ՏԵՂԱԿԱՆ
ԼՈՒՐԵՐ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԷՆ 
– Սուրիոյ պասքեթի աղջկանց Բ. դասակարգի ախոյեանութեան առաջին փուլի աւարտին, ՀՄԸՄ-ի աղ- ջկանց կազմը իր կատարած բոլոր մրցումները յաղթական աւարտելով գլխաւորեց հիւսիսային խմբակի առաջին դիրքը:
Կազմը իր վերջին հանդիպումը կատարեց Համայի մէջ, պարտութեան մատնելով հիւրընկալ Նաուաիրը՝  52 – 33 արդիւնքով:
-Սուրիոյ ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան մրցումներուն, Հալէպի Ահլին 1 – 0 արդիւնքով անակնկալ պարտութեան մատնուեցաւ Ֆութուէի խումբէն, իսկ առաջին դիրքին վրայ գտնուող Ուասպէն 1 – 0 արդիւնքով յաղթեց Ուահտէյին: Դամասկոսի Մաճըտ խումբը իր առաջին յաղթանակը արձանագրելով 1 – 0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Քարամէն:
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ 
ՌԷԱԼ ՋԱԽՋԱԽԵՑ ՊԱՐՍԵԼՈՆԱՆ ԵՒ ՀԱՍԱՒ ՍՊԱՆԻՈՅ ԲԱԺԱԿԻՆ 
Ռէալ Մատրիտը Սպանիոյ ֆութպոլի գաւաթի խաղարկութեան կիսաեզրափակիչ փուլի դարձի մրցումին, Քանփ Նօ մարզադաշտին վրայ 4 – 0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց հիւրընկալ Պարսելոնան եւ հասաւ աւարտական մրցումին: Ռէալի ֆրանսացի խաղացող Քարիմ Պենզեման երեք կոլ նշանակեց: Այդպիսով, մատրիտեան ակումբը 40-րդ անգամ ըլլալով  յաջողեցաւ հասնիլ Սպանիոյ բաժակի աւարտական մրցումին, մինչ իր մրցակից Պարսելոնան 43 անգամ հասած է սոյն փուլին:
Քաթալոնէական ակումբը 21-րդ դարուն առաջին անգամն է, որ իր մարզադաշտին վրայ պարտութեան կը մատնուի այսպիսի նկատառելի արդիւնքով: Սպանիոյ գաւաթի եզրափակիչ խաղը կը կայանայ Սեւիլիոյ մէջ, 6 Մայիսին:
Ռէալ հանդիպեցաւ Օսասունայի հետ, որ կիսաեզրափակիչ հանդիպումին պարտութեան մատնեց Պիլպաուին 1 – 0 արդիւնքով:
ՄԵՍՍԻ ԳԵՐԱԶԱՆՑԵՑ ՌՈՆԱԼՏՈՅԻ ՄՐՑԱՆԻՇԸ
Opta տեղեկացուց, որ աշխարհի ախոյեան, Արժանթինի հաւաքականի եւ Ֆրանսայի ախոյեան Փարիզ Սան Ժերմանի 35-ամեայ յարձակող Լիոնէլ Մեսսին գերազանցած է փորթուկալցի յարձակող Քրիստիանօ Ռոնալտօն՝ եւրոպական ակումբային մակարդակով  արձանագրած կոլերուն քանակով: Մեսսին 702-րդ կոլը նշանակած է Ֆրանսայի առաջնութեան 30-րդ փուլի խաղին, որ աւարտած է 2 – 0 արդիւնքով:
Ռոնալտօ Եւրոպայի ակումբներուն հետ նշանակած է 701 կոլ։
Պատրաստեց Ռաֆֆի Սիւլահեան