Արմէնը, Ֆիլիփ Թօփճեանի ամէնէն փոքր մանչը:
«Կոյր էր Պարոն Արմէնը, Պարոն Արմէն Թօփճեանը, կոյր եւ հաշմանդամ»:
Այսպէս կը սկսի Ալիս Արարատեան-Սիւտճեան իր յօդուածը, որ երկու անգամ լոյս տեսած է «Նոր Կեանք»-ի էջերուն՝ նախ 1987-ի Ապրիլ 29-ի, ապա 1991-ի Մայիս 22-ի թիւերուն մէջ:
Ալիս Ա. Սիւտճեանէն առաջ սակայն, 1963-ին, Արմէն Թօփճեանի մահուան Ա. տարելիցին առիթով Վ. Ճինանեան երկար յօդուած մը ստորագրած է «Յեղափոխական Ալպոմ»-ի Դ. Շարքին թիւ 8(44)-ի մէջ, «Արմէն Թօփճեան» խորագրով:

Մեզի համար սակայն Ամմօ Արմէն էր ան, թէ՛մօրս, որուն հօրեղբայրն էր, թէ՛ ինծի համար: Հակառակ անոր, որ կը վախնայի իր փակ աչքերէն եւ խիստ դիմագիծերէն, կը սիրէի մօրս հետ երթալ իրեն այցելութեան: Զիս կը գրաւէր մանաւանդ իր ձախ ձեռքը, որ կարծեմ դաստակէն անդամահատ էր,- աջին վրայ մէկ-երկու մատ մնացեր էր,- եւ որուն շուրջ մետաղէ օղակ մը կ’անցընէր ամէն անգամ, որ սուրճ ուզէր խմել. այդ օղակին վրայ կը տեղադրէին սուրճին պնակն ու գաւաթը եւ ինք … կը դիտէի թէ ինչպէս հեզասահ կերպով կը բարձրացնէր թեւը եւ կը մօտեցնէր սուրճին գաւաթը շրթունքներուն. ամէն անգամ վախ կ’ապրէի որ սուրճը պիտի թափի, եւ ամէն անգամ հիացումով կը դիտէի սուրճին … չթափիլը:

Այնքա՜ն պատմութիւններ ունէր մայրս իր Ամմօ Արմէնին մասին. այդ պատմութիւններէն ամէնէն աւելի տպաւորեր է զիս իր մեծ սիրոյ պատմութիւնը: Այսօր չեմ գիտեր թէ իրապէ՞ս մեծ էր այդ սէրը. բայց քանի առաջինն էր, անշուշտ որ մեծ պիտի ըլլար իրեն համար:

Ամմօ Արմէնը խօսած-պատմա՞ծ էր մօրս այդ մասին. չեմ գիտեր, որովհետեւ մտիկ կ’ընէի իրենց զրոյցը, բայց շատ բան չէի հասկնար անկէ, ես՝ եօթը տարեկանս:

Ամմօ Արմէնին «մեծ» սէրը կը շարունակէր ապրիլ մեր քաղաքին մէջ. ամուսնացեր էր բժիշկի մը հետ եւ կ’ապրէր քաղաքին ազնուական թաղերէն մէկուն՝ Ազիզիէի հին, գեղեցիկ վանդակորմերով շէնքի մը երկրորդ յարկին վրայ: Առաջին յարկը բժիշկին դարմանատունն էր:

Մայրս կը պատմէր, թէ «դէպքէն» ետք Լութֆիէն,- այդպէս կը կոչուէր աղջիկը,- գացեր Արմէնին, խնդրեր-աղաչեր-պաղատեր է, որ չլքէ զինք, իրեն համար աչք-ձեռք կարեւոր չեն, կարեւորը իրենց սէրն է … Բայց Ամմօ Արմէնը անդրդուելի մնացեր է Թօփճեաններուն նշանաւոր սառն դատողութեամբ եւ նոյնքան նշանաւոր յամառութեամբ:
Իսկ «դէ՞պքը». ե՞րբ իմացայ այդ մասին, յստակ չեմ յիշեր. ի վերջոյ ռումբերն ու թուրքերը այնքան ալ յարմար նիւթեր չեն փոքրիկներուն պատմուելու համար: Բայց երբ իմացայ,- կ’երեւի արդէն պարմանուհի էի,- այնպիսի հպարտութիւն մը ողողեց զիս … Մեր արդար պայքարին երկար անուններու ցանկին մէջ կար մէկը, որ մեր ընտանիքէն էր, մերն էր եւ այնքան ալ հեռու չէր՝ մեծ հօրեղբայր էր, մեծ հօրս փոքր եղբայրն էր …

«1909-ին, Ժէօն թուրքերուն կողմէ կազմակերպուած ջարդը Կիլիկիոյ հայութենէն կը խլէ բազմահազար զոհեր, յատկապէս Ատանայէն: Հալէպահայութիւնը ամբողջ շաբաթներ հաւաքական ջարդի մը մղձաւանջը կ’ապրի: Կը մտածեն ինքնապաշտպանութեան մասին:

Այդ օրերուն Եգիպտոսէն Հալէպ կը ժամանէ Տիգրան Ծամհուր (Ֆէրիտ Մէճիտ): Հ.Յ.Դաշնակցութեան կողմէ անոր կ’առաջարկուի, որ Արմէն Թօփճեանին ռումբ պատրաստելու արուեստը սորվեցնէ: Արմէն կարճ ժամանակամիջոցի մէջ կը մասնագիտանայ:

Օրուան բարեսիրտ արաբ կուսակալին վճռական կեցուածքին պատճառով հալէպահայութիւնը բարեբախտաբար կը խնայուի հաւանական ջարդէն:

Վտանգը անցած ըլլալով, Արմէն Թօփճեան հրահանգ կը ստանայ իրենց խանութին անկիւնը թաղած 15 ռումբերը տեղափոխել»:

Ահա թէ ինչպէս կը պատմէ ինք՝ Արմէնը.
«1909-ի Դեկտեմբեր 29-ն էր: Ապակեփեղկը ներսէն գոցեցի: Նիգը դրի, ռումբերը հանեցի եւ ջուրով լեցուն դոյլի մը մէջ դրի որ թրջուին: Հինգ հատը պարպած էի եւ պատեանները դրած պատին ետեւը: Վեցերորդին խէժը լաւ չէր թրջած, աճապարանքէն քափսիւլը շարժեցի, փոխանակ ուղիղ քաշելու, ետեւի քափսիւլը պատեանին դպնալով, կանաչ լոյս մը ելաւ ահագին պայթիւնով», այսպէս կը գրէ Վ. Ճինանեան, Արմէնին խօսքերով նկարագրելով «դէպքին» պատահած վայրկեանը :

«Արմէն ծանրօրէն կը վիրաւորուի աչքերէն, ձեռքերէն եւ մարմնին զանազան մասերէն: Կը մտածէ դոյլին մէջ գտնուող ռումբերը առնել ու հեռանալ. Չի կրնար: … Խանութը ծուխով կը լեցուի: Շնչահեղձ չըլլալու համար խարխափելով կը մօտենայ դրան, կէս մը կը բանայ: Անցորդներէն ոչ ոք կը համարձակի ներս մտնել:

Վերջապէս կը մտնէ սասունցի սրճեփ Գրիգորը եւ անմիջապէս զինք կառքով տուն կը հասցնէ: Լուրը կայծակի արագութեամբ կը հասնի Արմէնի ընկերներուն, որոնք կ’երթան ռումբերը կ’առնեն եւ խանութը գոցելով կ’անհետանան:

Առաւօտուն ոստիկանապետը, ընկերակցութեամբ հարցաքննիչ դատաւորին, կ’երթայ խանութ, կը կնքէ եւ Արմէնենց տունը գալով կ’ուզէ հարցաքննութեան ենթարկել»:

…Արմէնին եղբայրները բանտ կը տարուին: Քանի մը օր ետք ազատ կ’արձակուին շնորհիւ քաղաքապետութեան վճռական միջամտութեան, առարկելով թէ անոնց բացակայութեամբ քաղաքի կայունութիւնը կ’անդամալուծուի», որովհետեւ Թօփճեան եղբայրները Հալէպի թաղապետութեան կապալառուներն էին, իրենցն էր պատասխանատուութիւնը քաղաքին լուսաւորութեան, պողոտաներու ոռոգումին, ջուրի հայթայթումին, Սէպիլի պարտէզի սպասարկութեան, միսի հայթայթումին եւ այլն:

«Արմէն կը փոխադրուի բանտին հիւանդանոցը»:
«Շնորհիւ դատարանի վանեցի նախագահին իր հայրենակից Դաւիթ Աղա Ճիտէճեանի հետ ունեցած մտերիմ բարեկամութեան, դատավարութիւնը շուտ կ’աւարտի եւ Արմէն երկու տարիէն բանտէն կ’արձակուի»:
«Ապրող սֆինքս մըն էր,- կը գրէ Ալիս Ա. Սիւտճեան,- ուսեալ, զարգացած, հարուստ մտապաշարով, պարթեւահասակ, թիկնեղ, գեղադէմ, ուղիղ քալուածքով, միշտ ուրախ, լաւատես»:

Ալիս Սիւտճեան դուստրն է Մկրտիչ Արարատեանին, որ եղած է քարտուղարը Արմէն Թօփճեանին.
«Միա՞յն քարտուղարը. Պարոն Արմէնին աչքերն էր, ձեռքերն էր. «Երբ Մկրտիչը քովս է, թեւէս մտած, աշխարհի մէկ ծայրէն միւսը կրնամ երթալ»,- կ’ըսէր»:

«Հիմա կը մտածեմ թէ ինչքան եզակի, ինչքան բացառիկ անձ մըն էր: Ուրիշ մը այդ դժբախտութիւնը ծրարած պիտի ողբար միայն, նպաստ սպասելով շուրջիններէն. ինք, այդ վիճակով, հարիւր առողջ մարդու գործ կը տեսնէր, միշտ օգնելով, բարիք սփռելով շուրջը: Ուժեղ կամքի տէր, բազմակողմանի գիտելիքներով, «Ազգային Վերին Մարմին»ի խորհուրդի անդամ, շատեր կու գային իրեն որեւէ խնդրի առնչութեամբ հարց տալու …» կը պատմէ Ալիս Ա. Սիւտճեան:
Պէյրութ հաստատուելէ ետք կը բնակէր Անթիլիասի մօտիկ գեղատեսիլ բարձունքի մը վրայ, ուր իրեն մշտական այցելուները եղած են Երջանկայիշատակ Զարեհ Կաթողիկոսը, Երուանդ Տասնապետեանը … «Սքանչելի խօսակից , մտաւորական, եկեղեցական, ազգային-կուսակցական մեր ընտրանիին հաւաքատեղին էր իր տունը», կը յիշէ Ալիս Ա. Սիւտճեան:

Կ’ըսուի թէ գեղեցիկ ձայն ունեցած է եւ առիթներով յաճախ երգած.
«Սիրուհիս քեզ համար կեանքս կէս եղաւ,
Քու անունդ էր միայն, որ ինձ կեանք տուաւ».
Այդ սիրուհին իր սիրած աղջի՞կն էր, թէ սիրած կուսակցութիւնը. հաւանաբար երկրորդը, որուն համար իրապէ՛ս կեանքին երկու երրորդը տուած է Արմէն Թօփճեան, մեր Ամմօ Արմէնը, իր շատ երիտասարդ հասակին:

Մեր ընտանիքին մէջ կայ մէկը՝ Արմէնին ծոռը, Արմենիա քրոջ թոռան՝ Աւետիս Զարիկեանին զաւակը՝ Կարօ Զարիկեանը, որուն դէմքը ճիշդ կրկնադէմքն է կարծես երիտասարդ Արմէնին. տարօրինակ ուղիներ ունին արիւնը, ժառանգութիւնը …:

Մարուշ Երամեան