Հայրենիք կայ բանտ է, հայրենիք ալ կայ՝ կեանք, ազատութիւն ու թեւեր կը պարգեւէ թռչելու։
Մարդիկ երբեմն իրենց իսկ հայրենիքին մէջ այնքան տառապանքի, դժուարութիւններու կը մատնուին, որ անոր քաղաքներն ու գիւղերը կը սկսին նմանիլ բանտերու, որոնց ցանկապատերը այնքան բարձր ու փշոտ կ’ըլլան, որ մարդ կը խուսափի ձերբազատիլ անոնցմէ։
Բայց հայրենիքը բանտի կամ դրախտի վերածողը մարդն է կրկին:
Վերջապէս հայրենիքի զաւակնե՛րը պիտի արժեւորեն իրենց պապենական երկիրն ու կեանքի որակը անոր մէջ:
Ու հայրենիքը պիտի օրհնէ, պատմութեան էջերուն մէջ արձանագրէ իր այն զաւակներուն անունները, բնականաբար, որոնք քաջութիւն ունին, նոյնիսկ վտանգը դիմագրաւելով, ազատելու հայրենիքն ու իրենց անձերը բանտի ճաղերէն:
Հայրենիքին սրբութիւնը կ’աղաւաղի, երբ զայն ղեկավարողները շքեղ պալատներու, հսկայական դահլիճներու մէջ, ոսկեզօծ բաժակներով իրար կենաց կը խմեն ու սառնասրտութեամբ կը դիտեն ժողովուրդին տանջանքն ու տառապանքը:
Հայրենիքը այն հանգիստ տարածքն է, ուր մարդ կ’ապրի վայելելով իր իրաւունքները, կարենալով արտայայտել իր ազատ կամքը, ազատօրէն դէմ դնելով բռնակալութեան, պայքարելով ժողովուրդին, ոչ թէ անոր ժամանակաւոր տէրերուն կամքը կատարելու համար։
Ազատութիւնը անասուններու աշխարհին մէջ կը պահուի ատամներով։ Մարդիկ ալ ազատութեան համար արիւն կը թափեն, ձայն կը բարձրացնեն, կուրծք կու տան կաշկանդումներուն: Իսկ եթէ մարդուն ազատութիւնը խաբուսիկ է, ան իր իսկ հայրենիքին մէջ կը նմանի այն թռչունին, որ բանտարկուած է շքեղ տան մը անկիւնը տեղադրուած վանդակի մը մէջ: Անոր ուտելու ժամն ու որակն անգամ տէրը կը ճշդէ, ազատութենէն բացի ամէն բան կը տրամադրուի իրեն: Ան տեւաբար կ’երազէ անծայրածիր հորիզոններ թռչիլ, ազատութեան մաքրամաքուր օդը շնչել, բայց առանց պայքարելու կը հեռանայ կեանքէն՝ փակ, բայց շքեղ վանդակի մը մէջ:
(Յեղափոխ)