Կը կարդամ Արմինէ Աւետիսեանի յօդուածը խառն զգացումներով։ Հնդիկները այլեւս համալսարանի ուսանողներ չեն միայն Երեւանի մէջ։ Անոնք շահագրգռուած ներգաղթողներ են։ Անոնք կ’ուզեն ապրիլ մեր երկրին մէջ։ Անոնք կը սիրեն մեր երկիրը։ Զայն կը նախընտրեն։ Կ’ուզեն նոր արմատներ նետել հոն։ Աճիլ և բազմանալ։ Եւ 2017-էն ի վեր, Հայաստանի կառավարութիւնը հաստատած է վիզայի յատուկ ռեժիմ մը իրենց համար, որպէսզի դիւրացնէ իրենց մուտքը։

Յօդուածագիրը կ’ըսէ, թէ անցեալ տարուան մօտ 1.500 հոգիին դիմաց այս տարուան ներհոսքը արդէն մօտ 9.000 հոգի կը ներկայացնէ։

Այս տողերը կը գրեմ ըսելու համար հետեւեալը։ Օտարազգիներու գաղթը դէպի Հայաստան դիւրաւ կուլ գացող երեւոյթ մը չէ Սփիւռքի հայուն համար, հակառակ այն իրողութեան, որ ամէն սփիւռքահայ փաստօրէն կը վայելէ օտար երկրի մը (կամ երկիրներու) ասպնջականութիւնը…Մենք մտահոգ ենք մեր երկրի լինելիութեան (viability) հարցերով։ Մենք մտահոգ ենք մեր հայրենակիցներու ծաւալուն արտագաղթով, որ լայնօրէն հետեւանքն է մեր երկրի տնտեսութենէն ներս ամրացած մենաշնորհային համակարգին։ Մենք մտահոգ ենք մեր ժողովուրդին համատարած աղքատութեամբ։ Մենք մտահոգ ենք մեր երկրին պաշտպանական ոլորտի լուրջ բացերով։ Օտարազգիներու աճող գաղթը մեզ կ’անհանգստացնէ բոլոր այս կնճիռներու բարդ փոխազդեցութեամբ։

 

Իմ ասպարէզին բերումով, ես մօտէն շփուած եմ հնդիկներու հետ։ Ունեցած եմ գործընկերներ եւ ունիմ ազնուասիրտ բարեկամներ։ Կը սիրեմ հնդկական մշակոյթը։ Մեծ յափշտակութեամբ ուսումնասիրած եմ Կանտիի շարժումը։ Իմ երիտասարդութեան իտէալը եղած է Ժաւահարլալ Նեհրուն։ Բայց չեմ դադրիր անհանգստութեամբ նայիլ հնդկական այս գաղթին։

 

Եւ այստեղ պիտի խոստովանինք, որ այս անհանգստութիւնը կը բխի ոչ այնքան ներգաղթող օտարազգիներու հանդէպ խտրականութեան զգացումէ, այլ մեր երկրի լինելիութեան բացերէն։ Ըլլանք անկեղծ մէկզմէկու հետ և խօսինք բաց բնագիրով։ Առայժմ մենք այն երկիրը չենք, որ կարենայ հանգիստ սրտով եւ մանաւանդ հանգիստ խիղճով իր դռները լայնօրէն բանալ օտարազգիներու գաղթին առջեւ։ Եւ կը խնդրեմ՝ զիս խնայեցէք բարոյական դասերէ։ Չկայ երկիր աշխարհի վրայ, որ չունենայ ներգաղթի իր յատուկ քաղաքականութիւնը հիմնուած իր ազգային նեղ շահերու փաթեթին վրայ։ Մենք անհանգիստ ենք, քանի որ յստակ չէ, թէ ի՞նչ է Հայաստանի Հանրապետութեան ազգային քաղաքականութիւնը օտարազգիներու ներգաղթի հաշուարկուած համեմատութիւններուն մասին։

 

Ներգաղթի երեւոյթը կարելի չէ կառավարել առանց համապարփակ քաղաքականութեան։ Ընդամէնը երեք միլիոն հաշուող բնակչութեամբ, որուն վերարտադրական տոկոսները լրջօրէն խնդրայարոյց կը մնան (վերոյիշեալ բոլոր գործօններով) և որ կը դիմագրաւէ Թուրքիոյ և Ատրպէյճանի մեծ սպառնալիքները, մեր երկիրը պիտի անպայման հաշուի նստի ներգաղթի իրականութեան հետ և խստօրէն մանրակառավարէ (micro-manage) իր կեանքին այս կնճռոտ ոլորտը։

Այստեղ խտրականութեան և ցեղապաշտութեան նկատումներ չկան։ Այստեղ մակերեսային ժողովրդավարութեան լոզունգներուն համար տեղ չկայ։ Աշխարհակարգը այնպիսին չէ, որ մարդ արարածը ունենայ տիեզերական անօտարելի իրաւունք իր ուզած երկրին մէջ անկաշկանդ հաստատուելու։ Հայաստանը՝ ի՛նք պիտի որոշէ, թէ որոնք են իր տրամաբանական սահմանները այս հարցին մէջ։

Պիտի փափաքէի, որ այս հարցը քննարկուէր լայն մասնակցութեամբ։ Կը հրաւիրեմ բոլորդ ձեր դատողութիւնը փոխանցելու՝ կանխայայտ շնորհակալութեամբ:

Կարօ Արմէնեան