«Արմէնփրէս».-Համահայկական խաղերու պատուիրակութիւնը յատուկ առաքելութեամբ Արեւմտեան Հայաստան` պատմական Կիլիկիոյ տարածք մեկնած է: Մուսա լերան ստորոտին` Վագըֆ գիւղի Սուրբ Աստուածածին հայկական եկեղեցւոյ մէջ, Պոլսոյ Սուրբ Վարդանանց եկեղեցւոյ հոգեւոր առաջնորդ Հայր Սուրբ Թաթուլ Անուշեան նախ պատարագ մատուցած է Համահայկական խաղերուն յաջող մեկնարկին ու ընթացքին համար, ապա եկեղեցւոյ վառող մոմերէն Համահայկական խաղերու ջահը վառելու պատիւը վերապահած է խաղերու հիմնադիրներէն ամերիկահայ բարերար Ալպէր Պոյաճեանին:
Համահայկական Խաղերու Կազմակերպիչ Կոմիտէի փոխնախագահ Ռոլանտ Շառոյեանի համաձայն, այս արարողութիւնը անգամ մը եւս կը հաստատէ, որ հայ ժողովուրդը աշխարհի որ ծայրն ալ ըլլայ, իր հաւաքական միտքը հայրենիքի ու հայ ժողովուրդի միասնութեան կ՛ուղղէ:
Ազգային Ժողովի «Իմ Քայլը» խմբակցութեան պատգամաւոր Թագուհի Թովմասեան յայտնած է. «Երբ պառակտումի արդիւնքով կորսնցուցած ենք, ժամանակն է, որ վերագտնենք մենք մեզ եւ ըլլանք իսկապէս պահանջատէր ու հասնինք գոնէ կորուստի նուազագոյն վերականգնումի գործընթացին»:
Վառող կրակը Մուսա լերան գագաթ հասցնելու իւրատեսակ յաղթարշաւի բոլոր մանրամասնութիւնները պիտի ցուցադրուին Համահայկական խաղերու բացման արարողութեան ընթացքին:
Համահայկական խաղերու պատուիրակութիւնը այցելած է նաեւ պատմական Կիլիկիոյ բերդերը` Լեւոն Երկրորդ թագաւորի բերդը եւ մայրաքաղաք Սիսի միջնաբերդը:
Համահայկական 7-րդ խաղերը այս տարի պիտի սկսին Օգոստոսին: Բացման արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ 6 Օգոստոսին, Ստեփանակերտի մէջ: