Հովանաւորութեամբ եւ նախագահութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեանի, Ներկայութեամբ Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեանի, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Միաբան Հոգշ. Տ. Արմէն Աբղ. Գալաճեանի, Արժ. Տ Գառնիկ Քհնյ. Չափանեանի, Արժ. Տէր Պսակ Քհնյ. Պէրպէրեանի, ինչպէս նաեւ Համազգայինի Սուրիոյ Շրջ. Վարչութեան, ազգային, միութենական մարմիններու ներկայացուցիչներուն ու հաւատաւոր ժողովուրդի հոծ բազմութեան, Հինգշաբթի, 25 Մայիսին Գամիշլիի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ ոգեկոչական երեկոյ, նուիրուած Ս. Ներսէս Շնորհալի հայրապետին։

Յայտագիրի բացման խօսքը արտասանեց «Ա. Ահարոնեան» Մասնաճիւղի ատենապետ Յասմիկ Պոզոյեան-Կարապետեան ու ըսաւ, «Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան հիմնադրութեան 95-ամեակի սեմին, կ՚ոգեկոչենք Մեծն Ներսէն Շնորհալի հայրապետին վախճանման 850-ամեակը, պահպանելով մեր արմատները ու ազգային եկեղեցական բարձր արժէքները, որոնք բազմադարեան պատմութեան էջերուն մէջ քանդակեցին համաշխարհային արժէքներ։ Այդ արժէքները պահպանող ու ամրագրողներէն է հայ եկեղեցական գործիչ, բանաստեղծ, աստուածաբան, պատմիչ, երգահան, երաժշտագէտ Ս. Ներսէս Դ. Կլայեցին»։

Ձեռնարկի գեղարուեստական յայտագիրով նախ հանդէս եկաւ Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ դպրաց դասը, խմբավարութեամբ Բարշ. Յակոբ Աւ. Սրկ. Պարսումեանի։

Ապա Յակոբ Ա. Սրկ. Պարսումեան հոգեթով մեկնաբանութեամբ երգեց «Իմաստութիւն Հօր Յիսուս»-ը։

Այնուհետեւ ելոյթ ունեցան պատանի դպիրներն ու Կիրակնօրեայ դպրոցի աշակերտները , խմբավարութեամբ Արժ. Տէր Պսակ քհնյ. Պէրպէրեանի, իսկ Համազգայինի «Կոմիտաս» երաժշտ. դպրոցի աշակերտները ներկայացուցին Սուրբ Ներսէս Շնորհալիի շարականներէն ու աղօթքներէն՝ «Նորահրաշ»-ը, «Առաւօտ Լուսոյ»-ն, «Հաւատով Խոստովանիմ»-ը եւ «Նայեաց Սիրով»-ը։

Օրուան բանախօս հոգշ. Տէր Արմէն Աբղ. Գալաճեան ըսաւ. «Ս. Ներսէս Շնորհալի դարձած է տիտան մը հայ եկեղեցւոյ պատմութեան մէջ։ Պարտինք ըլլալ անոր ժառանգութիւնը պահպանող հաւատաւոր հետեւորդներ եւ զարգացնել այդ ժառանգութիւնը՝ ի խնդիր ազգային մշակութային դիմագիծի պահպանման»։

Ապա յորդորեց ժողովուրդը ազգային ու եկեղեցական պարտականութիւնները լիովին կատարել եւ ներկայ ըլլալ եկեղեցական արարողութիւններուն, որոնք կը կատարուին մայրենի լեզուով, հարազատ երաժշտութեամբ»։

Աւարտին իր պատգամը ուղղեց սրբազան հայրը։ Ան ողջունելով Համազգայինի աշխատանքը յորդորեց լայնօրէն ծանօթանալ Շնորհալիի ժառնգութեան, որպէսզի իմանանք, թէ մեր ժողովուրդը ինչպիսի՛ արժէքներ ունեցած է, հետեւաբար ինչպէս պէտք է ըմպէ այդ արժէքներն ու լեցուի այդ շնորհքներով, որպէսզի կարենայ այդ բոլորը սիրով տալ իր միջավայրին։ Ապա մէջբերեց Պօղոս առաքեալի «տալը աւելի երջանկաբեր է քան առնելը» խօսքը եւ խրախուսեց ազգային ու մշակութային կեանքին ծառայելը։

Հանդիսութիւնը փակուեցաւ սրբազան հօր «Պահպանիչ» աղօթքով։

Ռիթա Տէր Սարգիսեան Կարապետեան