Հինգշաբթի, 6 Յունիս 2019-ին, խումբ մը ազգայիններ, առաջնորդութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Ստեփան Տէր Պետրոսեանի, այցելեցին Գէորգ Չաւուշի գերեզմանը։ Անոնք իրենց յարգանքի տուրքը մատուցանեցին անմահանուն հերոս Գէորգ Չաւուշին եւ այս առիթով, ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին կողմէ, «Նարեկ» աղօթամատեան մը զետեղեցին անոր շիրիմին վրայ, եռագոյն դրօշի կողքին։

Ծանօթ է մեր ժողովուրդին Գէորգ Չաւուշի Սրբոց Առաքելոց Վանքի եւ Սուլուխի կռիւները։ Ան գլուխ անցնելով հայկական ջոկատներու եւ ֆիտայական խմբաւորումներու՝ պաշտպանած է հայկական գիւղերը եւ քաջաբար դիմադրած է թրքական բանակներու ներխուժումներուն։