ՀՄԸՄ-ի Սուրիոյ Ներկայացուցչական 21-րդ Ժողովը տեղի ունեցաւ Կիրակի, 23 Յունիս 2019-ի առաւօտեան ժամը 9:00-ին, Ա. Մանուկեան Ժ. Տան «Լեւոն Շանթ» սրահէն ներս, ներկայութեամբ՝ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ եղբ. Գառնիկ Մկրտիչեանի, ՀՄԸՄ-ի Սուրիոյ Շրջանային Վարչութեան, Շրջ. Սկաուտ Խորհուրդին եւ Խմբապետութեան, ՀՄԸՄ-ի Հալէպ, Գամիշլի, Լաթաքիա եւ Քեսապ մասնաճիւղերու ներկայացուցիչներուն, Շրջ. Վարչութեան յանձնախումբերուն եւ ժողովի հրաւիրեալներուն:
Բացումը կատարուեցաւ «Յառաջ Նահատակ» քայլերգով, ապա ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգեցին ՀՄԸՄ-ական նահատակներուն յիշատակը:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ ՀՄԸՄ-ի Սուրիոյ Շրջ. Վարչութեան ատենապետ եղբ. Մանուկ Քէօշկէրեան: Ողջոյնի եւ բարի գալուստի խօսքէն ետք ան յայտնեց, որ ՀՄԸՄ-ի առաքելութիւնը կը հարկադրէ նոր եւ իրագործելի ծրագրեր մշակել՝ օրուան պայմաններուն թոյլատրած սահմաններուն մէջ, եւ այժմէական քայլեր առնել նոր սերունդին ակնկալութիւններուն յագուրդ տալու համար:
Ժողովին այցելեցին Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Ս. Եպս. Զօպուեան եւ Պատկան Մարմինի ներկայացուցիչ Կարօ Իւզպաշեան:
ՀՄԸՄ-ը հիմնադրութեան տարիներէն ի վեր հայ պատանիին ջամբեց ազգային, մարմնակրթական, մտային եւ հոգեւոր կրթութիւն, իր մէջ աճեցնելով այն արժէքները, որոնցմով գօտեպնդուած մեր նախնիները կարողացան յաղթահարել բոլոր դժուարութիւնները:
Պատկան Մարմինի ներկայացուցիչ Կարօ Իւզպաշեան յայտնեց, որ ՀՄԸՄ-ը ջարդէն ճողոպրած մեր ժողովուրդին յաղթանակի, վերապրումի եւ դէպի փայլուն ապագայ առաջնորդուելու խանդավառ մթնոլորտ ստեղծեց:
Այնուհետեւ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ եղբ. Գառնիկ Մկրտիչեան խօսք առնելով շնորհաւորեց Բերիոյ Հայոց Թեմը եւ ազգային կառոյցները՝ նորընտիր Առաջնորդ Սրբազան Հօր նշանակումին առիթով, աւելցնելով, որ ՀՄԸՄ-ը եւ Կիլիկիոյ Աթոռի միաբանութիւնը արեւմըտեան Հայաստանէն գաղթելով Սփիւռք դարձած են եւ մէկ ամբողջութիւն կազմած:
«ՀՄԸՄ-ը այսօր գաղութները իրարու քով բերելու եւ կազմակերպելու հրամայականին առջեւ կը գտնուի», շեշտեց ան:
ՀՄԸՄ-ի Սուրիոյ Շրջ. Վարչութեան ատենապետ եղբ. Մանուկ Քէօշկէրեան Առաջնորդ Սրբազան Հօր եւ Պատկան Մարմինի ներկայացուցիչին նուիրեց Միութեան 100-ամեակին յուշանուէրները:
Յաջորդաբար ընթերցուեցան ՀՄԸՄ-ի Հալէպ, Գամիշլի, Լաթաքիա եւ Քեսապ մասնաճիւղերու տեղեկագրերը, այնուհետեւ ընթերցուեցաւ ընթացաւարտ Շրջ. Վարչութեան նիւթաբարոյական տեղեկագիրը: Ժողովը հանգամանօրէն քննեց ընթացաւարտ Շրջանային Վարչութեան տեղեկագիրը, կատարուեցաւ ըստ էութեան քննարկում եւ ներկայացուեցան առաջարկներ յառաջիկայ գործու-նէութեան համար:
Կարդացուեցաւ նաեւ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ամփոփ տեղեկագիրը:
Ժողովը ընթացաւարտ Շրջ. Վարչութեան տարած աշխատանքը գնահատելի համարեց:
Ժողովի աւարտին ընտրուեցաւ Շրջանային Վարչութեան նոր կազմը հետեւեալ պատկերով,-
Եղբ. Աւետիս Տէրվիշեան
Եղբ. Արտաշէս Փայասեան
Եղբ. Եղիա Քիլէճեան
Եղբ. Կարօ Գալայճեան
Եղբ. Յարութ Օգճեան
Քոյր Մարիա Գաբուճեան
Եղբ. Մինաս Պալեան (Լաթաքիա)
Եղբ. Զաւէն Գասպարեան (Գամիշլի)
Եղբ. Գէորգ Գալէմքէրեան (Դամասկոս)
ՀՄԸՄ-ի պատգամաւորական 12-րդ Ընդհ. ժողովին համար Սուրիոյ շրջանէն պատգամաւորներ ընտրուեցան Եղբ. Մանուկ Քէօշկէրեան եւ Եղբ. Յարութ Գաբրիէլեան:
Աւարտին, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ եղբ. Գառնիկ Մկրտիչեան գնահատեց ընթացաւարտ Շրջ. Վարչութեան աշխատանքը, հրաւիրելով այլ շըրջանները օրինակ քաղելու Սուրիոյ շըրջանի աշխոյժ գործունէութենէն, հակառակ երկրին մէջ տիրող պատերազմական անբարենպաստ պայմաններուն, ապա ան յաջողութիւն մաղթեց նորընտիր Շրջ. Վարչութեան:
Ժողովը փակուեցաւ «Ով Հայ Արի» քայլերգով:

ՀՄԸՄ-ի Սուրիոյ Շրջ. Վարչութիւն