(Լաթաքիոյ Ազգ. Սրբոց Նահատակաց Վարժարանի 100-Ամեակի Յոբելինական Հանդիսութեան Արտասանուած Դոկտ. Շողիկ Աշըգեանի Բանախօսութիւնը)

Հայ դպրոցը մեսրոպաստեղծ տաճար է, անառիկ բերդ է, մարդկային պաշարներու անսպառ շտեմարան է. Ուսումնարան եւ կրթարան է միաժամանակ:
Հարիւրամեակ մը կ’ենթադրէ 100 տարիներու յաղթերգութիւն ու լինելիութիւն: Կ’արժէ պանծացնել դարու մը աւանդն ու ժառանգութիւնը: Աւանդը կը փոխանցուի, ժառանգութիւնը կը հարստացնէ։
Օրը՝ տօնական է, պահը՝ հանդիսաւոր, առիթը՝ յոբելինական, ուրախութիւնը՝ համընդհանուր, հանդիսութիւնը՝ հպարտութիւն առթող ու անկրկնելի։
Մեծն Տիգրան Ք.Ա. 83 թուականին կառուցած է Լաթաքիոյ նաւահանգիստը։ Այդ թուականին հետ կը կապուի նաեւ հայերու առաջին ներկայութիւնը  այս քաղաքին մէջ:
Աւելի քան 20 դար ետք, Կիլիկիայէն, Հայաստանի տարբեր քաղաքներէն տեղահանուած ու գաղթական հայեր եւ Ցեղասպանութենէն վերապրած տեղաբնիկ հայեր այս անգամ կը հիմնեն իրենց սերունդներուն ինքնութիւնը պահպանելու կոչուած նաւահանգիստը՝ Ազգ. Յակոբեանց Երկսեռ վարժարանը, որ, ըլլալով կրթական յատուկ ծրագիրով ուսումնական հաստատութիւն, պիտի տարբերէր Մեծ Եղեռնէն առաջ Եկեղեցւոյ հովանիին տակ գործած հայերէն կարդալ- գրել սորվեցնող Ազգ. վարժարանէն:
Բոլորս ժամադրուած ենք այստեղ ամբողջ դար մը կամրջելու 25 Մարտ 1922 թուականին։ Երբ այսօրուան նման համաժողովրդային հանդիսութեամբ պաշտօնական բացումը կը կատա-րուէր Վարժարանին, նոյն այս շրջափակէն ներս: Հաւաքուած ենք միասնաբա՛ր պանծացնելու Վարժարանին կենսագործութիւնը, արժեւորելու  անոր հայապահպանման ու հայակերտման վաստակաշատ աշխատանքը, որ տարեր են կրթական ասպարէզին նուիրուած բազում ուսուցիչ-ուսուցչուհիներ, տնօրէններ: Անոնց կողքին յիշելով ու գնահատելով նաեւ պաշտօնէութեան մաս կազմող ծառայողական մարզի աշխատասէր անդամները:
Բոլոր անուններուն թուումը երկար ժամանակ կը պահանջէ։ Նոր եւ նորագոյն ժամանակներու անձերը անպայմանօրէն ծանօթ ըլլալու են ձեզի, ոմանք՝ ձեր իսկ հարազատները եղած կրնան ըլլալ, կամ են տակաւին:
Երախտագիտութիւն ու յարգանք բոլորին անխտի՛ր, որոնք թէկուզ դոյզն ներդրումը ունեցած են Վարժարանի գոյատեւման, յառաջընթացին, զարգացման, արդիականացման, կրթական մակարդակի բարձրացման, խոչընդոտներու յաղթահարման՝ աչքի լոյս, մտքի ուժ, թանկագին ժամանակ, հոգի, շունչ ու ներշնչում դնելով իրենց աշխատանքին մէջ:
Երախտագիտութիւն ու յարգանք անցնող հարիւր տարիներուն Վարժարանին նիւթապէս նեցուկ կանգնած միութիւններուն, հաստատութիւններուն, հիմնարկներուն եւ անհատ բարերարներուն:
Գնահատանքի առաջին ողջոյնը մա՛նաւանդ Սուրբ Աստուածածին Եկեղեցւոյ Թաղական խորհուրդներուն, որոնք, գաղութի ղեկավար մարմինը հանդիսանալով, 83 տարի անընդմէջ ձեռնհասօրէն ղեկավարեր են նաեւ վարժարանը, իսկ անկէ ետք անոնց գործը  շարունակեր են հոգաբարձու կազմեր: Հարիւրամեայ գործով զանոնք գնահատելով՝ բոլորը խորհրդանշող փոխանունութիւն որպէս, բազում արժանաւորներու մէջ արժանի, 100-ամեակի առիթով կ’արժէ հնչեցնել Դպրոցի հիմնադրութեան ակունքներուն մօտ կանգնած եւ հետագայ տարիներուն դպրոցական գործի մղիչ  ուժն ու ոգին հանդիսացող, կազմակերպչական տաղանդի հետ նաեւ կրթական մարզի մէջ նոյնքան հմտութիւն ցուցաբերող, կրթօճախի հետագայ զարգացման համար ուղենշային ճամբայ հարթող Պետրոս Չպուքճեանի եւ Ստեփան Լէմոնճեանի անունները: Ամենայն հայոց բանաստեղծ Յովհ. Թումանեանին հետեւողութեամբ կրկնելով՝ մարդու գործն է անմահը:
1920-ական թուականներուն դպրոցաշինութեան Լաթաքիոյ օրինակը յատուկ պարագայ մը չէր: Նոյն տենդէն բռնուած էր գաղթական հայութիւնը Սուրիոյ եւ Լիբանանի մէջ: Վերականգնումի այդ տարիներուն Սահակ Կաթողիկոսի հովանաւորութեամբ եւ ազգային մարմիններու ջանքերով Հալէպի, Պէյրութի  գաղթակայաններուն մէջ կը բացուէին դպրոցներ, մէկ տարբերութեամբ սակայն, որ Լաթաքիոյ դպրոցը կ’ամփոփուէր պատմական դարաւոր կառոյցէ ներս, քարաշէն յարկի տակ:
Այս դպրոցի  հիմերը շաղախուած են Արեւմտահայաստանի շունչով, Կիլիկեան պատմական փառաւոր անցեալի ու կազմակերպուած հանրային կեանքի աւանդոյթներով, Ցեղասպանութենէն վերապրած հայու արժանապատուութեամբ, իր վաղուան անորոշ օրուան հանդէպ լաւատես հայու դրականութեամբ,  ամէն ինչ կորսնցուցած, բայց  ամէն ինչ ոչինչէն նորէ նոր վերսկսելու, վերականգնելու, շինելու ու շէնացնելու հայու անսասան հաւատքով, յամառ կամքով. հայու Այբուբենակերտ հոգին անխաթար պահելու որոշումով ու վճիռով:
Վարժարանի հիմնադրութենէն ընդամէնը երկու-երեք տարի ետք տեղացի ժողովուրդին պէս դադրելով օսմանցի քաղաքացի ըլլալէ, եւ անոր հետ նոյն ատեն սուրիացիի քաղաքացիութիւն ստացող լաթաքիաբնակ հայը, ձեռնունայն չէր ներկայանար իր նոր երկրին, այլ  սեփական Դպրոց ունեցող ու զայն պահող, կազմակեր- պուած ու համայնքային կենսունակ կեանքով ապրող հաւաքականութիւն: Ան իբրեւ այդպիսին մաս կը կազմէր իր նոր բնակավայրի ժողովրդագրական գունեղ խճանկարին:
1922 թուականը նաեւ Լաթաքիոյ Հայ նոր Գաղութի հիմնադրութեան թուականն է: Գաղութն ու Դպրոցը երկուորեակներ են՝ 100 տարեկան հասակով:
Գնահատելով դպրոցո՛վ հայը հայ պահելու, նո՛ր հայը կերտելու դժուար, այլ սխրալի ճամբան, արժեւորելով կատարուած ճիգն ու նուիրումը,  ժամանակի մը լեցունութիւնը, անկասկած առաջին հերթին մեր աչքին առջեւէն կը տողանցեն դպրոցական սերունդները: Անո՛նք  եղեր են ու ե՛ն Դպրոցի իսկական տէրերը, ուսուցիչներէն ու տնօրէններէն առաջ: Անոնք  այսօր աներեւոյթ եկեր ու տեղաւորուեր են այս սրահէն ներս, որովհետեւ իրե՛նց հարիւրամեակն է: Կը լսէք անոնց ձայնը ձեր ներսիդին: Անձամբ կը լսեմ: Անոնք կա՜ր ժամանակ էի՜ն գաղթական հայու զաւակներ: Յետոյ պիտի յաջորդէին աւելի լա՛ւ ժամանակներ, հիմա անոնք սմարթ ֆոնի, պատանի հասակի ճարպիկ ու խելացի մկնիկներ են, որոնք անվախ ու համարձակ կը նաւարկեն  անսահման համացանցի մէջ՝ աշխարհը ամուր առած իրենց ափերուն մէջ: Յաղթական երթը կ’ապահովուի ժամանակին հետ քայլ պահելով:
Անոնք ձեզի ծանօթ դպրոցի դարպասէն ներս մտեր են թոթով լեզուով ու անկէ դուրս եկեր ու պիտի շարունակեն դուրս գալ հաստատ քայլերով՝ բացուելով կեանքին՝ իրենց աչքին հետ լայն աշխարհին բանալով ա՛յս դպրոցէն ստացած մտքի ու հոգիի կենսանորոգ պաշարները:
Այդ դպրոցական սերունդներով է որ նուա-ճուած է հարիւր տարին եւ այս հանդիսութիւնը նաեւ նուաճուած ժամանակի մը յաղթատօնն է: Մարդեղէնէն բացի իրեղէն աշխարհով ալ նուա-ճուած է ժամանակը: Մէկ տուփ կաւիճով, երկու սեղանով, քանի մը դրօշներով, երկու գաւաթով, հորէն ջուր քաշելու պարանով ու դոյլով մը ճամբայ ելած դպրոցը ներկայիս յագեցած է կրթական եւ դպրոցավարական աշխատանքը դիւրացնող  արդիական անհրաժեշտ բազմապիսի սարքերով:
Ժամանակը ըմբռնելի է ու կ’արժեւորուի իր հոսունութեան մէջ։ Բնականաբար դպրոցական դար մը անցեալը անպայմանօրէն կ’ենթադրէ յառաջընթաց փոփոխութիւններ. փոփոխութիւն մտայնութիւններու,մտածելակերպի, կրթական ծրագիրներու, վարչարարական օրէնքներու։
Այս դպրոցն ալ անցեր է այդ բնական հունով։ Տեսեր է նաեւ պաղ ու տաք օրեր։ Կեանքի բնական երեւոյթ:
Ինչ որ չէ փոխուեր ժամանակի ընթացքին, այդ եղեր է Հայ Դպրոցի Գլխագիր Առաքելութիւնը: Տեսականօրէն, թէ գործնական իմաստով որեւէ Հայ դպրոց եթէ շեղի կամ հրաժարի իր հիմնական Առաքելութենէն՝ կը  պարպուի իր իսկութենէն:
ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԻՒՆը  տեսական-վերացական հասկացութենէ աւելի գործնական, շարունակական ու զարգացող կիրարումով է բացատրելի:  Ժամանակին հետ աւելի կատարեալին հասնելու համար բնական է որ փոխուի առաքելութեան ձեւը, միջոցները, բայց ոչ բովանդակութիւնն ու էականը:  Եւ ո՛վ չի գիտեր, որ Կրթութիւն ու Դաստիարակութիւն անբաժանելի բաղադրիչներով ՀԱՅԵՑԻՈՒԹԻՒՆՆ է հիմնական առաքելութիւնը Հայ դպրոցին՝ Սփիւռքի տարածքին։ (Այդպէս պէտք է ըլլայ  հայրենիքի մէջ եւս, անհրաժեշտաբար)։ Այլապէս ինչպէ՞ս կարելի պիտի ըլլայ դէմ դնել բազմերես ձուլումը հոսանքին, դիմանալ ու կուլ չերթալ համաշխարհայնացումը ապազգային քաղաքականութեան, մարդը մարդամեքենայի, աշխարհաքաղաքացիի վերածելու դարու սնանկ փիլիսոփայութեան, ինչպէ՞ս կարելի պիտի ըլլայ պահել հարազատ ինքնութիւն, տակաւին՝ ինչպէ՞ս կարելի պիտի ըլլայ ազգային դատ հետապնդել եւ իրաւունքներ պաշտպանել։ Այս վարժարանի անունն իսկ խորհրդանիշ է, որ կը վկայէ անոր առաքելութիւնը՝ հաւատարմութիւն՝ սրբադասուած նահատականերու յիշատակին ու կտակին:
Հայեցի կրթութիւնն ու դաստիարակութիւնը սահմանագիծ են:
Անկէ նահանջելու տեղ չունինք, իսկ զիջելու կամ յանձնելու՝ ոչի՛նչ ունինք: Սփիւռքի մէջ ունեցածնիս ինքնաթիւն մըն  է: Այն պահէն երբ նահանջենք այդ առաջնագիծէն, կամայ-ակամայ կորսնցուցած կ’ըլլանք մեր հաւաքական դիմագիծը: Ուրեմն կը մնայ ամուր կառչած մնալ Հայ Դպրոցի առաքելութեան, ինչ ալ ըլլան պայմաններն ու որքան ալ սահմանափակ ըլլան կարելիութիւնները։
Եւ պատիւ ու յարգանք Գաղութի բոլոր Ժամանակներու լուսամիտ ու հեռատես ղեկավարութեանց, պատասխանատուներուն, որոնք յաջողեր են շաղախել, մէջտեղ բերել ու աւանդական դարձնել հանրային ամրակուռ, ներդաշնակ ու համերաշխ համախոհութիւն՝ դպրոցին վերաբերեալ: Անոնք գիտակցեր են վերեւ նշուած անհերքելի ճշմարտութեանց եւ կամեցեր ու կամք դրսեւորեր են այդ ուղղութեամբ, ու մա՛նաւանդ անվերապահօրէն համագործակցեր են՝ թիկունք թիկունքի տուած, որպէսզի կանգուն մնայ Վարժարանը , հաւատարիմ մնալով իր հիմական առաքելութեան՝ յանուն գաղութի նորահաս սերունդներու լիարժէք կրթութեան ու ինքնութեան անխաթար պահպանման։
Այո՛, այս դպրոցի մէկ դարու պատմութիւնը լաւագոյն ապացոյց մըն է, որ երբ յստակ են հասարակ յայտարար սկզբունքները, ճշդուած են կարմիր սահմանագիծերը, հայը գիտէ եւ կրնայ համագործակցիլ: Աւելի՛ն, ոչ մէկ փորձ կրնայ հարուածել իր համախոհութիւնը եւ ոչ մէկ խոչընդոտ կրնայ խափանել իր համագործակցութիւնը:
Եթէ գաղթական վիճակի մէջ, հայրենազուրկ պայմաններու մէջ, տեղական լեզուին ու մշակոյթին անծանօթ հայը, դպրոցի հիմնադիրները, հայաշունչ եւ հայրենաշունչ Հայ Դպրոց են բացեր, մենք իրաւունք չունինք գանգատելու մեր պայմաններէն: Գնահատենք կարելիութիւնները, ճշդենք առաջնահերթութիւնները, գործի դնենք մեր բոլոր հնարաւորութիւնները եւ լծուինք աշխատանքի՝ անցեալի ժառանգութեամբ զինուած, նախորդներուն օրինակով եւ հեռապատկերային հաստատ քայլերով։
21-րդ դարը սովորական դարձած է կոչել արհեստագիտութեան դար՝ մոռնալով որ արհեստագիտութիւնը, ներառեալ արհեստական բանակութիւնը, ստեղծողը մարդկային միտքն է:
Այս դիտանկիւնէն 21-րդ դարը աւելի քան որեւէ այլ դար ուղեղներու դար է։ Պէտք է այս գիտակցութեամբ եւ մեծ պատասխանատուութեամբ մօտենալ ՄԵՐ ԴՊՐՈՑՆԵՐՈՒՆ՝ մշակելով մարդկային պաշարներու մեր աշխարհայեացքն ու համալիր ռազմավարութիւնը: Եթէ կ’ուզենք մեր  գաղութի մօտակայ ապագան գուշակել՝ պէտք է առաջնահերթ դարձնենք Դպրոցն ու անոր կարիքները: Ինչ զոհողութիւն ալ յանձն առնենք կամ առնելու ըլլանք սերունդներու դաստիարակութեան ու  անոնց բարձրամակարդակ ուսում ջամբելու ուղղութեամբ՝ շահաւորը մենք ենք անկասկած:
Վարժարանի տարեգրութեան 80 տարիները անցած են նախակրթարանի կարգավիճակով եւ Վերջին 20 տարիները՝ միջնակարգի։ Այլ խօսքով աւելի նախակրթարանի՞ մը 100-ամեակն է որ կը նշուի այսօր։ Տրամաբանօրէն՝ այո՛, իրողութիւնը այդպիսին է, բայց իրականութիւնը՝ բնա՛ւ եւ երբեք։ Նախակրթութիւնը հիմքն է կրթութեան: Եւ ամէն բանի հիմքն է կարեւորը: Եթէ հիմքը ամրակուռ է՝ շէնքը կը մնայ կանգուն, կը դիմանայ նոյնիսկ զօրաւոր ցնցումներուն: Նոյնը դաս- տիարակութեան մարզին  կը վերաբերի: Այս առումով բառացուցական է Աւետարանին թելադրանքն ու պատգամը, որ կ’ըսէ. «Կրթէ՛ մանուկը իր ճամբան սկսած ատեն, որպէսզի ծերութեան ատենն ալ անկէ չխոտորի»։ Մարդակերտումի ու Հայակերտումի հիմերը կը դրուին մանուկ հասակէն: Գիտելիքի հետ համատեղ, հոգեմտաւոր բազմակողմանի կրթութեամբ կը ձեւաւորուի արժէքային հաստատուն համակարգ, որուն շնորհիւ կը յատկա- նշուի մարդը ընդհանրապէս: Սփիւռքի տարածքին չկայ ոչ մէկ գործ որ այնքան առաջնահերթ ըլլայ որքան սերունդներու կրթութեան գործը:
Հարիւրամեակի առիթով Վարժարանի Հոգաբարձութիւնը գեղեցիկ գաղափարը ունեցեր է եւ Թաղ. Խորհուրդի ու Դպրոցի արխիւները օգտագործելով իրագործեր է Յուշամատեանի մը հրատարակումը: Ան փափաքեր է, որ Դպրոցի անցած ուղին թաղուած չմնայ արխիւներու մէջ՝ մոռացութեան մատնուելով, այլ կեանքի կոչուի. դառնայ կարդացուող պատմութեան ու ներկայի մաս:
Հրատարակուած Յուշամատեանը վաւերագրութիւնն է անցած 100 տարիներուն եւ առատ հում նիւթ կը պարունակէ Դպրոցի պատմութեան մասին: Բնականաբար 100 տարիները անկարելի է պարփակել Յուշամատեանի մը համար նախատեսուած սահմանափակ էջերու մէջ, մանաւանդ որ նախապէս գիրք կամ յուշամատեան չէ հրատարակուած դպրոցի մասին:
Յուշամատեանը արգասիքն է հաւաքական աշխատանքի մը, որուն մէջ իրենց բերած հետեւողական ու բծախնդիր մասնակցութեամբ գնահատանքի արժանի են Հարիւրամեակի առիթով կազմուած Յանձնախումբի մէջ Թաղ. Խորհուրդի ներկայացուցիչն ու Վարժարանի  հոգաբարձութեան ատենապետուհին:
Ձեզի ծանօթ առկայ դժուարին պայմաններուն մէջ, բոլոր աշխատողները ըրեր են իրենց առաւելագոյն կարելին՝ լաւագոյն արդիւնքի հասնելու համար: Կատարուած աշխատանքը գնահատելը վերապա-հուած կը մնայ ընթերցողներուն:
Ոմանք կրնան այս հանդիսութիւնը նկատել ուշացած, տրուած ըլլալով որ 100-ամեակի Յոբելինական հանդիսութիւնը կը կատարուի 2Օ23-ին, փոխանակ 2Օ22-ի մէջ: Բայց այս հանդիսութիւնը իրապէս կը տեղադրուի 100-ամեակի շրջագիծի մէջ: Որովհետեւ որեւէ Դպրոցական տարեշրջան կ’երկարի երկու տարիներու վրայ:
Աւելի՛ն, այս հանդիսութիւնը գեղեցիկ զուգադիպութեամբ կը համընկնի Դպրոցի տարեգրութեան մէջ յատկանշան թուականի մը: 1922 Հոկտեմբերին ճամբայ ելած Վարժարանին առաջին տարեշրջանը, առաջին հարիւրամեակի առաջին տարին, կ’աւարտէր 13 Մայիս 1923-ին: Այս հանդիսութեամբ լրումին կը հասնի 100-ամեակին նուիրուած ձեռնարկները: Վաղը 13 Մայիս է: Վաղուընէ վարժարանը կը թեւակոխէ իր երկրորդ հարիւրամեակը, եւ ընդամէնը մէկ կամ երկու ամիս ետք պիտի տայ իր նոր հարիւրամեակի շրջանաւարտներու առաջին հունձքը:
Այս Յոբելեանը նշանակալից է նաեւ ըլլալով  Լաթաքիոյ ՄԷԿ ՀԱՏԻԿ դպրոցին հարիւրամեակը:
Սփիւռքակայ Բանաստեղծ Վահան Թէքէեան իր միակ աչքին նուիրած գեղեցիկ քերթուած մը ունի, «Մէկ Հատիկս» վերնագրով, ուր կ’ըսէ. «Իմ մէկ հատի՛կս … օհ, ինչպէ՜ս սիրտս վրադ կը դողայ // Երբ կը տեսնեմ քեզմով քեզ»: Սրբոց Նահատակաց վարժարանը գաղութի պատկերն է: Անով Գաղութը «կը տեսնէ» ինքզինքը: (Տեսնելը՝ իր ուղիղ եւ փոխաբերական իմաստներով):
Արդ, աչքի լոյսի պէս պէտք է դողալ մէկ Հատիկ վարժարանին վրայ, որ իբրեւ արթուն աչք՝ անով գաղութը շարունակէ դիտել ինքզինք, անով լայն տեսադաշտի վրայ զննէ իր անմիջական շրջապատը եւ հայեացքը սեւեռէ մեր մեծ երազներու իրականցման ուղղութեամբ, որ լաւապէս եւ ճիշդ ընկալէ աշխարհի վերիվայրող իրադարձութիւնները:
Ցեղասպանութեան նահատակներէն արեւմտահայ բանաստեղծ Սիամանթօն Առաջին Հայ Դպրոցի առաջին հիմնադիր Ս. Մեսրոպ Մաշտոցը կը պատկերաւորէ իբրեւ «Հայ դարերուն դիմաց կեցող ադամանդեայ ապառաժ»:
Բոլոր դարերու եւ բոլոր ժամանակներու ամենամեծ, ամէնէն լուսամիտ, ամէնէն հեռատես ու ամէնէն հմուտ ու ամէնէն նուիրեալ ուսուցիչը ահաւասիկ, մէկ դար ամբողջ իբրեւ այդպիսին է Լաթաքիոյ մէջ:
Այնքան ատեն որ Հայ Դպրոցը կայ ու կը գործէ անմահ է Ս. Մեսրոպ Մաշտոցը: Եւ այնքան ատեն որ Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի լեզուն կը հնչէ՝ կ’ապրի՛ հայը:
Պիտի ապրի՛ հայը, ու պիտի կեցցէ՛ Հայ դպրոցը, Լաթաքիոյ մէջ նաեւ:
Ուրեմն, օ՛ն, դէպի նոր ու լուսաւոր հարիւրամեակ՝ անսպառ քիրտով ու քրտինքով, անսակարկ նուիրումով եւ վառ տեսլականով:
Երթդ՝ աննահա՛նջ՝ Սրբոց Նահատակաց վարժարա՛ն: