Տասը օր առաջ, Հայոց Բանակը տուաւ թանկագին նահատակ մը եւս. 19-ամեայ Սիփան Մելքոնեան ինկաւ նենգ թշնամիի գնդակէն:

Զինադադարի պայմանաւորուածութիւնները ամէն օր խախտող թշնամիին նպատակը յայտնի է. մաշումի պատերազմով՝ բարոյալքել հայ ժողովուրդի եւ Հայոց Բանակի ոգին եւ փնտռել հայկական դիրքերու խոցելի հատուածներ՝ աւելի լայն ծաւալով անակնկալ յարձակումներ կատարելու նպատակով:

Հայկական կողմին սպառնալիքները, թէ նման յարձակումներ պիտի արժանանան համաչափ պատասխանի, այնքան ալ լուրջի չեն առնուիր ատրպէյճանական կողմէն, որ արհամարհելով նաեւ իր միջազգայնօրէն ստանձնած պարտաւորութիւնները՝ կը շարունակէ կրակել հայկական դիրքերու վրայ:

Անցեալ շաբաթավերջին, հայկական բանակը դիմեց պատժիչ գործողութեան: Այս անգամ, Հայոց Բանակի բարձրագոյն մակարդակի պաշտօնեան՝ պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան աննախընթաց կերպով հրապարակային պարգեւատրում կատարեց պատժիչ գործողութիւնը բարձր որակով իրականացուցած հայ զինուորները:

Անցեալին ալ Հայոց Բանակը պատժիչ գործողութիւններով հակադարձած էր ատրպէյճանական ոտնձգումներուն: Սակայն այդ մասին կամ լռութիւն պահուած էր կամ ալ վստահուած էր դիւանագէտներուն՝ իրադարձութիւնները նուրբ ու փափուկ ձեւով միջազգային հանրութեան եւ Ատրպէյճանի իշխանաւորներուն ու ժողովուրդին փոխանցելու պարտականութիւնը:

Այս անգամ, տարբեր մարտավարութիւն որդեգրուած է: Բացայայտօրէն, պաշտպանութեան նախարարութեան խօսնակին միջոցաւ պատժիչ գործողութիւնը հրապարակային դարձաւ:

Դիւանագիտական ճակատին վրայ ի՞նչ կը շահինք կամ ի՞նչ կը կորսնցնենք՝ թող քաղաքագէտները վերլուծեն: Նախարար Տօնոյեանի քայլը մեր կորովը եւ ինքնավստահութիւնը բարձրացնել յաջողեցաւ եւ ամրապնդեց մեր համոզումը, որ այլեւս մեր ազգային մարտունակութեան միակ խորհրդանիշը Հայոց Բանակն է: