28 Ապրիլին ՀՀ Պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեան ընդունած է Լեռնային Ղարաբաղի Ռուսիոյ Դաշնութեան խաղաղապահ ուժերու նորանշանակ հրամանատար-գնդապետ Ալեքսանտր Լենցովը։

Հանդիպումին ներկայ եղած են Հայաստանի Ռուսիոյ արտակարգ և լիազօր դեսպան Սերկէյ Քոփիրքին, պաշտպանական հարցերու կցորդ, գնդապետ Իկոր Շչերպաքովը եւ Լեռնային Ղարաբաղի Ռուսիոյ խաղաղապահ ուժերու նախկին հրամանատար, հրամանատար-մայոր Անտրէյ Վոլքովը։

ՀՀ Պաշտպանութեան նախարարը ողջունած է Ալեքսանդր Լենցովը նոր պաշտօնը ստանձնելուն համար եւ մաղթած է անոր յաջողութիւններ խաղաղապահ առաքելութեան ընթացքին:

Կողմերը քննարկած են Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ եւ խաղաղապահ զօրախումբի պատասխանատուութեան գօտիին մէջ տիրող իրավիճակն ու առկայ հարցերը, Լեռնային Ղարաբաղի մէջ իրականացուող Ռուսիոյ խաղաղապահ առաքելութեան արդիւնաւէտութեան բարձրացման ուղղուած շարք մը հարցեր:

ՀՀ պաշտպանութեան նախարարը ընդգծած է 9 Նոյեմբեր 2020-ի եռակողմ յայտարարութեան բոլոր կէտերու անշեղ կատարման անհրաժեշտութիւնը եւ կարեւոր համարած է Լաչինի միջանցքի շուտափոյթ ապաշրջափակումին գծով ջանքերու գործադրումը: