«Արմէնփրէս».- Արցախի Հանրապետութեան Նախագահ Բակօ Սահակեան 4 Յուլիսին ընդունած է Հայաստանի Հանրապետութեան արտսքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեանը:
Արցախի Հանրապետութեան Նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութիւնը հաղորդած է, որ քննարկուած են արտաքին քաղաքականութեան եւ այդ ոլորտէն ներս հայկական երկու պետութիւններու գործակցութեան առնչուող շարք մը հարցեր:
Հանդիպումին մասնակցած են ԱՀ արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեան եւ պաշտօնատար այլ անձինք: