Այսօր՝ Չորեքշաբթի, 15 Մարտի առաւօտուն, Բերիոյ Հայոց Թեմի Նպաստից Մարմինը սկսաւ մեր ժողովուրդի զաւակներուն բաշխել երկրաշարժի յաջորդող օրերուն հասած մարդասիրական օժանդակութիւնները։

Օժանդակութիւնները պիտի բաշխուին մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակներուն, հանգրուանաբար, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ սրահէն ներս։