ՏԵՂԱԿԱՆ
ԼՈՒՐԵՐ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԷՆ
-Սուրիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 10-րդ փուլ մրցումներու շրջագիծին մէջ, Հոմսի մէջ Քարամէ եւ Ճապլէխումբերուն միջեւ տեղի ունեցած հանդիպումին, որ մինչեւ աւելցուած վայրկեաններուն 0 – 0 հաւասար արդիւնքով կ’ընթանար,  իրաւարարը տուգանային հարուած մը տրամադրեց Ճապլէին, որուն հետեւանքով Քարամէի խաղացողներն ու պատասխանատուները բողոքեցին եւ մերժեցին շարունակել հանդիպումը: Ֆութպոլի Դաշնութիւնը Կիրակի օր արտակարգ հանդիպումի մը ընթացքին 3 – 0 արդիւնքով պարտական նկատեց Քարամէն եւ պատժական տնօրինումներ սահմանեց խումբի պատասխանատուին եւ կարգ մը խաղացողներուն նկատմամբ: Հալէպի մէջ Իթթիհատը 1-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Մաճըտը, իսկ Ճէյշը 2-0 արդիւնքով յաղթեց Թալիաային: Իթթիհատն ու Ճէյշը 19 կէտով գրաւեցին աղիւսակին առաջին դիրքը:
-Իմարաթի մէջ տեղի ունեցած ուսումնամարզական հաւաքին ընթացքին, Սուրիոյ ֆութպոլի երիտասարդական հաւաքականը բարեկամական մրցում մը կատարելով 2 – 1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Չինաստանը: Զոյգ խումբերուն միջեւ տեղի ունեցած առաջին հանդիպումը աւարտեցաւ 1 – 0 արդիւնքով՝ ի նպաստ Չինաստանին:
-Քարամէի պասքեթի տղոց խումբի մարզիչ Ազզամ Հուսէյն սրտի տագնապի հետեւանքով տեղափոխուեցաւ հիւանդանոց: Ըստ ակումբին, Ազզամի վիճակը մտահոգիչ չէ, բայց ան հանգիստի կարիք ունի:
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ
ՏԵՄՊԵԼԷՆ ԾԱՆՐ ՎՆԱՍՈՒԱԾՔ ԿՐԵՑ
Պարսելոնայի  ֆրանսացի կիսապաշտպան Օսման Տեմպելէն Շաբաթ օր Ճիրունայի հետ տեղի ունեցած հանդիպումին  ծանր վնասուածք մը կրելով դուրս եկաւ դաշտէն: Ըստ սպանական AS օրաթերթին, Տեմպելէ մօտ մէկ ամիս պիտի բացակայի խաղերէն: Ակումբի բժիշկներուն համաձայն, Տեմպելէ պիտի բացակայի նաեւ «Իւրոփ-լիկ»-ի 1 – 16 եզրափակիչի Մանչէսթըր Իւնայթըտի զոյգ հանդիպումներէն: Սպանիոյ ընթացիկ առաջնութեան Ֆրանսացի խաղացողը մաս կազմած է 18 հանդիպումի եւ նշանակած է հինգ կոլ: Աւելցնենք, որ Պարսելոնան 1 – 0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Ճիրունան:
ՆՈՎԱՔ ՃԻՈՔՈՎԻՉ ԱՒՍՏՐԱԼԻՈՅ ԹԵՆԻՍԻ ԱԽՈՅԵԱՆ ՀԱՆԴԻՍԱՑԱՒ
Կիրակի օր Աւստրալիոյ թենիսի մրցաշարքի ախոյեանութեան աւարտին,  սերպ թենիս խաղացող Նովաք Ճիոքովիչը իր պատմութեան մէջ 10-րդ անգամ ըլլալով կրցաւ ձեռք ձգել Աւստրալիոյ ախոյեանութեան տիտղոսը՝ պարտութեան մատնելով յոյն խաղացող Սթեֆանոս Ցիցիպիասը: երկու ժամ 56 վայրկեան տեւող հանդիպումին, Նովաք կրցաւ յաղթական աւարտել բոլոր փուլերը՝ 6 – 3/ 6 – 7 / 6 – 7 արդիւնքով: Սոյն արդիւնքով Նովաք հաւասարեցաւ սպանացի մարզիկ Ռաֆայէլ Նատալին, որպէս ամէնէն շատ Կրանտ Սլամի մրցանակիր, 22 տիտղոսներով:
Պատրաստեց Ռաֆֆի Սիւլահեան