ՏԵՂԱԿԱՆ
ԼՈՒՐԵՐ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԷՆ
– Սուրիոյ մարզական գերագոյն մարմինն ու մարզական դաշնութիւնները ցաւակցական հեռագիրներ ստացան միջազգային երկիրներու մարզական այլ պատասխանատուներու եւ գրասենեակներու կողմէ, ինչպէս նաեւ անոնք իրենց մարդասիրական օժանդակութիւնները ուղղեցին Սուրիա:
– Սուրիոյ ֆութպոլի Ա- հաւաքականը Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ Մարտ 25 -ին եւ 28-ին բարեկամական մրցումներ պիտի կատարէ Թայլանտի եւ Պահրէյնի կազմերուն հետ: Այս առաջին հաւաքը պիտի ըլլայ նորանշանակ մարզիչ Հեքթոր Քուփորին:
– Սուրիոյ պասքեթի աղջկանց U-16-ի հաւաքականը Իրաքի մէջ կայացած Արեւմտեան Ասիոյ մրցաշարքի աւարտին յաջողեցաւ պարտութեան մատնել Լիբանանի կազմին եւ տիրանալ ախոյեանութեան:
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ
ՓԱՐԻԶ ՍԱՆ ԺԵՐՄԱՆԸ ՄՈՐԻՆԻՈՅԻՆ ՀԵՏ ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ԿԸ ԿԱՏԱՐԷ
Ֆրանսայի ախոյեան ՓՍԺ-ի մարզական տնօրէն Լուիշ Կամպուշը բանակցութիւն կը կատարէ իտալական  Ռոմայի Փորթուկալցի գլխաւոր մարզիչ Ժոզէ Մորինիոյի հետ փարիզեան ակումբի գլխաւոր մարզիչի պաշտօնը ստանձնելու համար, փոխարինելու ֆրանսացի Քրիստոֆ Գալտիէին: Ֆրանսական Footmercato-ը յիշեց թէ ֆրանսական ակումբը Ռոմայի ղեկավարւթեան հետ այս հարցով բանակցութիւն չէ կատարած եւ ըստ պայմանագրին, Մորինիոյի ժամանակաշրջանը իտալական խումբին հետ կաւարտի 2024-ի կէսին:  Փարիզ Սան Ժերմանի մարզական պատասխանատուն արտայայտուեցաւ թէ Քրիստոֆ Գալտիէն կրնայ հեռացուիլ փարիզեան խումբէն  արդէն յաջորդ ամիս, եթէ չկարողանայ խումբը հասցնել  Չեմփիընզ Լիկի 1/8 եզրափակիչ  յաղթելով  Գերմանիոյ ախոյեան Պայէրն  Միւնէխին: Փարիզի մէջ տեղի ունեցած առաջին խաղին ՓՍՃ-ն 1 – 0 արդիւնքով զիջեցաւ գերմանական խումբին, եւ անոնց դարձի հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ Մարտ 8-ին Գերմանիոյ մէջ:
ՌԷԱԼ ՄԱՏՐԻՏԸ ՊԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ՄԱՏՆԵՑ ՕՍԱՍՈՆԱՅԻՆ
Սպանիայի առաջնութեան 22-րդ հանգրուանի մրցումներուն մայրաքաղաքի Ռէալ Մատրիտը  յաջղեցաւ 2 – 0 արդիւնքով պարտութեան մատնել հիւրընկալ Օսասոնային: Իտալացի Գարլօ Անչելոթիի գլխաւորած խումբը  78-րդ վայրկեանին պրազիլցի Վինիսիուս Ժունիորի կողմէ փոխանցուած գնդակը ստանալով Վալվէրտին կրցաւ նշանակել առաջին կոլը. 89-րդ վայրկեանին  Վինիսիուս Ժունիորը կրցաւ ցնցել մրցակիցին դարպասը, բայց իրավարարը VAR-ի միջամտութիւնէ ետք չեղեալ նկատեց կոլը, որմէ երկու վայրկեան ետք Մարքօ Ասէնսիոն կրկնապատկեց արդիւնքը եւ հանդիպումը աւարտեցաւ 2 – 0 ի նպաստ :
Պատրաստեց Ռաֆֆի Սիւլահեան