ՄԱԿ-ի մօտ Սուրիոյ մնայուն բանագնաց դոկտ. Պաշշար ալ Ճաաֆարիի նախագահութեամբ՝ Սուրիոյ Հանրապետութեան պատուիրակութիւնը Ղազախստանի Նուր Սուլթան մայրաքաղաք  ուղղուեցաւ, մաս կազմելու Սուրիոյ տագնապին շուրջ խորհրդակցութեան 13-րդ նիստին:

Նիստին Ռուսիոյ, Իրանի եւ Թուրքիոյ միջեւ խորհրդակցութիւն տեղի պիտի ունենայ Իտլիպի ճակատագիրին շուրջ: Քաղաքը մինչեւ այսօր զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներու վերահսկողութեան տակ կը մնայ:

Հաւանական է, որ սոյն նիստին Անգարայի վրայ ճնշում բանեցուի՝ որպէսզի Սոչիի մէջ Ռուսիոյ հետ իր համաձայնագիրը գործադրէ՝ Իտլիպի մէջ զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներուն աջակցութիւնը դադրեցնելով եւ սուրիական տարածքներէն թրքական ուժերը դուրս բերելով: