Չորեքշաբթի, 14 Օգոստոս 2019-ի երեկոյեան ժամը 8։00-ին, Գամիշլիի Առաջնորդական փոխանորդի տեղապահ Արժ. Տէր Պսակ Քհնյ. Պէրպէրեանի գլխաւորած Ազգային պատուիրակութիւնը, որուն մաս կը կազմէին Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ նորակազմ թաղականութեան, Ազգային Եփրատ վարժարաններու հոգաբարձութեան ներկայացուցիչները եւ տնօրէնները, ինչպէս նաեւ միութիւններու ներկայացուցիչները, շնորհաւորական այցելութիւն մը տուաւ Գամիշլիի նորանշանակ քաղաքապետին։
Պատուիրակութեան անդամները փոխանցեցին նաեւ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեանի շնորհաւորանքը։ Ապա անոնք քաղաքապետին ծանօթացուցին Գամիշլիի մէջ գործող հայ առաքելական եկեղեցւոյ եւ ազգային վարժարաններու պատասխանատու մարմիններն ու անոնց գործունէութիւնը։
Քաղաքապետը ջերմօրէն ընդունեց պատուիրակութիւնը եւ շնորհակալութիւն յայտնելով բարձրօրէն գնահատեց այս դժուարին տարիներուն եռանդով գործող հայ համայնքը։

Իր կարգին, թաղականութեան անունով բժշկ. Սերոբ Բագրատեան շեշտեց գամիշլիահայութեան անսակարկ նուիրումը Սուրիական Հայրենիքին, զօրակցութիւնը վսեմաշուք նախագահին եւ սուրիական յաղթական բանակին, դիտել տալով որ հայերը, որպէս հաւատարիմ սուրիացիներ կը գործեն ի նպաստ Սուրիական Հայրենիքի վերելքին եւ բարգաւաճման։

Անդրադառնալով վարժարաններու ներկայ իրավիճակին, Ազգային Եփրատ նախակրթարանի տնօրէնուհի, փաստաբանուհի Լուսին Աւետիսեան ամփոփ զեկոյցով ներկայացուց վարժարաններու կրթադաստիարակչական աշխատանքն ու դիմագրաւած դժուարութիւնները։ Աւարտին, ներկաները յիշատակի խմբային նկար մը ունեցան։