Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեան, Քեսապ ուխտի իր այցելութեան շրջագիծէն ներս, Կիրակի, 18 Օգոստոսի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Վերափոխման տօնին առիթով այցելեց նաեւ Քեսապի հայ Կաթողիկէ Համայնքի Ժողովրդապետութիւն։
Սրբազան հօր կ՚ընկերակցէին Տէր Նարեկ Քահանայ Զերենցեան, Տէր Մաշտոց Աւագ Քահանայ Արապաթլեան, Ազգ. Վարչութեան ներկայացուցիչ Գուրգէն Գալուստեան եւ Քեսապի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղականութեան ատենապետ Աբրահամ Կարճիկեան։
Սրբազանը դիմաւորուեցաւ Հոգեշնորհ Հայր Նարեկ Վարդապետ Լուիսեանի կողմէ։ Հանդիպումին ներկայ էին նաեւ հայ կաթողիկէ համայնքի ներկայացուցիչներ, ժողովականներ։
Եկեղեցւոյ մէջ միասնական աղօթքէն ետք, հայր Նարեկ անդրադարձաւ համալիրի պատմութեան, դիտել տալով, որ կառոյցը պատմականօրէն պատկանած է լատին համայնքին, սակայն 1939-էն վերջ փոխանցուած է հայ կաթողիկէ համայնքին։ Ապա ներկայացուց ահաբեկչական արարքներուն հետեւանքով եկեղեցւոյ կրած վնասները, որոնք համայնքի զաւակներուն ջանքերով վերականգնուած են։
Այնուհետեւ ներկաները շրջեցան վանքի յարակից մասերուն մէջ։
Ապա ժողովրդապետը իր ողջոյնի խօսքը արտասանեց, բարի գալուստ մաղթելով ներկաներուն։

Սրբազան հայրը իր կարգին ողջունեց Քեսապի հայ համայնքներու ներկայացուցիչներուն գործակցութեան մթնոլորտը եւ միասնական կեցուածքները։
Ապա ներկաները արծարծեցին շրջանը յուզող հարցեր, քննարկումներ կատարեցին եւ որոշեցին համայնքապետներու մակարդակով հետապնդել արծարծուած հարցերուն լուծման միջոցները։