ՀՀ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը միջազգային հանրութեան ուշադրութիւնը կը հրաւիրէ 28 Մայիսին Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի կողմէն հնչած հերթական ռազմատենչ յայտարարութիւններուն, որոնք միտուած են վիժեցնելու Հայաստանի Հանրապետութեան ու միջազգային գործընկերներուն ջանքերը՝ տարածաշրջանի խաղաղութեան, կայունութեան եւ անվտանգութեան հաստատման ուղղուած։

Ի հեճուկս ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան, 31 Հոկտեմբեր 2022-ին Սոչիի եռակողմ յայտարարութեամբ ստանձնած ուժի կամ ուժի սպառնալիքի կիրառումէն հրաժարելու գրաւոր յանձնառութեան, այլ հարթակներու վրայ բազմիցս ստանձնած նոյնպիսի բանաւոր պարտաւորութիւններուն, ինչպէս նաեւ երկկողմ յարաբերութիւններու կարգաւորման շուրջ ընթացող բանակցութիւններուն՝ Ատրպէյճանի նախագահը Հայաստանի Հանրապետութեան կրկին կը սպառնայ ուժի կիրառումով, իսկ ԼՂ բնակչութեան՝ ցեղային զտումներով:

Ցաւօք, ձեռքբերուած պայմանաւորուածութիւններու եւ յանձնառութիւններու խախտումները այսքանով չեն սահմանափակուիր: Լեռնային Ղարաբաղի ներկայացուցիչներուն հետ միջազգային ձեւաչափով երկխօսութիւն սկսելու փոխարէն՝ Ատրպէյճանի նախագահը կը սպառնայ հաշուեհարդարով եւ քրէական հետապնդումով: Միաժամանակ, ի ցոյց կը դրուի, որ Ատրպէյճանը ոչ թէ կը փափաքի հասցէագրել առկայ հարցերը, այլ յառաջ երթակ «չկան ԼՂ հայեր, չկայ ԼՂ հիմնախնդիր» սկզբունքով: Նման գործելաոճը կը հակասէ նաեւ ընթացիկ բանակցութիւններու տրամաբանութիւնը` միջնորդական առաքելութիւն իրականացնող դերակատարներու՝ կարգաւորման մասին մօտեցումները:

Ուշագրաւ է, որ Ատրպէյճանի նախագահը ոչ միայն ցեղասպան սպառնալիքներ կը հնչեցնէ ԼՂ բնակչութեան նկատմամբ, այլ նաեւ կասկածի տակ կը դնէ ՀՀ անկախութիւնը եւ տարածքային ամբողջականութիւնը: Փաստացիօրէն, Ատրպէյճանի նախագահը մարտահրաւէր կը նետէ ամբողջ քաղաքակիրթ հանրութեան՝ սպառնալով ուժի կիրառումով բռնագրաւել ՀՀ ինքնիշխան նոր տարածքներ: Աւելին, կ’ընդգծուի, որ նոյնիսկ Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութեան ներկայութիւնը Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ միջազգային սահմանի երկայնքով չի կրնար կանգնեցնել Հայաստանի նկատմամբ Ատրպէյճանի տարածքային պահանջները բաւարարելու նկրտումները: