Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է Ատրպէյճանի Հանրապետութեան նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ: Այս մասին կը հաղորդէ Քրեմլինի պաշտօնական կայքը:

«Քննարկուած են Հարաւային Կովկասի մէջ անվտանգութեան եւ կայունութեան ապահովման ուղղուած գործնական քայլեր` Ռուսիոյ, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի ղեկավարներուն միջեւ յայտնի եռակողմ համաձայնութիւններուն համապատասխան: Միտքերու փոխանակում տեղի ունեցած է նաեւ շրջանին մէջ փոխադրամիջոցային, գումակային եւ տնտեսական կապերու զարգացման շուրջ», կը նշուի Քրեմլինի հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ: