Անցնող շաբաթներուն լիբանանահայութիւնը անսալով «Արտակարգ Իրավիճակներու Մարմին-ԿԱՄՔ»-ի կոչին, փութաց «Շաղզոյեան» կեդրոն եւ իր գործնական զօրակցութիւնը յայտնեց երկրաշարժէն աղէտահար դարձած սուրիահայութեան։

Լիբանանի տարբեր շրջաններէն մեծ թիւով հայորդիներ, աշակերտներ, երիտասարդներ մասնակից դարձան այս երախտաշատ աշխատանքին։
Այսօր առաւօտ, «Շաղզոյեան» կեդրոնէն մեկնարկեց օժանդակութեանց փոխադրութիւնը դէպի Հալէպ։ Այս առիթով նաեւ Կեդրոնական Կոմիտէի պատուիրակութիւն մը իր կարգին կ՛այցելէ Հալէպ, հանդիպում ունենալու համար տեղւոյն պատասխանատու մարմիններուն հետ եւ աւելի իրազեկ դառնալու յետ երկրաշարժի համայնքի իրավիճակին։
Նոյն բեռնակառքով կ’առաքուի նաեւ «Ճինիշեան» հիմնարկի հաւաքած նպաստը: