ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակը կը հաղորդէ, որ իր  նախաձեռնութեամբ, Արցախի Շահումեանի շրջանը ներկայացնող պատուիրակութիւնը այցելած է Պելճիքայի Ալսթ քաղաք:

Պատուիրակութիւնը Ալսթ քաղաքի աւագանիի անդամներուն կողմէ հրաւիրուած էր մասնակցելու տարեկան «Փիքքելինկ» փառատօնին (որ  Ֆլանտրիոյ շրջանի ամէնէն յայտնի միջազգային ֆոլքլորային փառատօնն է), ինչպէս նաեւ ներկայ ըլլալու 26-էն 29 Յուլիսին քաղաքին մէջ տեղի ունեցող մշակութային եւ մարզական ձեռնարկներուն:

Արցախի պատուիրակութեան կազմին մէջ էին Շահումեանի շրջանի վարչական կազմի ղեկավար Գագիկ Մարտիրոսեան եւ Քարվաճառի քաղաքապետ Սերկէյ Չիլինգարեան: Պատուիրակութեան կ՛ընկերակցէին Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեան, գրասենեակի գործադիր տնօրէն Հեղինէ Էվինեան եւ ծրագիրներու ղեկավար Աշխէն Ֆիքսովա:

Փառատօնի պաշտօնական բացման արարողութեան ժամանակ Ալսթի առաջին փոխքաղաքապետ Քարիմ վան Օվերմեյրէ, որ երկու անգամ այցելած է Արցախ, ողջունած է Արցախէն պատուիրակութեան ներկայութիւնը:

Արցախի պատուիրակութիւնը ունեցած է շարք մը հանդիպումներ, որոնց շարքին` Ալսթի աւագանիի տարբեր կուսակցութիւններ ներկայացնող անդամներուն հետ: 29 Յուլիսին պատուիրակութիւնը հիւրընկալուած է Ալսթի քաղաքապետ Քրիստոֆ Տըհազի կողմէ: Հանդիպումի ընթացքին  քննարկուած են շարք մը հարցեր արդիւնաւէտ կառավարման, մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան մարզերուն մէջ փորձառութեան փոխանակման վերաբերեալ:

Շեշտելով Արցախի ժողովուրդին համար ապակեդրոնացած համագործակցութեան խիստ կարեւորութիւնը` ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբի նախագահ Գասպար Կարապետեան նշած է. «Արցախի համար այսպիսի յարաբերութիւններու ստեղծումը կարեւոր նշանակութիւն ունի Ազրպէյճանի կողմէ պարտադրուած մեկուսացման քաղաքականութիւնը կասեցնելու եւ երկու հասարակութիւններուն միջեւ համագործակցութեան հիմք ստեղծելու համար: Մենք երախտապարտ ենք մեր ընկերներուն, որոնցմէ է Քարիմ վան Օվերմեյրէն, մեր հասարակութիւններուն միջեւ կամուրջ հանդիսանալու համար»:

Կարապետեան աւելցուցած է. «Մարդու իրաւունքները բոլորին համար նոյնն են` անկախ երկրի պաշտօնական կարգավիճակէն: Արցախի ժողովուրդին իրաւունքն է յարաբերութիւններ հաստատել միջազգային հանրութեան հետ եւ ինքզինք զգալ անոր լիարժէք անդամ»:

Այցելութիւնը հարուստ էր նաեւ մշակութային ձեռնարկներով: Փառատօնին մասնակցելէ բացի պատուիրակութեան անդամները առիթ ունեցած են ծանօթանալու Ալսթ քաղաքի պատմութեան, այցելելու քաղաքի պատմական վայրեր:

Երկու քաղաքներու ներկայացուցիչները մտադիր են ապագային  զարգացնել մշակութային համագործակցութիւնը: