Քառասուն օրեր անցան առանց Յովսէփի…

Դժուար եղան այս քառասուն օրերը: Ինչպէս անձիս, նոյնպէս իր մտերմութեան մէջ եղած շատերուն համար դժուար պիտի ըլլայ երկար ժամանակ, որ վարժուին առանց Յովսէփի ժողովական միջավայրին թէ ընկերական կամ կենցաղային հանդիպումներուն, որոնք նոյն «համը» պիտի չունենան երբեք, ինչպէս որ կ’ունենային անոնք, երբ ներկայ էր ինք:

Ամէն անգամ որ երէկի մտերիմները կամ գործակիցները քով-քովի գան, անպայման պիտի զրուցեն անոր բացակայութեան հետ եւ զինք պիտի վերակենդանացնեն յուշերու ճամբով:

Զարմանալի է Նախախնամութեան տնօրինումը: Հրաշք-կեանքի պարգեւին հետ եւ թերեւս այդ պարգեւին շարունակականութեան համար իսկ Նախախնամութիւնը կենդանական աշխարհին վիճակած է նաեւ մահ-«պատիժ»-ը, որուն անխուսափելի իրականութեան հետ չէ կրցած հաշտուիլ մարդ արարածը, հակառակ որ այդ տխուր իրականութիւնը ընկերացած է իրեն շատ հինէն` ի սկզբանէ իր գոյութեան: Չէ հաշտուած եւ միշտ ցնցուած է ան սիրելի դէմքի մը կորուստին դիմաց:

Սիրեցեալն Յովսէփին հասած անողոք ու մահացու հարուածէն ցնցուեցաւ ամբողջ յունահայ գաղութը, նաեւ ցնցուեցան բոլոր անոնք, հայ թէ յոյն, որ ճանչցած էին զինք: Մահը ափսոսացին նոյնիսկ անոնք, որոնք թէեւ անձնապէս չէին տեսած ու ճանչցած զինք, բայց լսած էին Յովսէփին անունը եւ տեղեակ` անոր ծաւալած խմբագրական, յօդուածագրական, գրական, մշակութային, միութենական, կուսակցական ու քաղաքական բազմաճիւղ գործունէութեան: Կարելի է պատկերացնել ուրեմն, թէ որքան խորունկ եղած պիտի ըլլայ ցնցումը իր հարազատներուն, կնոջը` Մայտային, դուստրերուն ու քրոջը` Արմիկին, Լոռիին, Ռեբեկային, միւսներուն: Նաեւ` անոնց, որոնք ապրած են իր մտերմութիւնը, գործած են միասին, ազգին հոգերովը տագնապած են միասին, ջերմիկ մթնոլորտի մէջ զբօսնած են միասին, գրեթէ ամէն օր փնտռած են իրարու ներկայութիւնը…

Չսպասուած ու ահռելի հարուածին ազդեցութեանը տակ մեզ խեղդող յուզումէն այսքան օրեր անցած ըլլալով` հիմա կը կարողանանք զսպել ինքզինքնիս եւ իբրեւ վկայութիւն` երկու խօսք ըսել սիրեցեալն Յովսէփի` անխո՛նջ գործիչին եւ անյուսահա՛տ պայքարողի յիշատակին:

Կրկնենք տարրական ճշմարտութիւնը, թէ` «մահէն առաջ կ՛ապրէր ան…»:

Մինչեւ վերջին օրը կ՛ապրէր ան յունահայ օճախին ու ազգին հոգերով, կ՛ապրէր հաւատարմութեամբը իր գաղափարին, կ՛ապրէր ազգային արժէքներու եւ աւանդութեանց կառչածութեամբ, զոհաբերութեան պատրաստակամութեամբ, կ՛ապրէր աշխատանքի մէջ չտկարացող եռանդով եւ իբրեւ ընտանիքի տէր` հայրական հոգածութեամբ:

– Հիւանդատար ինքնաշարժին մէջ կը փորձեմ հանգստացնել զինք, թէ կը հեռախօսեմ Համազգայինի վարչականներուն, որ նոյն իրիկուան համար որոշուած ժողովական հանդիպումը կը յետաձգուի: Յովսէփս վերջին ճիգով մը կ’արգիլէ ինծի այդ հեռախօսը: Կը հաւատայ, թէ բժշկական նախնական քննութենէ ու միջամտութենէ մը ետք պիտի վերադառնայ ու հասնի ժողովին: «Ընելիք գործեր կան, որ անպայման պէտք է կատարուին…»: Իր կինն է` Մայտան, որ կը յայտնէ, թէ հիւանդատարին մէջ վերջնական ուշաթափումէ- զգայազուրկ ըլլալէ առաջ ամուսնոյն վերջին խօսքը եղած է անիկա. «Ընելիք գործեր կան…»: Յովսէ՛փը… միշտ ընելիք գործեր ունեցող:

Ի՞նչ ընենք, այսպէս է տնօրինումը: Կեանք կոչուած հրաշքէն ետք դաժան մահն է, որ ամէն ինչ կ՛անէացնէ եւ մեզի կը թողու անդարձ մեկնողին գործն ու բարեմասնութիւնները միայն:

Յովսէ՜փը եւ իր բարեմասնութիւնները: Այնքա՜ն շատ են անոնք:

Նախակրթարանի ու Ճեմարանի հայակրթութեամբ դրոշմուած` «անուղղելի» ու գլխագիր ՀԱՅՆ էր Յովսէփը, ջերմեռա՛նդ, աւանդապա՛հ, աշխատունա՛կ: Իբրեւ կուսակցական` գաղափարի զինուոր մը` հաստատուն ու անզիջող: Երիտասարդ հասակին` իբրեւ տողաշարի պաշտօնեայ, մէկ անդամը դարձաւ «Ազատ Օր»-ի ընտանիքին եւ անկէ դուրս եկաւ խմբագրապետի հանգամանքով այն տարիքին, երբ մարդիկ հանգստեան կը կոչուին: «Դուրս եկաւ»-ը եւ «հանգստեան կը կոչուին»-ը պարզապէս ըսելու ձեւեր են, որ երբե՛ք չպատշաճեցան Յովսէփին: Ան երբեք «դուրս չեկաւ» «Ազատ Օր»-էն եւ ինքզինք հանգստեան չկոչեց: Միշտ ապրեցաւ «Ազատ Օր»-ով այնպէս, ինչպէս ապրած էր աւելի քան քառասուն տարի:

Կը մտաբերեմ «Ազատ Օր»-ի հին` 1965-75ական թուականները: Երկու-երեք սենեակի տարածքով փոքր ու մութ ստորերկրեայ վայր մը, ուր հասնելու համար քանի մը աստիճան պէտք էր իջնել: Հոն զետեղուած էին թէ՛ տպագրական մեքենան, թէ՛ գրաշարներու համար մեծ սեղանը` իրեն յատուկ կազմածներով եւ թէ՛ խմբագրի գրասեղանը: Այդ վայրին մէջն էր, որ լոյս կը տեսնէր օրաթերթը: Անձրեւոտ օրերուն յաճախ անիկա ջուրով կ՛ողողուէր, եւ անձնակազմը կը լծուէր վայրը ջրազերծելու աշխատանքին: Գործի սկսելու տհաճ միջավայր մը` յատկապէս երիտասարդի մը համար… Այդ անհրապոյր միջավայրին մէջն էր, որ եղերաբախտ մեր ընկերը երիտասարդ տարիքին անքակտելի կապով կապուեցաւ «Ազատ Օր»-ին, ինչպէս որ իրմէ առաջ կապուած էին անոր Վազգէնն ու Ահարոն Ստեփանեանը…

Հետագայ տարիներուն աշխատանքի յարաբերաբար բարելաւ վիճակ մը ունեցաւ «Ազատ Օր»-ը: Հոս եւս «բարելաւ»-ը ըսելու ձեւ մըն է: Հազիւ մէկ ձեռքի մատներու վրայ հաշուըւող սակաւաթիւ անձնակազմով եւ սեփական տպարանէ զուրկ դժուար պայմաններու մէջ, օրը օրին տեղական, միջազգային ու հայկական լրատուութեամբ երկա՜ր տարիներ անխափան հրատարակուեցաւ «Ազատ Օր»-ը: Ամէն օր, առաւօտեան ճշդուած ժամերուն պէտք էր թերթը էջադրուէր, կազմուած ըլլար եւ տարուէր օտարի տպարան, որ չէր կրնար նոյնիսկ կարճ պահով մը «Ազատ Օր»-ին սպասել` իր միւս պարտաւորութիւնները անտեսելով… Օրաթերթի հեւքոտ ու մաշեցնող աշխատանքը բաւարար չեղաւ Յովսէփին գործելու եռանդը յագեցնելու համար, որով եւ ան ձեռնարկեց առանձին հատորներով «բացառիկ թիւ»-երու հրատարակութեանց: Ամէն տարեվերջի կը տքնէր յաջորդ տարուան գեղատիպ օրացոյցերու պատրաստութեան ու հրապարակման համար, ինչպէս նաեւ իր վրայ վերցուցած էր Հայ դատի թէ միութիւններու թռուցիկ-պրոշիւրները, հրաւէր-յայտագիրները պատրաստելու-տպելու պարտականութիւնը: Պատահած են օրեր, երբ ցրուիչի բացակայութեան ինք անձա՛մբ շրջած է տունէ տուն եւ կատարած` ցրւումը, որպէսզի «Ազատ Օր»-ի բարեւը չպակսի հայկական ընտանիքներէ: Հանգուցեալ մեր ընկերոջ համար կարեւոր չէր գործին բնոյթը, միա՛յն գործ ըլլար, կարեւորը գո՛րծն էր, հանրօգո՛ւտ գործը:

Հրապարակային հանդէս` տօնակատարութի՞ւն է: Յաջորդ օրն իսկ անոր արձագանգը կը տեսնուէր «Ազատ Օր»-ի մէջ` լուսանկարներով միասին: Ուշ երեկոյեան վերջացող ձեռնարկին թղթակցութիւնը ե՞րբ կը գրուէր, մանաւանդ ինչպէ՞ս ձեռք կը ձգէր լուսանկարները այն տարիներուն, երբ թուայնացման արհեստագիտութիւն չկար, դժուար չէր կռահել, թէ ի՛նքն է, Յովսէփը, որ միասին աշխատանոց երթալու «պարտադրանքին» տակ դրած է լուսանկարիչը, որպէսզի լուսանկարները տպուին ու յաջորդ օրուան «Ազատ Օր»-ին հասնին:

Ըսուած ու գրուած է արդէն, որ խմբագրական աշխատանքներու զուգահեռ ան երկար տարիներ մաս կազմած է Հայ դատի յաջորդական յանձնախումբերու եւ կեդրոնական կոմիտէներու: Եռեակ հանգամանքներու բերումով, իր գործակիցներուն հետ յաճախ շփումներ ունեցած է լրագրական, ակադեմական եւ պետական-քաղաքական շրջանակներու հետ: Նշելի ու բարացուցական է, որ խմբագրի ու հանրային գործիչի աւելի քան քառասուն տարիներու իր ծառայութեան ընթացքին չէ պատահած, որ երբեւէ «Ազատ Օր»-ի մէջ ինքզինք ցուցադրած կամ առջեւի աթոռներու վրայ գտնուած ըլլայ: Սիրեցեալը միշտ կը փորձէր չերեւիլ, լուսարձակներէ հեռու` վարագոյրի ետեւ մնալ, թէեւ չգիտցող չկար, թէ ան որքա՛ն ներդրում ունեցած է կատարուած աշխատանքներուն մէջ:

Չկար գաղութային մեծ թէ փոքր որեւէ խնդիր, որ իր տեսադաշտէն ու դատումէն դուրս մնար: Նաեւ համահայկական հարցեր կը տագնապեցնէին զինք: Լրագրական ասպարէզի մէջ թրծուած իր հոտառութեամբ կը կռահէր հաւանական «խմորումներ», ըլլալիքներ եւ եզրակացութիւններու կը յանգէր ու քիչ անգամ կը պատահէր, որ սխալէր:

Եղերաբախտ մեր ընկերը իր ներաշխարհին մէջ ստեղծած էր հայու, դաշնակցականի ու միութենական անդամի իւրայատուկ տիպար մը եւ բարձրաձայն կը պահանջէր, որ հանրային պատասխանատուութեան կոչուած ամէն անհատ նմանի ու գործէ ըստ իր ստեղծած այդ մտատիպարին, ինչ որ շատերու կողմէ ատիկա կը նկատուէր չափազանցուած ակնկալութիւն:

Գրեթէ օրընդմէջ կը կապուէինք իրարու եւ շաբաթը գէթ երկու անգամ կը ժամադրուէինք սուրճի եւ բնական է` զրոյցի: Ձմեռ-անձրեւոտ առտու մը կը հեռախօսեմ եւ` «Յովսէ՛փ, պիտի սրճե՞նք»: «Կը ներես, այսօր չեմ կրնար, արդէն ճամբայ ելած եմ դէպի Անաւիսօ, գործեր կան ըլլալիք…»: Աթէնքէն բաւական հեռու ծովափնեայ գիւղաքաղաք մըն է Անաւիսոն, ուր երբեմն «հանգիստի» կ՛երթար ան հանգստեան կոչուելէ ետք: Հանգիստի՞, այն ալ ի՜նչ հանգիստ: Տեղի բնակիչները հաստատելով հան-գուցեալ մեր ընկերոջ գործուն խառնուածքը ու աշխատելու եռանդը` իրեն վստահած էին քաղաքապետարանի մշակութային յանձնաժողովի նախագահութիւնը, որ ընտրովի պաշտօն է, եւ որ մինչեւ իր մահը վարեց ան ձեռնհասութեամբ, արդիւնաւորութեամբ, Համազգայինի ատենապետութեան պաշտօնին զուգահեռ:

Սիրեցեալն Յովսէփի ատենապետութեամբ մշակութային նորովի աշխուժացում ունեցաւ գաղութը եւ Համազգայինը նոր ոստումներ արձանագրեց:

Միութեան արխիւները պիտի վկայեն, թէ իր ատենապետութեան ժամանակաշրջանին որքա՛ն ծաւալուն եղաւ մինչ այդ գրեթէ կազմալոյծ վիճակի մատնուած Համազգային միութեան գործունէութիւնը, եւ որքան լայն շրջագիծ մը բացուեցաւ մշակութային նախաձեռնութիւններու համար… Նորանոր ծրագիրներ կ՛որոճար: Սահմանամերձ քաղաքներու` Ալեքսանտրուփոլիի, Սերեսի ու Ռոտոս կղզիի նախընթացներու նման, կը յուսար Հայաստանէն տարբեր-տարբեր քաղաքներու կամ կղզիներու մէջ հաստատուած հայրենակիցներով նոր մասնաճիւղեր եւս կազմել եւ գործունէութեան առաւել ընդարձակ դաշտ բանալ Համազգայինին առջեւ, որուն նուիրուած էր վերջին տարիներուն հոգւով ու մտքով: Բայց…

Բայց գրուած է եղեր, որ յաւէտ սիրեցեալ մեր ընկերը այսպէս, յեղակարծօրէն ուղեղային անողոք արիւնահոսութիւն մը ունենայ լոգանքի պահուն եւ զգետնուի վերջնականապէ՛ս, անվերականգնելի՛:

Հուսկ, պէտք է արձանագրել նոյնպէս, որ իր ծառայութեան ցուցակին մաս կը կազմէ նաեւ Նէա Զմիռնի քաղաքի հրապարակներէն մէկուն մէջ Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած զանգակ-յուշարձանի զետեղումը: Յուշարձան զետեղելու գաղափարին եւ այդ տարիներու հայասէր քաղաքապետին` Պեհլիվանիտիի համամտութիւնը ապահովելու նախնական աշխատանքին գլխաւոր դերակատարը, շրջանի կոմիտէի անդամի հանգամանքով, երիտասարդ Յովսէփն էր, որմէ ետք այդ ծրագիրը ստանձնեց ու իրագործեց Հայ դատի յանձախումբը:

Սիրեցեա՛լդ իմ Յովսէփ,

Մարդիկ բան մը գիտեն երեւի, որ կը հաւատան հեռազգաց խօսակցութեան: Գիտեմ, որ այդպիսի հաւատալիքները այնքան ալ չէին յուզեր քեզ: Բայց թոյլ տուր, որ անգամի մը համար ես ալ փորձեմ ատիկա` քեզի յայտնելու, որ շատ դառն էր ու անհամ եւ ըստ ամենայնի` մերժելի՛ վերջին անակնկալդ, որուն առջեւ անզօրութեան մատնուեցան Յունաստանի հայօճախը, մանաւանդ` գաղափարի ընկերներդ, մտերիմներդ, որոնք այսօր կ՛ափսոսան քու անժամանակ կորուստիդ համար: Կ՛ափսոսան նաեւ իրենց հաշուոյն, որ զրկուած պիտի մնան քու ներկայութենէդ, ուժականութենէդ, քննադատելու եռանդէդ, մտերմական շրջանակի մէջ դիպուկ ու պատրաստի զուարթաբանութիւններէդ:

Ընկե՛րս, բարեկա՛մս,

Դիւրին չեղաւ այս գրութիւնը: Քու կերպարդ ուրուագծելու այս փորձիս մէջ ու ընթացքին` ամէն մէկ բառ կապարի ծանրութիւնը ունեցաւ հոգիիս վրայ, առանձին զգալու ճնշուածութիւն մը ապրեցայ:

Գաղութը եւ մենք` առանց Յովսէփի՞…

Գրիչս կը դժուարանայ նոյնիսկ աստուծաշնչական խօսք մը արձանագրելու, թէ` «Կեանքի պատերազմը պատուով պատերազմեցար, արդ, քեզի կը մնայ յաւիտենական հանգիստը…»:

Հողը թեթեւ, հանգիստը չսիրող անո՛ւշ ընկեր:

Միհրան Քիւրտօղլեան