Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը շաբաթավերջին հրապարակեց յայտարարութիւն մը` վերջերս իրավիճակի սրումին գծով Ատրպէյճանի կողմէ ձեռնարկուած քայլերուն գծով:

Հայաստան կտրականապէս կը դատապարտէ իրավիճակի սրման ուղղութեամբ վերջին երեք օրերու ընթացքին Ազրպէյճանի կողմէ  ձեռնարկուած միտումնաւոր քայլերը, ինչ որ դրսեւորուած է սեփական կորուստներու վերաբերեալ կեղծ տեղեկատուութեան տարածումով, Հայաստանի ղեկավարներու հասցէին ֆիզիքական բռնութեան վերաբերեալ Ազրպէյճանի խորհրդարանին մէջ իշխող կուսակցութեան ներկայացուցիչներուն կողմէ հրապարակայնօրէն հնչած ուղղակի կոչերով եւ զինադադարի դրութեան խախտումներու զգալի աճով, ինչ որ յանգեցուց Արցախի պաշտպանութեան բանակի զինուոր Սիփան Մելքոնեանի սպանութեան: Ատրպէյճանի այս գործողութիւնները տեղի ունեցած են այն բանէն ետք, երբ 30 Մայիսին ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները հանդէս եկան առաւելագոյնս զսպուածութիւն ցուցաբերելու եւ լարուածութենէ խուսափելու վերաբերեալ կողմերուն ուղղուած կոչով:

Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը կը նշէ, որ այս վերջին զարգացումները մարտահրաւէր կը նետեն ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու հովանիին ներքեւ Հայաստանի եւ Արցախի կողմէ գործադրուող կառուցողական ջանքերուն` ուղղուած տագնապի խաղաղ լուծման ու անոր նպաստող միջավայրի ձեւաւորման, եւ կը հանդիսանան լուրջ ետքայլ վերջին ամիսներուն ընթացքին ձեռնարկուած բոլոր ջանքերէն:

Ատրպէյճանի դատապարտելի այս գործողութիւնները, շուտափոյթ կերպով չդադրելու պարագային, կրնան լուրջ խոչընդոտ դառնալ լուծման հոլովոյթի շրջագիծին մէջ հետագայ քայլերուն համար: Անոնք նաեւ հարցականի տակ կը դնեն Ատրպէյճանի վստահելիութիւնը եւ անոնց կարողութիւնը հաւատարիմ մնալու զինադադարին. լուծումը այլընտրանք չունի, որուն համար զինադադարի խստագոյն պահպանումը էական պայման է:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր խորին ու անկեղծ ցաւակցութիւնը կը յայտնէ Արցախի պաշտպանութեան բանակի ժամկէտային զինուոր Սիփան Մելքոնեանի ընտանիքին եւ հարազատներուն: