«Հայերն Այսօր».-Արմատներով արցախցի ռուսատանաբնակ Արթուր Ճալալովի անմիջական նիւթական աջակցութեամբ` «Միսթիք Երկիր Առան» վերնագիրով Արցախի մասին
պատմավաւերագրական նոր ժապաւէն պիտի նկարահանուի:
Ժապաւէնի նկարահանումները մեկնարկած են 11 Յուլիսին, Ստեփանակերտէն:
«Արցախփրէս»ի թղթակիցին հետ զրոյցի ընթացքին ժապաւէնի հեղինակ Լեւոն Գալստեան ըսած է, որ սա փորձ մըն է մօտենալու Արցախի այն գաղտնիքին, թէ ինչպէս դարեր շարունակ, մաքառելով օտար նուաճողներու դէմ, ան կրցած է պահպանել իր կիսանկախ գոյութիւնը:
Ի դէպ, Առանը Արցախի հնագոյն անուանումն է:
Լ. Գալստեան յատկապէս նշած է. «Ֆիլմը իւրատեսակ խորհրդածութիւն է. ան ոչ թէ սոսկ փաստավաւերագրական պատում է, ուսումնական կամ ճանաչողական նիւթ, այլ կը բացայայտէ այն հարցը, թէ ինչպէս եւ ինչ բանի շնորհիւ ազատասիրութեան, յամառութեան, անկոտրում ոգին ժառանգուած ու պահպանուած է: Մենք կը փորձենք դիտարկել աւելի համապարփակ եւ լայնօրէն, որպէս իւրատեսակ պայքար չարի ու բարիի, լոյսի ու խաւարի միջեւ»:
Հեղինակը աւելցուցած է, որ բեմագրութեան մէջ ներկայացուած են Արցախի հերոսական ու շրջադարձային դրուագներ: Կը ներկայացուի հայ ժողովուրդի հոգեւոր մաքառման ողջ ընթացքը, ոչ միայն փաստերու, այլեւ հոգեւոր կենսագրութեան միջոցով:
ժապաւէնին մէջ նկարահանուած են Արցախի մէջ ապրող տարբեր տարիքի ու զբաղմունքի մարդիկ:
« Արցախի մասին բազում փաստավաւերագրական ժապաւէններ կան, որոնք այսօր կը նկարահանուին եւ տակաւին պիտի նկարահանուին: Մենք փորձած ենք այլ դիտանկիւնէ մօտենալ` մշակութաբանական, հոգեւոր, որ հանդիսատեսին համար պիտի բացայայտէ արցախեան տիպարը, Արցախի գոյատեւման եւ, անշուշտ, յարատեւման գաղտնիքը», ըսած է Լ. Գալստեան: