Հաւատքի ախոյեաններուն երթը միշտ ալ Քրիստոսով յաղթանակ կերտելու խօսուն օրինակը եղած է։ Սուրբերուն աստուածահաճոյ ընթացքէն ներշնչուելով Հայ եկեղեցին կը պատուէ անոնց սրբաշող յիշատակը եւ տօնական յատուկ մթնոլորտով հանդիսաւորապէս կը մեծարէ զանոնք։
Արդարեւ, մեր եկեղեցւոյ տօնացոյցին մէջ իւրայատուկ տեղ վերապահուած է Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայրապետին, որուն պատուական անունը անջնջելիօրէն դրոշմուած է մեր պատմութեան ոսկեմատեանին մէջ։ Անոր շնորհիւ Հայաստան աշխարհը ընդգրկեց ուղիղ հաւատքը եւ քրիստոնէութիւնը հռչակուեցաւ որպէս պետական կրօնք։
Հայ Առաքելական Ս. եկեղեցին երեք առիթներով կը տօնէ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչին յիշատակը, հետեւեալ կարգով՝ «Յիշատակ Չարչարանաց եւ Մտանելոյն Ի Վիրապն», «Յիշատակ Ելանելոյն Ի Վիրապէն» եւ «Գիւտ Նշխարաց Սրբոյ Հօրն Մերոյ Գրիգոր Լուսաւորիչին»։
Կիրակի, 23 Յունիս 2019-ին, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, Մեծ Հայրապետին Ելն Ի Վիրապին եւ եկեղեցւոյս անուանակոչութեան օրհնաբեր զոյգ տօներուն առիթով, Ս. եւ Անմահ պատարագ մատուցուեցաւ։ Պատարագիչն էր Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեան։ Ներկայ էին Ազգ. Վարչութեան ներկայացուցիչներ եւ հաւատացեալներու խուռներամ բազմութիւն։
Լուսաւորիչ Հայրապետին հաւատքի մշտավառ կանթեղին շողով պայծառանալու պատեհութիւնը Աստուծոյ բարերար կամքին արտայայտութիւնն էր։ Օրուան հոգեշունչ խորհուրդով երանելի սուրբին կերպարըհ արազատ կերպով կը ներկայացուէր, որպէսզի հայը յուսադրուի եւ իրաւամբ Քրիստոսի հետեւի։
Դպրաց դասի քաղցրաձայն երգեցողութիւնը հոգիով հրճուելու եւ միաժամանակ աղօթական վիճակի մէջ ըլլալու կը հրաւիրէր։
Արժ. Տ. Մաշտոց Ա. քհնյ. Արապաթլեան եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքին անունով ողջոյնի եւ բարի գալուստի խօսք արտասանեց նորընտիր Առաջնորդին՝ Գերշ. Տ. Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեանին, մաղթելով արդիւնաբեր առաքելութիւն եւ ընդ երկար ծառայութիւն։ Ապա Առաջնորդ Սրբազան Հայրը փոխանցեց իր պատգամը։ Սրբազանը բազմաչարչար Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայրապետին հաստատուն հաւատքին վերաբերեալ անդրադարձաւ, մասնաւորելով անոր անմնացորդ նուիրուածութիւնը, ծով համբերութիւնը եւ ջերմեռանդ աղօթասիրութիւնը։ Սրբազան հայրը ըսաւ. «Հաւատքի վաւերական հասկացութիւնը բացորոշ կերպով պարզուեցաւ Ս. Գրիգորի վարք ու բարքին ընդմէջէն։ Անոր հաւատքի վկայութիւնը հրաշալի ազդեցութիւն ունեցաւ։ Ան խորապէս համոզուած էր թէ փրկութեան աւետիսը տարածելու համար հարկ է արիաբար բարիին կառչիլ, մեղքէն հրաժարիլ, առաքինութեամբ զինուիլ եւ Աւետարանի սկզբունքներով առաջնորդուիլ։ Այսպէս ալ ընթացաւ Հայոց Հայրապետը։
Հայաստան աշխարհը Քրիստոսի սքանչելի լոյսով պայծառացաւ եւ ճշմարիտ Աստուծոյ ծանօթութեան գանձերով հարստացաւ։ Մենք եւս, որպէս որդիները մեր հաւատքի հօր, կանչուած ենք փրկութեան հասնելու սրբանուէր նպատակով ապրիլ, այդպէս կարելի կþըլլայ արժեւորել մեր հայապատկան կոչումը»։
Սրբազան Հայրը նաեւ ակնարկեց Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ դերակատարութեան մասին ըսելով. «Այս հոգեխօս եկեղեցին գործեց հոգեւոր մխիթարութեան, բարեպաշտութեան, աղօթասացութեան եւ հոգեմտաւոր արժէքներու տարածման ի խնդիր։ Հակառակ պատերազմի դառն օրերուն մնաց անխորտակելի աղօթքի տուն եւ անպարտելի հաւատքի միջնաբերդ։ Շատե՜ր այստեղէն անցան ու յետագային դարձան սպասաւորներ Ս. Խորանի եւ ծառաները ժողովուրդին։ Թող Տէր Աստուած առատապէս օրհնէ եւ վարձատրէ բոլոր նուիրեալները»։
Յետ Ս. եւ Անմահ պատարագի կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ ծառայած հին ու նոր ննջեցեալներու հոգւոյն համար։ Ապա եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ «Անդաստան»ի արարողակարգ, որմէ ետք հնչեց «Կիլիկիա» մաղթերգը։
«Պահպանիչ» աղօթքով աւարտին հասաւ հոգեպարար արարողութիւնը։
Հաւատացեալներ Առաջնորդ Սրբազան Հօր օրհնանքը ստացան խաչահամբոյրի ճամբով։
Եկեղեցւոյ դահլիճէն ներս Սրբազան Հայրը մտերմիկ հանդիպում ունեցաւ եկեղեցւոյս ընտանիքին հետ, որու ընթացքին Թաղական Խորհուրդը Սրբազան Հօր յանձնեց Հալէպի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ պատմագիրքը։
Սրբազան Հայրը իր գնահատանքը յայտնեց բոլորին, մաղթելով բեղուն ծառայութիւն եւ արեւշատութիւն։
Թող Աստուած բազմապատկէ մեր հաւատքը, որպէսզի քալենք Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայրապետին հետքերով։

Խորէն Քհնյ. Պէրթիզլեան