Երկուշաբթի, 27 Մարտ 2023-ի առաւօտուն, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեան պաշտօնական անդրանիկ այցելութիւն տուաւ Սուրիահայ Օգնութեան Խաչի Շրջ. Վարչութեան գլխաւորութեամբ գործող ընկերաբժշկական կեդրոն, Ազգ. Պատսպարան եւ «Փեթակ» խոհանոց: Սրբազան Հօր կ’ընկերակցէին Հոգշ. Տ. Մանուկ Վրդ. Պարիխանեան եւ Ազգ. Վարչութեան անդամներ երկրչփ. Մարալ Գալայճեան եւ Գուրգէն Գալուստեան:
Սրբազան Հայրը ջերմապէս դիմաւորուեցաւ ՍՕ Խաչի Շրջ. Վարչութեան ատենապետ Սիրան Աւընեան-Ամպարճեանի, Շրջ. Վարչութեան անդամներու եւ Պատկան Մարմինի ներկայացուցիչ Անի Կարապետեան-Մուրատեանի կողմէ:

Մակար Սրբազան նախ այցելեց ՍՕ Խաչի աշխատանոց, ուր ծանօթացաւ յանձնախումբին հսկողութեամբ կատարուած արտադրական եւ ստեղծագործական աշխատանքին, գնահատեց եւ օրհնեց յանձնախումբի անդամներուն ծառայութիւնը: Ապա, ան այցելեց բուժական մերսումի (ֆիզիոթերափիի) բաժին, ուր մօտէն ծանօթացաւ մասնագէտներու կողմէ տարուած բժշկական ծառայութեան եւ բուժում ստացողները գօտեպնդելով առողջութիւն մաղթեց անոնց: Սրբազան Հայրը այնուհետեւ այցելեց դարմանատուն, ուր տնօրէնուհիին եւ յանձնախումբին հետ տեսակցելով իրազեկ դարձաւ մասնագէտ բժիշկներու կողմէ մատուցուած ծառայութիւններուն եւ որպէս հոգեւոր հայր գնահատեց յանձնախումբի անդամներն ու մասնագէտները՝ իրենց բերած մարդասիրական յոյժ կարեւոր ներդրումին համար:

Երկրորդ յարկ բարձրանալով Սրբազան Հայրը այցելեց ձեռարուեստի սենեակ, ուր ծանօթացաւ ցուցափեղկերու մէջ ներկայացուած հայկական ձեռագործներու եզակի նմոյշներուն եւ մեծապէս գնահատեց յանձնախումբին տարած ազգային արժէքները պահպանելու աշխատանքը: Նոյն յարկէն ներս տեսակցելով խնամատարական յանձնախումբին հետ, օրհնեց կարիքաւորներուն օժանդակելու անոնց բարեսիրական աշխատանքը:

Երրորդ յարկէն ներս, Սրբազան Հայրը այցելեց «Կակաչ» մանկամսուր, ուր ջերմապէս դիմաւորուեցաւ յանձնախումբին կողմէ, տեսնուեցաւ փոքրիկներուն հետ եւ անոնց հետ զրուցելով իր հայրական օրհնութիւնները տուաւ: Ապա, այցելելով արխիւային բաժին, Սրբազան Հայրը մօտէն ծանօթացաւ ընկերուհիներուն կատարած արխիւային բծախնդիր աշխատանքին եւ գնահատեց միութեան պատմութիւնը կորուստէ փրկող անոնց յոյժ կարեւոր առաքելութիւնը:

Հինգերորդ յարկ բարձրանալով, Սրբազան Հայրը այցելեց ՍՕ Խաչի «Նայիրի» մասնաճիւղի գրասենեակ, ուր դիմաւորուեցաւ մասնաճիւղի վարչութեան կողմէ: Ան հետաքրքրուեցաւ 7000 գիրք պարունակող մասնաճիւղի գրադարանով, իր ուրախութիւնը յայտնեց եւ բարեյաջող գործունէութիւն մաղթեց ծառայասէր անդամուհիներուն: Սրբազան Հայրը օրհնեց եւ գնահատեց քաղցրաւենիի եւ «Շիրակ» պաշարի յանձնախումբերու ընկերուհիները, որոնք բծախնդիր եւ մաքուր աշխատանքով լաւագոյնը կը ներկայացնեն հանրութեան:

ՍՕ Խաչի Շրջ. Վարչութեան գրասենեակ այցելելով, Սրբազան Հայրը իրազեկ դարձաւ Շրջ. Վարչութեան գլխաւորութեամբ յառաջ տարուած ազգանուէր եւ բարեսիրական բազմաբնոյթ աշխատանքներուն, ինչպէս նաեւ այցելեց գործավարութեան սենեակ եւ գնահատեց գործավարներուն հետեւողական եւ բծախնդիր աշխատանքը:
ՍՕ Խաչի Շրջ. Վարչութեան ատենապետ Սիրան Աւընեան-Ամպարճեան շնորհակալութիւն յայտնեց Սրբազան Հօր՝ իր քաջալերական այցելութեան համար եւ այս առիթով ՍՕ Խաչի յուշամատեանը նուիրեց անոր, մաղթելով, որ իր հայրական հովանիին ներքոյ Բերիոյ Հայոց Թեմը իր բոլոր մարմիններով եւ միութիւններով առաւել ծաղկի եւ պայծառանայ:
Սրբազան Հայրը իր հայրական օրհնութիւնները տալով հաստատեց, որ ՍՕ Խաչի անդամուհիները՝ նուիրումով, մեծ սիրով, զոհողութեամբ, բարձր մակարդակի նախանձախնդրութեան ոգիով, պատասխանատուութեան գիտակցութեամբ եւ կազմակերպուած աշխատանքով, մեղուներու նման լծուած են ծառայութեան եւ իւրաքանչիւրը ամէն գնով կը փորձէ իր ուսերուն դրուած պարտականութիւնն ու առաքելութիւնը ի կատար ածել՝ ի փառս Աստուծոյ եւ ի պայծառութիւն մեր մշակոյթին, ազգին եւ ժողովուրդին:

Այնուհետեւ, Սրբազան Հայրը այցելեց Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ կից գտնուող Ազգ. Պատսպարան, ուր ջերմապէս դիմաւորուեցաւ յանձնախումբին կողմէ, գնահատեց անոնց ցուցաբերած հոգատարութիւնը պատսպարեալ մեր զաւակներուն: Ան օրհնեց պատսպարեալները եւ արեւշատ ու բարեյաջող օրեր մաղթեց անոնց։ Վերջապէս, ան այցելեց «Փեթակ» խոհանոց, օրհնեց եւ գնահատեց յանձնախումբը եւ համեղ կերակրատեսակներ պատրաստող ընկերուհիները, որոնք մեծ սիրով եւ նուիրուածութեամբ կը կատարեն իրենց վստահուած գործը:
Սրբազան Հայրը ուրախութեամբ եւ հոգեկան ցնծութեամբ գնահատեց եւ շնորհաւորեց ՍՕ Խաչի անդամուհիները, որոնք հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն նուիրաբար կը գործեն՝ մեր ազգային արժէքները պահպանելու եւ զանազան ծառայութիւններով ժողովուրդի զաւակներուն նեցուկ կանգնելու համար։