«Արմէնփրէս».- Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին անդրադարձած է Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ բացուած հաղորդակցական անմիջական կապին:
Ան յայտնած է, որ ան կը բանի, բայց ատիկա չ՛երաշխաւորեր, որ Հայաստանը զոհեր չունենայ:
«Մենք կ՛աշխատինք, որ բանակցութիւնները ունենան յստակ արդիւնք, իսկ ինչո՞ւ անոնք չունին շօշափելի, յստակ արդիւնք: Ես հիմա միջազգային հանրութեան ներկայացուցիչներու հետ, երբ կ’ուզեմ նկարագրել իրավիճակը, թէ ինչու բանակցութիւնները յառաջ չեն երթար, կ’ըսեմ, որ ընդամէնը մէկ պատճառ եւ մէկ նախադասութիւն կայ: Երբ ես ընտրուեցայ Հայաստանի վարչապետ, յայտարարեցի, որ լուծման որեւէ տարբերակ պէտք է ընդունելի ըլլայ Ղարաբաղի, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ժողովուրդներուն համար»:
«Ասիկա աննախադէպ յայտարարութիւն էր, որովհետեւ Հայաստանի Հանրապետութեան ոչ մէկ իշխանութիւն նման բան ըսած էր: Ասիկա լուրջ հիմք կը ստեղծէ բանակցային հոլովոյթի յառաջընթացին համար, բայց Ատրպէյճանի նախագահը կը հրաժարի արտաբերել այս նախադասութիւնը, իսկ յառաջընթացին համար ան ալ պէտք է ըսէ, որ տագնապի լուծման տարբերակը պէտք է ընդունելի ըլլայ բոլորին համար», դիտել տուաւ Փաշինեան:
Ըստ վարչապետին, քանի դեռ տակաւին այդ նախադասութիւնը Ատրպէյճանի կողմէ չէ արտասանուած, կը նշանակէ բանակցութիւնները արդիւնաւէտ չեն:
«Հետեւաբար, որեւէ մէկը, որ կը մտածէ, թէ Ղարաբաղի հարցին լուծումը կրնայ ընդունելի ըլլալ Ատրպէյճանի ժողովուրդին համար եւ ընդունելի չըլլալ Ղարաբաղի ու Հայաստանի ժողովուրդին համար, ան ոչ Ղարաբաղի ժողովրդը կը ճանչնայ, ոչ ալ Հայաստանի ժողովուրդը», եզրափակեց Փաշինեան: