Շանթի մասին գրողներ գրեթէ միաձայն կը հաստատեն, թէ իբրեւ անհատ ու իբրեւ գրող անոր կազմաւորումին վրայ ներգործած են երեք ազդակներ, երեք միջավայրեր՝ Պոլիսը, ուր ծնած է ու կարճ շրջաններ ապրած. Կովկասը, ուր ստացած է ճեմարանական ուսումը, ապա աշխատած Թիֆլիս, Պաքու եւ Երեւանի մէջ։ Երրորդ ու հիմնական ազդակն է Եւրոպան, ուր ստացած է համալսարանական ուսումը, ծանօթացած է ժամանակի իշխող գաղափարախօսութեանց, փիլիսոփայական ուղղութիւններու, որոնց հիման վրայ ալ ձեւ առած է աշխարհայեացքը։ Այդ երեք ազդակներու բարեխառնումը եղած էր իր հողին ու ազգին խոր կապուածութեամբ, սակայն գերմանական կանոնաւորութեամբ, ճշդապահութեամբ ու դատողականութեամբ առաջնորդուող անհատը։ Բնականաբար ան արեւելեան մեր խառնուածքի ու մտայնութեանց հետ միշտ չէ որ պիտի կարենար զուգընթաց քալել, բայց միշտ ձգտեցաւ բարձրացումի ու նաեւ աշխատանք թափեց շուրջիններու բարձրացումին ի խնդիր։
Շանթի մասին շատեր յուշեր գրած են, ինչպէս Սիմոն Վրացեան, Մուշեղ Իշխան, Անդրանիկ Ծառուկեան, կան նաեւ բազմաթիւ բնութագրումներ։ Գրագէտի մը ստեղծագործութեան ամբողջական ըմբռնումին համար կարեւոր է իր ապրած ժամանակի, միջավայրի կարեւորագոյն խնդիրներու մասին տեղեակ ըլլալը։ Շատ յաճախ այդ ըմբռնումին մեծապէս կը նպաստէ նաեւ գրագէտի անձնաւորութեան ծանօթութիւնը, ինչ որ կ’ունենանք յուշագրութիւններու ընդմէջէն։ Շանթ այն գրողներէն է, ինչպէս կը վկայէ իր լաւագոյն մեկանբաններէն Գր. Շահինեան, որ ամէնէն աւելի իր գործերուն մէջ ներկայ էր որպէս «Ես»։ Այս առումով ալ, յենելով իր աշակերտներու յուշերուն, կը փորձենք պատկերացում կազմել Շանթ-մարդու մասին։
Առաջինը լսենք իր այն աշակերտին, որ նաեւ եղաւ գրչակից ու պաշտօնակից Ճեմարանին մէջ՝ Մուշեղ Իշխան։ Ան երկու գիրքերու մէջ՝ «Երեք Մեծ Հայեր» եւ «Իմ Ուսուցիչները», այլոց կարգին անդրադարձած է նաեւ Շանթին։ Առաջինին մէջ է որ կը կարդանք. «Մարդեր կան, որոնց գործը կարելի չէ բաժնել իրենց անձէն։ Լ.Շանթ այս խումբին կը պատկանի։ Իր գլուխ գործոցը ոչ «Հին Աստուածներ»ն է, ոչ ալ «Կայսր»ը. այլ իր իսկ անձնաւորութիւնը, որ քար առ քար բարձրացած, ամբողջացած ու գեղեցկացած ստեղծում մը կը ներկայացնէր»։
Մ. Իշխան Շանթի մէկ հանգուցային միտքը արձանագրած է՝ «Աշխատեցէք մա՛րդ ըլլալ, մարդը տիեզերքի բարձրագոյն արժէքն է»։ Միտք, որ տարբեր բառերով ձեւակերպած է նաեւ Յ. Թումանեան՝ «Ոչ մի պաշտօն կամ կոչում չկայ, որ հաւասար լինի եւ կարելի լինի համեմատել մարդ կոչումի հետ»։ Գաղափար, որ մշտական ներկայութիւն է անոր գրականութեան մէջ։ Նոյնը Շանթի պարագան է։ Շանթ համոզուած էր, որ գիտակից մարդուն կեանքը պէտք է ըլլայ անդադար բարձրացումի աշխատանք։ Եւ իր ամբողջ կեանքը եղած է այդ ուղղութեամբ ջանք, որմով ան հասած էր մտային խոր կարողականութեան եւ հոգեկան հաւասարակշռութեան։ Ուղղամիտ, արդարադատ, իր վարքի եւ խօսքի մէջ՝ զուսպ, կշռուած, ամէն մանրուքներէ, ճղճիմ երեւոյթներէ խորշանք զգացող, հոգիի ազնուացումի անվերջ աշխատանքի մէջ՝ Շանթ, բնականօրէն, ժողովրդական անձնաւորութիւն չէ եղած։ Ինչպէս արտայայտուած է իր ամէնէն մտերիմ բարեկամը՝ Ն. Աղբալեան, «Մեր Լեւոնը կոճկուած մարդ է»։ Այդ կոճկուածութիւնը, սակայն, մարդախոյսութիւն չէ եղած, քանի որ ան մարդոց ու յատկապէս երիտասարդութեան դաստիարակութեան համար ոչ մէկ ճիգ խնայած է։ Պարզապէս այդ եւրոպական կրթութեամբ անձին դրած սահմանն էր, որ մարդիկ ամէն առիթով չխուժէին իր անձնական տարածքները, ինչպէս եւ ինք չէր միջամտեր ուրիշներու անձնական կեանքի մանրուքներուն եւ ընդհանրապէս վեր էր ամէն մանրուքէ ու ճղճիմ հարցերէ։ Ներքին խոր ազատութեան տէր էր Շանթ եւ ոչ ոքի կը թոյլատրէր մտնել իր ազատութեան տարածքները։ Այդ մեկուսացումը գրականագէտ Գր. Շահինեան կու տայ պատկերով մը, թէ կարծես ապակէ պատ կար Շանթի եւ մարդոց միջեւ։ Իր, թէեւ արտաքուստ խիստ, սակայն վեհանձն էութեամբ, մտաւորականի խոր գիտելիքներով, բարձր գիտակցական կարելիութիւններով Շանթ օրինակ ծառայած ու նպաստած է շրջապատի ազնուացումին։
Բայց յատկապէս բացառիկ աշխատասէր եղած է։ Եթէ ճշմարտութիւն է որ «Հանճարին կէսը աշխատասիրութիւն է», կամ ինչպէս ուրիշներ կ’ըսեն՝ ութսուն տոկոսը աշխատանքն է, ապա Շանթ իր վաստակին մեծապէս կը պարտի աշխատանքի նկատմամբ իր առասպելական պաշտամունքով։ Կը յիշուի, որ ան իր աշխատասենեակը կը մտնէր ճշգրտօրէն որոշակի ժամերու եւ ինչպէս սրբարանէ։ Աշխատանքային ժամերուն բացարձակապէս որեւէ մէկը չէր կրնար միջամտել, կտրել զինք իր աշխատանքէն։ Շանթ այս հարցին մէջ եւս խիստ սկզբունքային էր եւ կը մերժէր ընդունիլ պատահական ժամու եկող այցելուն, նոյնիսկ բարեկամները վիրաւորելու գինով։
Մուշեղ Իշխան զայն «աշխատանքի հերոս» կը գնահատէ եւ կը յիշէ աշակերտներուն ուղղուած անոր խօսքերը՝ «Տղաքս, աշխատեցէ՛ք, անվերջ աշխատեցէ՛ք, սուրբ է աշխատանքը։ Աշխատողը միայն մարդ կը դառնայ»։ Կամ՝ «Աշխատանքը իմ կեանքս է, խաղս, զուարճութիւնս եւ հրճուանքս. ինչպէս ուրիշներ հաճոյք կ’առնեն թղթախաղէն, ես ալ մեծ բաւականութիւն կը ստանամ գրիչիս ու թուղթերուս հետ խաղալէն»։
Այս մօտեցումը այնքան ձուլուած էր իր էութեան, որ ծերութեան, երբ այցելութեան կու գային հիւանդութենէն ապաքինում մաղթելու, ան կը կրկնէր՝ «Աշխատելու կարողութիւն մաղթեցէք, աշխատանքէ զրկուած ապրիլը անիմաստ է։ Կ’ուզեմ մեռնիլ այն օրը, որ չկարենամ աշխատիլ»։ Իսկ վերջին օրերուն, երբ ինք կարող չէր նստիլ գրասեղանին առջեւ, կը թելադրէր մանկավարժութեան իր երկրորդ հատորը, զայն աւարտելու մեծ կամքով։ «-Ո՜վ կը ստիպէ, որ գերմարդկային այս ճիգը կատարեմ,-կ’ըսէր կարեկից այցելուներու քաջալերական խօսքերուն պատասխանելով,- ո՛չ ոք, անշուշտ։ Հրատարակած գործերս ալ բաւական են իմ ժողովուրդիս պարտքս վճարելու։ Բայց չեմ կրնար շնչել առանց աշխատելու։ Իմ անփոխարինելի հաճոյքս, ուրախութիւնս, կեանքին զարկերակը զգալու վարժութիւնս եղած է մտածելը, կառուցանելը, գրելը»,– կը յիշէ Մուշեղ Իշխան։
Անտարակոյս, մեծերու փորձառութենէն ու իմաստութենէն օգտուիլ կամեցողին համար այս խօսքերը դաս մըն են, յատկապէս մեր օրերուն, երբ անաշխատ կամ չնչին ջանքով մեծ վաստակի ու համբաւի կը ձգտինք ու մեր ժողովուրդին առջեւ միշտ աւելի պարտատիրոջ կեցուածքով ենք, քան՝ պարտականի։
Նախքան մանկավարժ Շանթին անդրադառնալը, ծայրայեղ սկզբունքայնութեան հետեւանքով իր կրած «կորուստի» մասին զուարճալի մանրավէպ յիշենք, զոր կը պատմէ Մ. Իշխան։ Շանթ սակաւակեր էր ու մանաւանդ՝ կ’ուտէր զրկելով ինքզինք բազմատեսակ համադամ կերակուրներէ, քանի որ բժիշկ մը ախտորոշած էր, թէ լեարդը հիւանդ է եւ պէտք է խստիւ սննդականոնի հետեւի։ Ու Շանթ քառասուն տարի «ծոմ կը պահէր» առատ սեղաններու առջեւ։ 80-81 տարեկանին առաքելութեամբ մը կը ղրկուի Ամերիկա, հոն բժշկական քննութեան կ’ենթարկուի, որմէ կը պարզուի, թէ լեարդը աւելի քան առողջ է.
«-Երեւակայեցէ՛ք, ի զուր տեղ քառասուն տարի ինքզինքս զրկեր եմ համով ուտելիքներէ, ի զուր տեղ փախուստ եմ տուեր ճոխ սեղաններէ…
Շանթ երբ կը պատմէր այս դէպքը, ականջներուս մէջ կը հնչէին «Հին Աստուածներ»ու կոյր վանականին խօսքերը.
-Ի զո՜ւր հանեցիր աչքերդ…», կը գրէ Մ. Իշխան։
Շանթ-մանկավարժը իւրայատուկ երեւոյթ եղած է մեր իրականութեան մէջ։ Ինչպէս որ բանաստեղծ կը ծնին եւ ոչ թէ կը դառնան, մանկավարժութեան ասպարէզը եւս կ’ենթադրէ համապատասխան յատկանիշներու առկայութիւն անձին մէջ, ով յանձն կ’առնէ այդ դժուարին, պատասխանատու եւ շնորհակալ աշխատանքը։ Անտարակոյս մեծ է գիտելիքին՝ մանկավարժական ուսմունքին ու տարիքային հոգեբանութեան ծանօթութեան դերը, բայց միայն գիտելիքը բաւարար չէ, կայ նաեւ գործը սիրելու, պատասխանատուութիւնը գիտակցելու եւ ստանձնելու յանձնառութիւնը։ Շանթ մանկավարժ եղած է հոգեբանական ու մանկավարժական գիտելիքներու իր մեծ կարելիութիւններով, բնածին տուեալներով ու մանաւանդ՝ իր կարեւոր առաքելութեան բարձր գիտակցութեամբ։ Վստահաբար հեղինակին համոզումը կ’արտայայտէր իր հերոսներէն մին, ըսելով. «Մեր հաւաքականութեան մէջ վեհ գաղափարի մը ծառայելը ուսուցչական ասպարէզ ընտրելն է»։ Դպրոցը անոր համար եղած է ինչպէս եկեղեցի ու դասապահը՝ պատարագելու արարողութեան պէս՝ սրբազան։ Ըսուածին հաստատումը կը գտնենք դարձեալ Մ. Իշխանին քովը. «Սկզբունքը յարգած ըլլալու Շանթեան կարծր կեցուածքէն տխուր յիշատակ մըն ալ ունիմ։ …խօսելով դասաւանդման հիմնական սկզբունքներու մասին, Շանթ կը շեշտէ, թէ երբ զանգը հնչէ ու դասը սկսի, դասարանը եկեղեցիի պէս սրբավայրի մը կը վերածուի, որուն արարողութիւնը, այսինքն՝ դասաւանդումը որեւէ պատճառով պէտք չէ ընդմիջուի։
Պատարագիչ քահանան միթէ կրնա՞յ ընդհատել պատարագը։ Ոչ մէկ պատճառ, որքան ալ կարեւոր ու կենսական ըլլայ, պէտք չէ արգելք հանդիսանայ դասաւանդութեան կանոնաւոր ընթացքին։ Արդար եւ իրաւ»,- կը գրէ Իշխան ու կը շարունակէ պատմել, թէ ինչպէս օր մը դպրոցի տեսուչին կարեւոր ապահովագրուած նամակ եկած էր։ Արաբ նամակաբերը կը պնդէր, որ անպայման «միւտիրը» պէտք է ստանձնէր պահարանը եւ ստորագրէր։ Ինք արաբ պաշտօնեային կը յայտնէ, որ տեսուչը, այսինքն՝ Շանթ, դասի է ու կարելի չէ ընդհատել։ Կը խնդրէ իրեն տալ նամակը, սակայն մարդը ոչ միայն չի համաձայնիր, այլ չ’ըմբռներ, թէ ի՞նչ է անպատեհութիւնը երկու վայրկեանով դասը ընդհատուելուն։ Ի վերջոյ խորհելով, որ նամակը կրնայ կարեւոր ըլլալ, Իշխան, որ արդէն Ճեմարանի ուսուցիչ էր, կը զարնէ դասարանին դուռը։ Երկրորդ զարկին միայն Շանթ բարկացած կը բանայ ու թոյլ չտալով որ ան խօսքը աւարտէ, «շառաչաձայն փակեց դուռը»։ Մ. Իշխանին վիճակը դուք պատկերացուցէք, իսկ արաբին կը մնար ետ տանիլ նամակը, ըսելով՝ «եայպիշո՜ւմ»…
Այս դէպքին մասին կարդալու միջոցին ու այժմ ալ կը խորհիմ, թէ արդեօք դասաւանդութեանս երկար տարիներուն քանի՜ – քանի՜ անգամ հարկ զգացեր եմ դուռերը, եթէ ոչ շառաչաձայն, սակայն գոնէ նկատելի դժգոհութեամբ գոցել մարդոց երեսին….քա՜ւ լիցի, Շանթին հետ համեմատուիլ չէ նպատակս…
Երբեմն կը լսենք տարբեր դպրոցներու մէջ պաշտօնէութեան կամ վարչական անձերու հակամանկավարժական կարգ մը մօտեցումներու, մանրուք հարցերու մակարդակին իջնելու, բամբասանքի մթնոլորտ ձեւաւորուելուն նպաստող կեցուածքներու, կողմնակցութեան եւ այլ սխալներու մասին։ Այդ միջոցներուն է որ ամէն անգամ կը լսենք անցեալի մեր մեծ մանկավարժներու բազմիցս յայտնած պատգամները, թէ ուսուցիչը վեհանձն, շիտակ, ազնիւ նկարագիրի ու պահուածքի օրինակ պէտք է ըլլայ աշակերտներուն համար։

(շար.4)
Լալա-Միսկարեան Մինասեան