«Արմէնփրէս»._Մոսկուան կ’ակնկալէ, որ տարածաշրջանային յարաբերութեան ապաշրջափակման հարցերու եռակողմ աշխատանքային խումբի համանախագահները շուտով որոշակի համաձայնութիւններ ձեռք պիտի բերեն։ Այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ Դաշնութեան արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով՝ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի հետ միատեղ մամլոյ ասուլիսին:

«Ռուսիան նաեւ կողմ է սահմաններու սահմանազատման յանձնաժողովի աշխատանքի աշխուժացումին՝ Մոսկուայի խորհրդատուական աջակցութեամբ։ Մոսկուան պատրաստ է նաեւ աջակցելու Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ խաղաղութեան պայմանագիրի կնքումը», ըսած է Լաւրով։

Լաւրով ընդգծած է բանակցային գործընթացի շուտափոյթ վերականգնումի անհրաժեշտութիւնը։

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարի խօսքին համաձայն, հայկական կողմը հաստատած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին խօսքերը՝ նոր հանդիպումի համար հայկական կողմի պատրաստակամութիւնը, կը քննարկուի Ռուսիոյ, ՀՀ-ի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու եռակողմ հանդիպումի նոր ժամկէտը:

«Յառաջիկային երեք նախարարներու համար յարմար ժամկէտներ պիտի ընտրենք», եզրափակած է Լաւրով։