Անցեալի երանաւէտ օրերն էին…

Դպրոցական առօրեայ աշխատանքէս ետք, երեկոյեան մեծ խանդավառութեամբ կ’իջնէի փողոց եւ քայլերս կ’ուղղէի դէպի Սալիպէի այն թաղամասը, որուն վերջաւորութեան դէպի աջ կը գրաւէր Ազգ.Հայկազեան վարժարանի աղջկանց բաժինը, բայց ես շարունակելով ուղիղ ճամբաս կը թեքուէի դէպի ձախ՝ հասնելու Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մայր դուռին, որուն դիմացը Ազգ. Առաջնորդարանի մուտքն էր, իսկ պահակ-հայրիկը աթոռի մը վրայ նստած կը պատասխանէր եկեղեցիին բակը մտնող տղոց եւ աղջիկներուն տուած բարեւներուն։ Անոնց շարքին ես ալ զինք բարեւելէ ետք կ’անցնէի ներս՝ ուղղուելու Համազգայինի կեդրոն։

Յուզումը կը պատէր զիս եւ խռոված հոգիով կը լսէի բակին մէկ կողմը տեղ գրաւող սենեակին մէջ դպրապետ պրն. Վահէի ցուցմունքներով հնչող հեշտալուր շարականին ձայնը, դպիր տղաքն էին։ Խանդավառած կը բարձրանայի քովնտի սանդուխներէն վեր՝ ականջալուր ըլլալու այս անգամ թատերական փորձի ընթացքին պատասխանատու անձին թելադրանքներուն ու նկատողութիւններուն, դերակատարները լուռ կը հետեւէին։ Նոյն պահուն ականջալուր կ’ըլլայի «Զուարթնոց» երգչախումբի հմայիչ երգեցողութեան, որ առաւել կամ նուազ չափով ունկնդիրը կը փոխադրէր դէպի երաժշտական աշխարհի հոգեթով ոլորտներ։ Տիկ. Լիզէթն էր, որ մատներու մեղմ հպումով դաշնամուրի ստեղնաշարին միջոցով կեանք կու տար հսկայ սրահին, իսկ տեղ գրաւող տղաքն ու աղջիկները խանդավառութեամբ կը հետեւէին խմբավարին ցուցմունքներուն։

«Զուարթնոց»ի փորձատեղիին կից մեր վարչութեան սենեակն էր, որ տասնամեակներ ամբողջ ականատեսը եղած էր ուրախ եւ տխուր պահերու՝ հայրենի եւ դրացի երկիրներէ ժամանած գրողներու բարեդէպ այցելութեամբ, ինչպիսին էին տէր եւ տիկին Գէորգ Էմին, տէր եւ տիկին Պօղոս Սնապեան, Գրիգոր Շահինեան, Թամար Տասնապետեան… պարախումբերու ղեկավարներ՝ Նորիկ Մեհրապեան, Վիլէն Գալստեան եւ տակաւին բեմադրիչներու հոյլ մը, որոնք տարիներ ամբողջ իրենց լաւագոյնը տուած են յանուն մշակոյթի զարգացման։ Հապա ի՞նչ ըսել միջգաղութային կապերու ամրապնդման ծառայող հրաւէրներուն մասին, որոնց որպէս բնական հետեւանք կը սարքուէին աննախընթաց երեկոներ՝ երգի-պարի համոյթներու, որոնք իրագործուած կ’ըլլային մասնաճիւղերու համագործակցութեամբ։

Գլխաւոր սրահէն ներս, Կիրակի կէսօրներուն, շաբաթական հերթականութեամբ, Տիկնաց Յանձնախումբին կողմէ պատրաստուած սեղաններուն շուրջ բոլորուած ընտանիքները, ճաշելով մէկտեղ գեղարուեստական յայտագիրի մը ներկայացման կը միացնէին իրենց ծափողջոյնները. միւս կողմէն սրահին հայրիկը՝ պրն. Գրիգորը, խոհանոցի դռնէն գլուխը դուրս հանելով չէր գիտեր, թէ որո՛ւն հասնէր. պատանի տղաք եւ աղջիկներ միշտ բան մը ունէին պահանջելու, իսկ հայրիկը սիրով կ’ընդառաջէր։

Աւելցնենք տակաւին «Տոհմիկ Օր»երու կազմակերպումը, ինչ որ ամիսներու լարուած ճիգ եւ աշխատանք կ’ենթադրէր։

Սրտի անխառն գոհունակութեամբ յիշենք նաեւ Համազգայինի Հայագիտական Հիմնարկի աւելի քան երկու տասնեակ տարիներու բծախնդիր աշխատանքը, որուն շնորհիւ շրջանաւարտներու պատկառելի թիւ մը այսօր կը պաշտօնավարէ հայկական զանազան վարժարաններու եւ հաստատութիւններու մէջ, Հալէպ թէ այլուր։

Խոհանոցին կից գտնուող սրահը «Ա. Կորքի» կերպարուեստի ուսումնարանն էր, ուր տղաք եւ աղջիկներ նկարակալներու առջեւ նստած արուեստի գործերու կը ձեռնարկէին վկայեալ ուսուցիչներու անմիջական հսկողութեամբ։

Յիշեալ կեդրոնը աւելի քան 20 տարիներու անցեալ ունէր, իսկ աշակերտները բազմաթիւ առիթներով իրենց աշխատանքները ներկայացուցած էին ցուցահանդէսներով։

Հետագային, «Զուարթնոց»ի փորձերուն յատկացուած սրահը փորձավայր ըլլալէ դադրելով եղաւ Ազգ. Կեդրոնական Գրադարան, տեղ տալով տասնեակ հարիւրաւոր կրօնական, իմաստասիրական, գրական եւ այլ բնոյթի գիրքերու։ Կը պատահէր որ յաճախ ինքզինքիս հարց տայի, թէ արդե՞օք մտքիս հարստացման համար ինչպիսի՛ գիրքերէ կրնայի օգտուիլ հոն։ Շաբթուան մէջ նշանակուած երեկոներուն գրադարանը բաց էր. ընթերցողներ եւ ուսումնասէրներ օրական դրութեամբ կը ներկայանային իրենց նախասիրած գիրքը ապահովելու համար։

Այսպէ՛ս էր տասնեակներ ամբողջ Համազգայինի կեդրոնը իր զարթօնքի օրերուն։

 

Էմմա Ազարիկեան