Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի Միջին Արեւելքի եւ Ափրիկէի հարցերու ներկայացուցիչ, Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Միքայէլ Պոկտանով Մոսկուայի մէջ Սուրիոյ լիազօր դեսպան դոկտ. Պաշշար ալ-Ճաաֆարի հետ հանդիպում մը ունեցաւ։ Հանդիպումին ընթացքին կողմերը խորհրդակցեցան Սուրիոյ իրավիճակին, Սուրիոյ եւ տարածաշրջանի երկիրներուն միջեւ յարաբերութեան զարգացման, ինչպէս նաեւ ռուս-սուրիական յարաբերութեան ամրապնդման շուրջ, յատկապէս Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ-Ասատի Մոսկուա պաշտօնական այցելութեան ընթացքին տեղի ունեցած համաձայնութիւններուն լոյսին տակ։