաբանալ Լաչինի միջանցքը։
31 Յունուարին Պելճիքայի Դաշնային Խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու յանձաժողովը միաձայն ընդունուած բանաձեւով դատապարտած է Ատրպէյճանի կողմէն Արցախի արգելափակումը եւ կոչ ուղղած է անյապաղօրէկ բանալու միջանցքը:

Աւստրալիա

Աւստրալիական Ուիլապիի եւ Ռայտի քաղաքապետներ Թանիա Թեյլըր եւ Սարգիս Եէտելեան 12 Յունուարին կոչով դիմած են արտաքին գործոց նախարար Պեննի Ուոնկին՝ Ատրպէյճանէն պահանջելու ապաշրջափակել Բերձորի մարդկային միջանցքը։

Մեծ Բրիտանիա

Հայ Դատի Մեծ Բրիտանիոյ յանձնախումբի կողմէն՝ բրիտանական հասարակական քաղաքական շրջանակներուն մէջ ատրպէյճանական յարձակումի բարձրաձայնումին եւ բրիտանական կառավարութեան գործնական քայլերու դրդելու ուղղութեամբ տարուած են էական աշխատանքներ։ Անոնց հետեւանքով բազմաթիւ խորհրդարանականներ հանդէս եկած են Արցախին սատարող եւ ատրպէյճանական յարձակումը դատապարտող յայտարարութիւններով, դիմած են կառավարութեան՝ գործադրելու գործնական քայլեր։

Տարբեր առիթներով Արցախի մէջ ստեղծուած իրավիճակին մասին յայտարարութեամբ հանդէս եկած են պարոնուհի Քերոլայն Քոքս, Թիմ Լոտն, Լորտ Ալթոն, Լորտ Մաք Քոլնես, Սթեֆան Տոտին, Քրիս Լօն, Ալեքս Սոպել, Ճեսիքա Մորտըն, Ֆիոնա Պրիւս, Քովենթրիի եպիսկոպոս Ռոման Ուիլիըմս և այլօք։

Հայ Դատի Մեծ Բրիտանիոյ յանձնախումբի փոխանցումով, 24 Յունուարին Արցախի անօրինական շրջափակման հարցով Ուեսթմիսթըրեան պալատին մէջ տեղի ունեցած խորհրդարանական քննարկումին հետեւանքով Մեծ Բրիտանիոյ արտաքին քարտուղարի ներկայացուցիչ Տեյւիթ Ռութլին յայտնած է, որ կառավարական ֆինանսաւորումով գործող “The Start Fund” ոչ կառավարական կազմակերպութիւնը 350․000 ֆունտ սթերլինկ յատկացուցած է Լաչինի միջանցքի փակումէն տուժածներուն համար։ Խորհրդարանական յիշեալ քննարկումի ընթացքին, որուն մասնակցած էր նաեւ Հայ Դատի Մեծ Բրիտանիոյ յանձնախումբի նախագահ Անէթ Մոսքոֆեան, ելոյթ ունեցած էին, ատրպէյճանական յարձակումը դատապարտելու եւ բրիտանական կառավարութենէն որոշակի գործողութիւններ պահանջելու աւելի քան մէկ տասնեակ օրէնսդիրներ։ Անոնք բրիտանական կառավարութենէն, ի թիւս այլնի, պահանջած էին մարդկային օժանդակութիւն տրամադրել Արցախին, որուն ի պատասխան արտաքին քարտուղարի ներկայացուցիչը յայտարարած էր սոյն յատկացումին մասին։

Հայ Դատի Մեծ Բրիտանիոյ յանձնախումբը, որ տեւական աշխատանք կատարած էր 24 Յունուարի քննարկումը կարելի դարձնելու համար, կը շարունակէ բրիտանական հասարակական-քաղաքական շրջանակներուն հետ աշխատանքները՝ Արցախի մէջ ստեղծոիած իրավիճակի հանրահռչակման եւ բրիտանական պետութեան կողմէն Ատրպէյճանին վրայ ճնշումներուն հասնելու համար։

Կիպրոս

ՀՅԴ Հայ Դատի Կիպրոսի յանձնախումբի նախագահ Յակոբ Ղազանչեան եւ Կիպրոսի Արցախի բարեկամներու խումբի անդամ, Կիպրոսի բանասէրներու միութեան նախագահ Քիրիաքոս Փարրիս 28 Յունուարին միացած են Լիմասոլի հայ համայնքի կողմէն կազմակերպուած բողոքի ցոյցին՝ ի պաշտպանութիւն Արցախի ժողովուրդին։ Ղազանչեան, Փարրիս եւ տեղւոյն Դաշնակցական կառոյցի կողմէն՝ Թորոս Փիլիպոսեան հանդէս եկած է ելոյթներով։ Այս ցոյցը Լիմասոլի հայ համայնքի պատմութեան մէջ առաջին բողոքի գործողութիւնն էր։

Կեդրոնական խորհուրդ