Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեան լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց. «Մենք մշտապէս կ’աշխատինք Արցախի իշխանութիւններուն հետ: Իւրաքանչիւր բանակցութիւններու նախօրէին կամ յետոյ մենք մշտապէս կ’աշխատինք Արցախի ղեկավարութեան հետ: Ես անձամբ շատ սերտ գործակցութեան մէջ եմ իմ գործընկերոջ՝ Մասիս Մայիլեանի, նաեւ նախագահ Բակօ Սահակեանի հետ, նոյնը կը վերաբերի նաեւ վարչապետ Փաշինեանին: Միասին սերտօրէն աշխատելու յստակ ձեւաչափ ունինք, որ կ’արտայայտէ այն քաղաքական գիծը, որ նշուած է մեր կառավարութեան կողմէ եւ կ’առնչուի Արցախի բանակցային գործընթացին մասնակցութեան, որ բարդ, բայց սկզբունքային կարեւոր հարց է: Առանց Արցախի որոշիչ ձայնին, մենք արդիւնաւէտ յառաջընթաց չենք ունենար: Մեր գործակցութիւնը Արցախի իշխանութիւններուն հետ եղած է եւ կը մնայ շատ սկզբունքային եւ արդիւնաւէտ»:
Պատասխանելով հարցումին, թէ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահները ինչպիսի՞ տրամադրուածութիւն ունին Արցախը բանակցային սեղան վերադարձնելու հարցին շուրջ, արդեօք յառաջիկային այդ մէկը կարելի՞ է՝ նախարարը ըսաւ, որ համանախագահները կ’ընդունին այն, ինչ որ ընդունելի կ’ըլլայ կողմերուն համար: Այդ առումով համանախագահներուն հետ բանավէճ չունինք, բանավէճը այս հարցով Ատրպէյճանի հետ է: