Սուրիոյ Առաջին Տիկին Ասմա ալ-Ասատ ընդունեց ռուսական Տումայի խորհուրդի փոխնախագահ, Միասնակամ Ռուսիա կուսակցութեան կեդրոնական յանձնախումբի փոխքարտուղար Աննա Քոզնեցովան եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը։ Հանդիպումին ընթացքին կողմերը խորհրդակցեցան երկու երկիրներուն միջեւ պաշտօնական, խորհրդարանական եւ ընկերային յարաբերութիւններու համակարգման շուրջ։ Կողմերը անդրադարձան նաեւ միջազգային լարուած իրավիճակին եւ ռուսական ու սուրիական միջավայրերուն վրայ անոր ունեցած ազդեցութեան։