Հինգշաբթի, 1 Յունիս 2023-ի առաւօտուն, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեան աշխատանքային այցելութիւն տուաւ Ազգ. Սահակեան վարժարան, ուր մօտէն հետեւեցաւ այնտեղ տարուած վերանորոգութեան աշխատանքներուն։
Սրբազան հայրը ջերմապէս դիմաւորուեցաւ Ազգ. Վարչութեան անդամներ Գուրգէն Գալուստեանի, երկրչ. Յարութ Աւընեանի եւ Ազգ. Վարչութեան կողմէ շինարարական աշխատանքներու լիազօր երկրչ. Տիգրան Պետրոսեանի կողմէ։

Սրբազան հայրը շրջելով Ազգ. Սահակեան վարժարանի զանազան բաժինները, մօտէն հետաքրքրուեցաւ վերանորոգութեան աշխատանքներով եւ իր հայրական օրհնութիւնները փոխանցեց, բարձր գնահատեց տարուող անդուլ աշխատանքը, մաղթելով, որ նոյն թափով շարունակեն եւ ի կատար ածեն վարժարանի վերանորոգութեան եւ կահաւորումի աշխատանքները, որպէսզի կառոյցը գործածութեան պատրաստ ըլլալով իր յարկէն ներս ընդունի աշակերտները։

Մակար սրբազան իր ուրախութիւնը յայտնելով պատրաստակամութիւն յայտնեց պէտք եղած օժանդակութիւնը տրամադրելու, որպէսզի վարժարանը, եկեղեցւոյ եւ ակումբին կողքին շարունակէ իր առաքելութիւնը եւ ազգային արժէքներով տոգորուած նոր սերունդներ պատրաստէ։