Անթիլիասի Մայրավանքի կիրակնօրեայ դպրոցին կողմէ, Հալէպի «Ս. Սահակ-Ս. Մեսրոպ», Քեսապի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ եւ Լաթաքիոյ Ս. Աստուածածին
եկեղեցւոյ կիրակնօրեայ դպրոցներու բողբոջ դասարանէն մինչեւ երկրորդ կարգի աշակերտներուն նուէրներ (պայուսակներ) բաշխուեցան:

Արդարեւ, հայրական օրհնութեամբ՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեանի, Շաբաթ, 4 Մարտ 2023-ին, գլխաւորութեամբ Հալէպի «Ս. Սահակ-Ս. Մեսրոպ» կիրակնօրեայ դպրոցի ընդհ. տեսուչ Արժ. Տ. Զարեհ Քհնյ. Շաքարեանի, բողբոջ դասարանէն մինչեւ երկրորդ
կարգի աշակերտներուն բաշխուեցան նուէրները (պայուսակները), որոնք ուրախութիւն պատճառեցին երկրաշարժին վախը ապրող սիրելի՛
աշակերտներուն:

Այս առիթով, ի խորոց սրտի շնորհակալութիւն կը յայտնենք Անթիլիասի Մայրավանքի կիրակնօրեայ դպրոցի տեսչութեան եւ ողջ անձնակազմին, իրենց ցուցաբերած սիրոյ եւ եղբայրասիրութեան արտայայտութեան համար: