«Էրմէնիհապեր».-Վրացական «MediaChecker» հարթակը ուսումնասիրած է վրացերէն, ռուսերէն եւ անգլերէն հրապարակումներով հանդէս եկող «քավքազ Պլիւս» (ge.kavkazplus.com) լրատուական կայքը (որ ի դէպ կը ներկայանայ որպէս համակովկասեան հասարակական-քաղաքական առցանց թերթ) եւ վերլուծական քննութեան ենթարկած է հոն հրապարակուող նիւթերը:
Վրացական հարթակին վերլուծական յօդուածին հեղինակը եզրակացուցած է, որ «քավքազ Պլիւս»-ը պարբերաբար հրապարակած է էթնիկ հայերու մասին այլատեացութիւն եւ խտրականութիւն բովանդակող յօդուածներ: Նշուած է, որ կայքը նմանատիպ հրապարակումներով նպատակ հետապնդած է հայ ժողովուրդի մասին կարծրատիպեր ստեղծել, խտրականութիւն տարածել եւ հայ ու վրացի ժողովուրդներուն միջեւ թշնամութիւն սերմանել: Ըստ MediaChecker-ին, այդ կայքին մէջ հրապարակուած հակահայկական նիւթերու ճնշող մեծամասնութիւնը անհիմն են , եւ 2016-էն առ այսօր «քավքազ Պլիւս»-ի կողմէն հրապարակուած են հայատեաց բովանդակութեամբ հարիւրաւոր նիւթեր:
Նշեալ կայքին մէջ հրապարակուած նիւթերու հաւաստիութեան մասին MediaChecker-ի լրագրողը մասնաւորապէս շեշտած է. «Առանց փաստերու եւ հիմնաւորումներու նիւթեր պատրաստելը եւ հրապարակելը այս կայքի աշխատելաոճն է»:
Նիւթին հեղինակը «քավքազ Պլիւս»-ի մէջ հրապարակուած հակահայկական յօդուածներէն հատուածներ բերած է` այդ օրինակներուն վրայ ցոյց տալով, թէ ինչպէս կայքը Վրաստանի մէջ տեղի ունեցող տարբեր իրադարձութիւններուն փորձած են գտնել հայկական հետք: Վրաց լրագրողին համաձայն, «քավքազ Պլիւսը» այդ հրապարակումներով հայերուն ներկայացուցած է որպէս Վրաստանի թշնամիներ` նպատակ հետապնդելով արհեստականօրէն թշնամանք սերմանել 2 ժողովուրդներու եւ երկիրներու միջեւ:
Կայքի գործունէութիւնը վերլուծող լրագրողը հետեւեալ եզրակացութիւնը ըրած է. «Քավքազ Պլիւս»ի մէջ հրապարակուած նիւթերը սխալ կը մեկնաբանեն իրադարձութիւնները, կ’աղաւաղեն փաստերը եւ անհիմն զուգահեռներ կը կատարեն: Այդպիսով տպաւորութիւն կը ստեղծուի, որ կայքի նպատակը էթնիկ հայերու նկատմամբ խտրականութիւն եւ այլատեացութիւն հրահրելն է»:
Նշենք, որ ըստ «Արմենփրէս»-ի մէջ տեղ գտած յօդուածով պարզուած է, որ իրականութեան մէջ Kavkazplus.com կայքը ատրպէյճանական է:
Կայքի ուսումնասիրութենէն պարզուած է, որ Google Analytics-ի մէջ գրանցուած է UA-38418329 ծածկագիրին տակ: Նշուած հաշիւը գրանցուած է mvusal@gmail.com ել. հասցէով, որ դիմատետրի որոնման համակարգին մէջ, իր կարգին, azvision.az կայքի գլխաւոր խմբագիր Վուսալ Մամետովի էջին հետ կ’ընկերանայ: