Սփիւռքի մէջ մամուլը հայապահպանման, մտաւոր աշխատանքի եւ հասարակական կարծիք ձեւաւորելու անփոխարինելի հարթակ է, որուն մէջ կ’արտացոլայ նաեւ գաղութային կեանքը իր բոլոր երեսներով: Հայ մամուլը՝ իր մշտական սպասարկուներուն կողքին աւիւն կը ստանայ երիտասարդ գրողներէն: Լրագրող մարդուժի պատրաստութիւնը կարեւոր քայլ մըն է, յատկապէս վերականգնումի փուլին:
Այս ելակէտէն մեկնած եւ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա.Կաթողիկոս Վեհափառ Հայրապետին 2019 տարին «Հայ Մամուլի Տարի» հռչակած ըլլալուն բարեբաստիկ առիթով, Հինգշաբթի, 27 Յունիս 2019-ին, Հալէպի Արամ Մանուկեան Ժողովրդային Տան «Լեւոն Շանթ» սրահէն ներս ընթացք առաւ «Գանձասար» պաշտօնաթերթի խմբագրութեան կողմէ նախաձեռնուած լրագրութեան դասընթացքի առաջին փուլը, որուն մաս կազմեցին 45 երիտասարդներ:
Երեք օրերու վրայ երկարող սոյն դասընթացքին իրենց մասնակցութիւնը բերած էին «Գանձասար»ի աշխատակիցներ եւ միութիւններու թղթակիցներ: Ծրագիրը ի միտի ունէր տեսական եւ գործնական բաժիններով վարժողական աշխատանքի ընդմէջէն ապագայ լրագրողներու հոյլ մը յառաջացնել եւ ուղի բանալ աստիճանաբար լրագրական աշխատանքի մասնագիտական սահմաններուն մօտենալու:
Առաջին օրը ընդհանուր երեք բաժիններով լրագրական մարզի ծանօթացման առնչուող նիւթեր մատուցուեցան: Առաջին դասախօսն էր «Գանձասար» շաբաթաթերթի խմբագիր Զարմիկ Պօղիկեան, որ ողջունելէ ետք ներկաները «Ի՞նչ է Լրագրութիւնը» խորագիրին տակ ներկայացուց լրագրութեան նպատակը, թիրախ լսարանները, լուրերու պատրաստութեան եղանակը, լեզուն, ոճը, լրագրողին ձեռք բերելիք հմտութիւններն ու յատկանիշները, ապա նաեւ լրագրութեան եւ յօդուածագրութեան տեսակները:
Երկրորդ դասախօսն էր Հալէպի Նահանգային Խորհուրդի անդամ, փաստաբան, լրագրող եւ կըրթական մշակ Մարիա Գաբրիէլեան: Ան ներկայացուց վերջին տարիներուն մամուլին մէջ հետաքրքրութեան արժանացած «Մարդկային տիպարներ»ու ընդմէջէն երեւոյթներ պարզելու, հարցեր արծարծելու լրագրական ձեւն ու ոճը:
Գաբրիէլեան բացատրեց, թէ նմանատիպ նիւթերու պատրաստութեան ընթացքին անհրաժեշտ է կեդրոնանալ անհատին մարդկային յատկանիշներուն վրայ, զգոյշ ըլլալ նիւթի գլխաւոր դերակատարին եւ անոր ընդմէջէն փոխանցելի պատգամին ընտրութեան պարագային եւ պատումը հարազատօրէն ներկայացնել, շեշտը դնելով նաեւ դերակատարին առօրեայ միջավայրին վրայ: Ապա մասնակիցները յիշեալ ոճով պատրաստուած յատուկ տեսանիւթեր դիտեցին։
Երրորդ դասախօսն էր հալէպահայ գրող եւ կրթական մշակ Լեւոն Շառոյեան: Ան հաճելի մէջբերումներով ներկայացուց «Ո՞վ է թղթակիցը եւ ի՞նչ է թղթակցութիւնը» նիւթը: Շառոյեան մամուլի կարեւորութեան եւ թերթի մը բովանդակութեան մասին խօսելով պարզաբանեց թղթակից ըլլալու լրացուցիչ պայմաններն ու անհրաժեշտ հմտութիւնները, որոնք անհրաժեշտ են սկսնակ լրագրողներու համար եւ կ’առաջնորդեն անոնց քայլերը: Ան դիտել տուաւ, որ թէեւ թղթակցութիւնը լրագրութեան ձեւերուն մէջ ամէնէն մատչելին է, սակայն նոյնքան էական է պատմութեան մէջ փաստ արձանագրելու առումով:
Դասընթացքի մասնակիցները հարցումներով եւ կարծիքներու փոխանակումով մասնակից դարձան մատուցուած նիւթերուն:
Խմբագրութիւնը, որպէս առաջին քայլ, նախատեսած է դասընթացքներու շարք մը կազմակերպել այս տարուան ընթացքին։
Երկրորդ հանդիպումը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 28 Յունիս 2019-ին, Հալէպի Արամ Մանուկեան Ժողովրդային Տան «Լեւոն Շանթ» սրահէն ներս։ Երկրորդ օրուան յայտագիրը բաժնուած էր երեք մասերու։
Առաջին դասախօսն էր Սուրիոյ Հայ Դատի յանձնախումբի պատասխանատու ատամնաբոյժ տոքթ. Ռուբէն Գէորգեան նիւթ ունենալով «Հայկական Պահանջատիրութեան Արտացոլումը Մամուլի Մէջ»։ Ան իր նիւթը սկսաւ Հայ Դատի մասին ընդհանուր ակնարկ մը տալով, ապա անդրադարձաւ այս թեմայով յօդուած գրելու, ինչպէս նաեւ մամուլի եւ ելեկտրոնային մամուլի մէջ հանրային կարծիք յառաջացնելու կարեւորութեան։ Տոքթ. Գէորգեան շեշտեց, որ Հայ Դատի մասին յօդուած պատրաստող լրագրողը պէտք է ոչ միայն լայնածաւալ տեղեկութիւններ ամբարած ըլլայ այս առնչութեամբ, այլ զանոնք իւրացնելով գիտնայ անոնց տեղին օգտագործումը: Ան անդրադարձաւ այն տեղեկութիւններուն եւ զարգացումներու ոլորտներուն, որոնց անհրաժեշտ է հետեւիլ Հայ Դատի առօրեայ աշխատանքներուն հետ քայլ պահելու համար: Աւարտին դասախօսը սահիկի վրայ ցուցադրեց Հայ Դատի մասին օգտաշատ կայքէջեր, որոնք կը ծառայեն լրագրողին գիտելիքները թարմացնելու:
Երկրորդ դասախօսն էր Մարիա Գաբրիէլեան: Ան ներկայացուց լրատուական տեսակներէն՝ հարցազրոյցը: Ան բացատրեց հարցազրոյց վարող լրագրողի յատկութիւններուն, հարցազրոյց պատրաստելու հանգրուաններուն եւ վարելու սկզբունքներուն մասին: Ան շեշտեց նախապատրաստական աշխատանքին կարեւորութեան, որուն ընթացքին լրագրողը լաւապէս կը ծանօթանայ հարցազրոյցի նիւթին եւ անձնաւորութեան: Օրդ. Գաբրիէլեան անդրադարձաւ հարցազրոյցի հարցումներուն տեսակներուն, պատասխաններու արձանագրութեան ձեւերուն, ինչպէս նաեւ հարցազրոյցի ժամանակ որոշ դժուարութիւններ շրջանցելու միջոցներուն: Եւ հուսկ բացատրեց հարցազրոյցի կառոյցին, տեսակներուն եւ անոնց կցուած նկարներու ընտրութեան ձեւերուն մասին:
Երրորդ դասախօսն էր Լեւոն Շառոյեան: Ան շարունակեց առաջին օրուան «Ո՞վ է թղթակիցը եւ ի՞նչ է թղթակցութիւնը» նիւթը: Շառոյեան շեշտեց, որ լրագրողը անհրաժեշտ է գաղափար ունենայ իր պատրաստելիք թղթակցութեան ձեռնարկի բնոյթէն: Դասախօսը ներկայացուց լեզուական շարք մը ընդհանրացած սխալներ, որոնց պէտք է ուշադրութիւն դարձնել: Ապա տեղի ունեցաւ գործնական վարժողական աշխատանք, որուն ընթացքին մասնակիցները մեծ հետաքրքրութեամբ եւ հաճոյքով կատարեցին վարժութիւնները, իւրացնելով բացատրուած լեզուական սկզբունքները:
Ծրագիրին երրորդ օրը հիմնուած էր խմբային աշխատանքներու վրայ: Աշխատանքները ընթացան երեք խումբերու մէջ՝ յօդուածագրութիւն, թարգմանութիւն եւ թղթակցութիւն: Իւրաքանչիւրը իր նախասիրած բաժինը ընտրելով միացաւ այս խմբակներէն մէկուն:
Յօդուածագրութեան խումբը կը ղեկավարէր Զարմիկ Պօղիկեան, որ ներկաներուն նախօրօք պատրաստած գրութիւններուն շուրջ թելադրանքներ եւ ուղղութիւններ տալով առաւել յստակացուց գրելու ձեւերը: Ապա ան ընդհանուր ձեւով ներկայացուց յօդուած գրելու քայլերը եւ այն սխալները որոնցմէ պէտք է խուսափիլ:
Թարգմանութեան խումբը ստանձնած էր «Գանձասար» շաբաթաթերթի սրբագրիչ եւ կրթական մշակ Զեփիւռ Պապիկեան: Ան անդրադարձաւ երկու բնոյթի թարգմանութեան՝ արաբերէնէ հայերէն եւ արեւելահայերէնէ արեւմտահայերէն ձեւերուն: Անոնց ուղղութիւններ տուաւ, թէ ինչպիսի բառարաններ օգտագործելով կարելի է աւելի դիւրացնել աշխատանքը: Ապա խումբը միասնաբար քննարկեց մասնակիցներուն նախօրօք պատրաստած թարգմանական փորձերը:
Երրորդ խումբին մէջ Լեւոն Շառոյեան վարժողական ծրագիրներով, սխալ ըսելաձեւերուն անդրադառնալով յաջող թղթակցութեան համար կարեւոր կէտերը փոխանցեց: Ապա խումբին մէջ ընթերցուեցաւ մասնակիցներուն բերած կարճ թղթակցութիւնները եւ ըստ այնմ քննարկումներ կատարուեցան:
Խմբագրութիւնը, որպէս առաջին քայլ, նախատեսած է  դասընթացքներու շարք մը կազմակերպել տարուան ընթացքին: Սոյն դասընթացքին առաջին փուլը աւարտեցաւ մասնակիցներու բարձր տրամադրութեամբ եւ լրագրութեան հանդէպ անոնց հետաքրքրութիւնը արթնցնելով:
«Գանձասար»