Լոյս տեսած է «Վէմ» համահայկական հանդէսի 2019 թուականի 2-րդ թիւը` 350 էջ ծաւալով եւ հարուստ բովանդակութեամբ:
Խմբագրականին մէջ փորձ կատարուած է համակողմանի քննութեան ենթարկել վերջին մէկ տարուան ընթացքին հայ քաղաքական մտքի համար կրկին առաջնահերթ դարձած Հայաստանի քաղաքական արեւելումներու հարցը, որուն ռազմավարական տեսանկիւններու բացայայտումը թոյլ կու տայ լուսարձակի տակ առնել այս լուրջ հարցին ներքաղաքական շահարկումներու ողջ պարզունակութիւնը:
«Վէմ» հանդէսը 2019 թուականի 2-րդ թիւով կը սկսի 24 Մայիս 2019-ին ՀՅ Դաշնակցութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Պատմութեան հիմնարկի համատեղ ջանքերով կազմակերպուած` «Միացեալ Հայաստանի անկախութեան 1919 Մայիսի 28-ի աքթը. պատմութիւն եւ արդիականութիւն» գիտաժողովի նիւթերու հրապարակումը: Որոնց շարքին առաջինը Արարատ Մ. Յակոբեանի «Միացեալ Հայաստանի անկախութեան աքթը: Ընդունման 100-ամեակի առթիւ» ուսումնասիրութիւնն է, որուն ընդարձակ տարբերակը շուտով լոյս կը տեսնէ նաեւ առանձին գրքոյկով: Այդ գիտաժողովին կարդացուած միւս զեկոյցները կը հրապարակուին «Վէմ»ի յաջորդ թիւով:
Հանդէսի 2019 թուականի 2-րդ թիւը հարուստ է երիտասարդ ու խոստմնալից ուսումնասիրողներու թարմ ու հետաքրքրական հրապարակումներով, որոնցմէ կարելի է մատնանշել Էդիտա Գ. Գզոյեանի իրականացուցած` Մատակասկարում հայկական գաղութ ստեղծելու` 1925-1926 թուականներուն ծրագրի և 1940-ական թուականներուն հիթլերեան Գերմանիոյ կողմէ հրէական հարցի «լուծման» համար նախատեսուած` «Մատակասկարեան նախագծի» համեմատական քննութիւնը:
Երիտասարդ գիտնականներ Նարեկ Ա. Մկրտչեանի եւ Գէորգ Ա. Ճաղարեանի ջանքերով գիտական շրջանառութեան մէջ դրուած է Ազրպէյճանի մէջ 1980-ականներու վերջերը-1990-ականներու սկիզբը տեղի ունեցած հայկական ջարդերու դատապարտման նուիրուած արժէքաւոր փաստաթուղթ մը, որ 1990 յուլիս 27-ին «Նիւ Եորք Թայմզ»ի էջերուն մէջ հրապարակած են մարդասիրական գիտութիւններու բնագաւառին մէջ համաշխարհային հռչակ ունեցող գիտնականներ Հանս-Գէորգ Կատամերը, Եուրկեն Հապերմասը, Ժաք Տերիտան, Ժան-Ֆրանսուա Լիոթարը, Էմանուէլ Լեւինասը եւ ուրիշներ: Հետագային այս գիտնականներէն բազմաթիւ յղումներ կատարուած են մեր հարեւան Ազրպէյճանի մէջ` մոռնալով 1990-ին «Նիւ Եորք Թայմզ»ի մէջ լոյս տեսած` «Բաց նամակ առ միջազգային հանրութեան կարծիքը Խորհրդային Միութիւնում հակահայկական ջարդի վերաբերեալ» փաստաթուղթի մասին: Հայ ժողովուրդին ուղղուած աջակցութեան այս աննախադէպ քայլը անուշադրութեան մատնուած է նաեւ մեր քարոզչութեան ու դիւանագիտութեան կողմէ:
Ուշագրաւ է նաեւ մէկ այլ երիտասարդ գիտնականի` Նարինէ Մ. Նուշերվանեանի ուսումնասիրութիւնը` Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան շրջանին ծնունդ առած` «հայրենիքի տուրքի» մասին, որ ըլլալով մինչ այդ արեւմտահայ իրականութեան մէջ տարածում գտած` «ազգային տուրք» հասկացողութեան նորացուած եւ պետականութեան պայմաններուն յարմարեցուած տարբերակը` խիստ արդիական է նաեւ մեր օրերուն:
«Վէմ»ի 2019 թուականի 2-րդ թիւին մէջ տեղ գտած են նաեւ հանդէսի ընթերցողներուն արդէն քաջածանօթ աւագ սերունդի գիտնականներու ուսումնասիրութիւններն ու հրապարակումները: