Չորեքշաբթի 3 Յուլիս 2019-ին, առաւօտեան ժամը 11:00-ին, Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդարանի դահլիճէն ներս, Սուրիոյ Հայ Աւետարանական համայնքի Պետ Վեր. Յարութիւն Սելիմեան, համայնքի մարմիններէն կազմուած յատուկ պատուիրակութեամբ շնորհաւորական այցելութեան համար հանդիպում ունեցաւ Թեմիս նորընտիր Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Եպս. Զօպուեանի հետ:
Ներկայ էին Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգ. Վարչութեան եւ Կրօնական ժողովի ներկայացուցիչները: Վերապատուելի Սելիմեան իր ուրախութիւնը յայտնեց այս բարեպատեհ առիթին համար, նշելով թէ Հայ Եկեղեցին իր առաքելութեամբ եղած է հոգեւոր եւ ազգային արժէքներու պահապանը, իրողութիւն մը, որ շեշտուած է բոլոր ժամանակներուն մէջ:Ան նաեւ համայնքին անունով նորընտիր Առաջնորդին մաղթեց օրհնաբեր գործունէութիւն եւ արեւշատ օրեր:
Թեմիս Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Եպս. Զօպուեան իր կարգին բարի գալուստի խօսք արտասանեց Վերապատուելիին եւ պատուիրակութեան, դիտել տալով թէ սերտ գործակցութիւնը ակնյայտ կերպով կը պարզէ Քրիստոսի հաստատած սիրոյ սկզբունքին ներգործող ուժականութիւնը հայկական իրականութեան եւ միջ համայնքային կեանքէն ներս:
Սրբազան Հայրը իր աղօթաբոյր խօսքերով գոհութիւն մատուցեց Աստուծոյ, որուն շնորհիւ կարելի է ստանձնել Թեմակալ Առաջնորդի պաշտօնը, որուն ճամբով ծառայութեան նոր հանգրուան կը բացուի իր եկեղեցական կեանքին մէջ: