«Ազդակ».-Զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան ստացաւ շնորհաւորագիր մը, յղուած` Լիբանանի մէջ զբօսաշրջական հաստատութիւններու սեփականատէրերու համախմբումին կողմէ:

Շնորհաւորագիրին մէջ համախմբումը ողջունեց նախարար Կիտանեանի ի գործ դրած ջանքերը` զբօսաշրջութեան մարզը աշխուժացնելու նպատակով:

Շնորհաւորագիրը կ՛ըսէ հետեւեալը.

«Արդեօք հիմա քեզ կը տեսնե՞ն իբրեւ բոլոր լիբանանցիներուն նախարարը, որ անցաւ ամբողջ շրջաններով, այցելեց բոլոր համայնքները եւ ամիսներով գլխաւորեց նախարարութեան աշխատանքները` պատրաստելու եւ կազմակերպելու զբօսաշրջական այս եղանակը, գործադրելով Լիբանանի ազգային քայլերգին «Մեր խօսքն ու գործը» սկզբունքը:

«Քու խոստումներդ թուղթի վրայ արձանագրուած թանաքի սահմաններուն մէջ չմնացին: Ահաւասիկ կը վայելենք տօնակատարութիւններն ու փառատօները, ինչպէս նաեւ կը նշմարենք արաբ եւ օտար զբօսաշրջիկները, որոնք կ՛ուղղուին Լիբանան: Դուք Սինտիպատի ճամբորդութիւններուն նման շրջագայութիւններով ամբողջ Լիբանանի տարածքին կը գործէք: «Թրիփոլիէն Պաթրուն, Սուր, Պաալպեք, Պէյթէտտին, Զահլէ, Պիքֆայա եւ Տուհուր Շուէյր` հասնելով մինչեւ մայրաքաղաք Պէյրութ, դուք կը մարմնաւորէք Լիբանանի եւ անոր քաղաքակրթութեան իսկական դէմքը:

«Դուք ձեր անձով լաւագոյնս կը ներկայացնէք հայկական դարաւոր կուսակցութեան եւ անոր իմաստուն ղեկավարութեան պատմական դերակատարութիւնը: