«Ապառաժ».- ՀՅ Դաշնակցութեան Ստեփանակերտի կառոյցի անդամները 15 Օգոստոսին հանդիպած են ՏԻՄ (Տեղական Ինքնակառավարման Մարմիններ)ու ընտրութիւններուն Ստեփանակերտի քաղաքապետի պաշտօնին առաջադրուած ԱՀ Պաշտպանութեան Բանակի հրետանային զօրամասերէն մէկուն նախկին հրամանատարին, գնդապետ Գրիգորի Սահակեանի հետ:
Հանդիպումին մասնաւորապէս կը մասնակցէին ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէի անդամները, Ազգային ժողովի «Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան պատգամաւորները, Ստեփանակերտի կոմիտէի եւ երիտասարդական միութեան անդամները, ինչպէս նաեւ կայանալիք ՏԻՄ ընտրութիւններուն Դաշնակցութեան կողմէն առաջադրուած աւագանիի թեկնածուները՝ Արմէն Յովսէփեան, Տրդատ Մարտիրոսեան, Սիրանոյշ Սարգսեան եւ Հայկ Մոսիյեան:
Հանդիպման ընթացքին Գրիգորի Սահակեան ոլորտ առ ոլորտ ներկայացուցած է իր նախընտրական ծրագիրը: Դաշնակցութեան Արցախի կառոյցի անդամներն ալ իրենց աջակցութիւնը յայտնած են Սահակեանին` յայտարարելով, որ Դաշնակցութեան կողմէն առաջադրուած աւագանիի թեկնածուները քարոզարշաւի ընթացքին պիտի ուղեկցին անոր: