Երեքշաբթի, 12 Օգոստոսին, Ուրֆայի Հայրենակցական Միութեան Վարչութիւնը շնորհաւորական այցելութիւն մը տուաւ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեանին։

Վարչութեան ատենապետ տիար Յովսէփ Գասապեան ներկայացուց միութեան աշխատանքներուն բնոյթն ու նպատակը, ծանօթացուց վարչական կազմն ու միութեան անունով բարի գալուստ եւ յաջողութիւն մաղթեց սրբազան հօր։
Իր կարգին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը շնորհակալութիւն յայտնելով ներկաներուն իր գործակցութեան պատրաստակամութիւնը յայտնեց, գնահատելով վարչութեան տարած աշխատանքը։

Աւարտին, վարչութիւնը սրբազան հօր նուիրեց Ուրֆայի պատմութեան երկհատոր գիրքը եւ միութեան յուշանուէրներէն օրինակ մը։