20 Մարտին Մոսկուայի մէջ Ռուսիոյ եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարները պիտի քննարկեն Բերձորի միջանցքի իրավիճակին կարգաւորումը, ինչպէս նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի գ։ ով երկկողմ հանաձայնութիւններու գործնականացումը:

Այս մասին, ըստ ռուսական լրատուամիջոցներուն, տեղեկացուցած է Ռուսիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովան:

«Մենք կ՛ակնկալենք, որ յառաջիկայ հանդիպումը կը նպաստէ Երեւանի հետ երկխօսութեան որակի կատարելագործման», յոյս յայտնած է ռուս դիւանագէտը:

Վարչապետ Փաշինեան օրերս իր ասուլիսին ընթացքին յայտնած էր Միրզոյեանի յառաջիկայ այցելութեան մասին, ընդգծած, որ Դեկտեբեր 2022_ին Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումը Ռուսիոյ մայրաքաղաքին մէջ ոչ թէ չեղեալ նկատուած է, այլ` յետաձգուած. «Այդ իրավիճակին մէջ պէտք էր, որ Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարը ըլլար Երեւանի մէջ»: