«Հորիզոն». – Երկուշաբթի, 29 Յուլիս 2019-ին, Մոնթրէալի Հայ կեդրոնին մէջ, Քանատայի Հայ Դատի Յանձնախումբի ներկայացուցիչներ հանդիպում ունեցան Քանատայի Ժառանգութեան եւ Մշակոյթի նախարար տիար Փապլօ Ռոտրիկէզի հետ: Մէկ ժամուան տեւողութեամբ հանդիպումին քննարկուեցան Հայ Դատի Յանձնախումբին յառաջիկայի ծրագիրները, այլ համայնքներու հետ փոխ յարաբերութիւններու ընթացքը, Հայաստան-Քանատա երկկողմանի յարաբերութիւններնն ու քաղաքական գետնի վրայ յանձնախումբին առաջնահերթութիւնները:

Նախարար Փապլօ բարձր գնահատեց Քանատայի հայ համայնքին ներդրումը՝ զանազան ոլորտներու մէջ, ինչպէս նաեւ նախարարութեան յառաջիկայ ծրագիրներուն մասին մանրամասն տեղեկութիւններ փոխանցեց: Երկու կողմերը խոստացան շարունակել գործակցութիւնն ու երկխօսութիւնը՝ քննարկուող հարցերն ու քանատահայ համայնքին վերաբերող ծրագիրները հետապնդելու ի խնդիր:

Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Քանատայի Հայ Դատի Յանձնախումբի ներկայացուցիչ Մհեր Գարագաշեան, Հայ Դատի Օթթաուայի գրասենեակի գործավար Սեւակ Պէլեան եւ Հայ Դատի Շրջանային Յանձնախումբի անդամ Յարութ Դաւիթեան: