«Անթիլիաս».-Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Լիբանանի  Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վահագն Աթաբէկեան, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքին մէջ:

Վեհափառ հայրապետին եւ դեսպանին հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ վերարժեւորումի ենթարկելու Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ քանի մը օրեր առաջ տեղի ունեցած հայ մամուլի համահայկական համագումարը: Անոնք կարեւորութեամբ ընդգծեցին յիշեալ համագումարին եզակի կարեւորութիւնը՝ թէ՛ իր ունեցած համահայկական տարողութեամբ եւ թէ հարցերու անկեղծ եւ իրապաշտ քննարկումով:

Հայրապետը յատկապէս շեշտեց մամլոյ ազատութիւնը անեղծ պահելու հրամայականը, ինչպէս նաեւ մեր ժողովուրդը յուզող հարցերուն գծով մամուլին քննական, իրապաշտ ու պատշաճ մօտեցումը՝ հեռու մնալով ամէն տեսակ ապատեղեկատուական մօտեցումներէ: Ան նաեւ յիշեց, որ համագումարով սկսած գործընթացքը անհրաժեշտ է որ շարունակուի Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք եռամիութեան մամլոյ պատասխանատուներուն ամբողջական ու համապարփակ մասնակցութեամբ: